Անհրաժեշտ է Երուսաղէմի կրօնական ու միջազգային նկարագիրը պահել՝ յարգելով իւրաքանչիւր կրօնի իրաւունքները - Արամ Ա. Կաթողիկոս

By Asbarez | Saturday, 20 January 2018

0000YEKIBDOS

Մեր երէկուան թիւով փոխանցած էինք Արամ Ա. կաթողիկոսին Եգիպտոս մեկնելուն, Եգիպտոսի մէջ Երուսաղէմի հարցին շուրջ կազմակերպուած միջազգային համագումարին մասնակցելուն լուրը եւ այնտեղ, Չորեքշաբթի առաւօտուն անոր ունեցած ելոյթին ամփոփ բովանդակութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն ելոյթը՝ առաւել մանրամասն կերպով.

Առաջին նիստին խօսք առնելով, Արամ Ա. շեշտեց, թէ <<անհրաժեշտ է յարգել միջազգային օրէնքին տուեալները եւ պատմութեան ընթացքին նուիրագործուած աւանդութիւնները՝ Երուսաղէմը նկատելով սուրբ քաղաք միաստուածեան երեք կրօններու>>: Ապա վեհափառը հետեւեալ կէտերուն մէջ ամփոփեց իր տեսակէտները.

  1. Անհրաժեշտ է միջազգային համայնքին յիշեցնել, որ Երուսաղէմի գրաւումը Իսրայէլի կողմէ լայն չափով այլափոխեց Երուսաղէմի նկարագիրը եւ ներքին դրուածքը՝ յառաջացնելով իսլամ ու քրիստոնեայ բնակչութեան մօտ արտագաղթ եւ նոյնիսկ խախտելով յիշեալ երկու կրօններու իրաւասութիւնները սրբատեղիներուն առնչուած, հակառակ միջազգային համայնքին եւ ՄԱԿի որոշումներուն:
  2. Միակողմանի որոշումներ եւ մենատիրական տեսակէտներ Երուսաղէմի գծով՝ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող եւ քրիստոնէութեան ու իսլամութեան ներկայութիւնը հարցականի տակ դնող, երբեք չեն նպաստեր շրջանին մէջ ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն յառաջացնելու ձգտող ճիգերուն:
  3. Երուսաղէմի նկատմամբ քաղաքական որեւէ մօտեցում կրնայ աւելի բարդացնել եւ սրել ներկայ տագնապը: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ապաքաղաքականացնել Երուսաղէմի հարցը՝ Երուսաղէմը նկատելով մայրաքաղաքը միաստուածեան երեք կրօններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաք՝ իսրայէլեան եւ պաղեստինեան վարչական միացեալ հովանաւորութիւնը վայելող:
  4. Երուսաղէմը դարերու ընթացքին եղած է երեք միաստուածեան կրօններու համագոյակցութեան քաղաք: Հակառակ երբեմն յառաջացող ներքին զգայնութիւններուն՝ սրբատեղիներու նկատմամբ անոնց ունեցած իրաւասութեանց շրջագիծին մէջ, անոնք միշտ յանձնառու եղած են միջազգային ճանաչում ունեցող իրենց իրաւասութեանց իրավիճակին պահպանման: Արդ, ինչ ալ ըլլայ Երուսաղէմի նկատմամբ առնուելիք որոշումը խաղաղութեան հոլովոյթի ծիրին մէջ, երեք կրօններու իրաւասութիւնները ճշդող իրավիճակը պէտք է պահել:
  5. Իբրեւ նախկին ատենապետ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին (ԵՀԽ), կ՛ուզեմ յայտնել, որ ԵՀԽի հիմնադրութենէն, 1948էն սկսեալ, Երուսաղէմի հարցը խորհուրդի օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ գրաւած է: Խորհուրդին մօտեցումը եղած է համապատասխան ՄԱԿի որոշումներուն. այլ խօսքով, սուրբ քաղաքը նկատած է եբրայական, քրիստոնէական ու իսլամական կրօններու միացեալ սուրբ քաղաքը:

6 Երուսաղէմը միշտ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցած է քրիստոնէութեան համար՝ իբրեւ սուրբ քաղաք: Հոն կը գտնուին Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան առնչուած կարեւոր վայրերը: Երուսաղէմի մէջ հաստատուեցաւ առաջին քրիստոնէական եկեղեցին. Երուսաղէմէն ճառագայթեց քրիստոնէութեան լոյսը: Հետեւաբար, Երուսաղէմը պէտք է իր քրիստոնէական նկարագիրը պահէ անաղարտ, հոն պէտք է այցելեն բոլոր քրիստոնեաները՝ առանց դժուարութեան ու խտրութեան:

7 638 թուականէն սկսեալ հայ եկեղեցին ներկայութիւն եղած է Երուսաղէմի մէջ իր ժողովուրդով, եպիսկոպոսով ու հոգեւորականներով: 1311ին Եգիպտոսի Սուլթանը Երուսաղէմի հայ եպիսկոպոսին տուաւ պատրիարք տիտղոսը եւ ներկայ պատրիարքը 97րդն է Երուսաղէմի հայոց: Հայոց պատրիարքութիւնը Երուսաղէմի մէջ ունի եկեղեցիներ ու սրբատեղիներ եւ այլ համայնքներու շարքին՝ իր իրաւասութիւնները, միջազգային օրէնքով ճանչցուած: Մեր ժողովուրդը կը շարունակէ թիկունք կանգնիլ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան՝ պահպանելու իր իրաւունքները սուրբ քաղաքին մէջ:

Եզրակացնելով իր խօսքը՝ վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց, որ անհրաժեշտ է հեռու մնալ միակողմանի մօտեցումներէ եւ պահել Երուսաղէմի միջազգային ու կրօնական նկարագիրը: Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց միաստուածեան կրօններուն միջազգային համայնքին հետ միասնաբար աշխատելու, որպէսզի Երուսաղէմը դառնայ խաղաղութեան ու արդարութեան քաղաք՝ հաւատարիմ իր հոգեւոր ու պատմական կոչումին:

Յայտնենք, որ միջազգային համագումարին կը մասնակցին աւելի քան 300 կրօնական, պետական, քաղաքական ու ակադեմական բարձրաստիճան պատասխանատուներ՝ գլխաւորութեամբ Եգիպտոսի ու Պաղեստինի նախագահներուն:

 



comments

Advertisement