Արամ Ա. հանդիպում ունեցաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ պետ Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին հետ

By Asbarez | Tuesday, 23 January 2018

0000GHBDI

Գահիրէ ժամանումէն անմիջապէս ետք Արամ Ա. վեհափառը հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի եկեղեցւոյ պետ Թաուատրոս Բ. պատրիարքին հետ: Ապա, հանդիպումին միացաւ Մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ՝ Պշարա Ռաաի պատրիարքը: Երկու եկեղեցիներու պատուիրակութեանց ներկայութեան տեղի ունեցաւ յիշեալ հանդիպումը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի ու եկեղեցիներու գործակցութեան հետ առնչութիւն ունեցող հարցեր:

Խաղաղութեան հարցին շուրջ «Ազհար» իսլամական կեդրոնին կազմակերպած միջազգային համագումարի շրջագիծին մէջ, վեհափառը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ յատկապէս համագումարին մասնակցող պետութիւններու, իսլամական կեդրոններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

Հայրապետը Գահիրէ կեցութեան ընթացքին նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպաններուն հետ:

Նշենք, որ Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ Ազգային իշխանութիւնը ի պատիւ վեհափառին ընթրիք մը սարքեցին հայրապետին իջեւանած պանդոկին մէջ:


comments

Advertisement