Այդ սոսկալի արարքը չի խոչընդոտեր Րաֆֆին՝ առանց սահմանափակումներու շարունակելու իր ուղին - Թիւֆենկեան Հիմնադրամ

By Asbarez | Thursday, 08 March 2018

0308tufenkian

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ՝ <<ԹՈՒՖԷՆՔԵԱՆ>> ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ

 

Հանրութեան մէջ արդէն յայտնի է, որ անցեալ շաբաթ, մարդասիրական առաքելութեամբ Լիբանան իր այցին ընթացքին, դաժան ծեծի ենթարկուած է յայտնի հայ գրող, հրապարակախօս եւ հանրային գործիչ Րաֆֆի Տուտագլեանը: Մենք կը գրենք՝ յայտնելու համար մեր խիստ մտահոգութիւնը Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասի սիրտին մէջ կատարուած այս նենգ յարձակման վերաբերեալ:

Գոյութիւն ունին ապացոյցներ, որ կատարուածը պատահական բռնարարք չէր: Ընդհակառակը, առկայ ապացոյցները ցոյց կու տան, որ յարձակումը եղած է կանխամտածուած, իսկ Րաֆֆին՝ անոր թիրախը: Պարզ բացատրութիւն չկայ առ այն, թէ որո՛ւն կողմէ եւ ինչո՛ւ կատարուած է ատիկա:

Իբրեւ մտահոգ մասնաւոր քաղաքացի, Րաֆֆին պարբերաբար կը գրէ հայ հանրութեան առջեւ ծառացած հասարակական դժուարութիւններու, անհաւասարութիւններու եւ անարդարութիւններու մասին: Այդ յօդուածները լայն տարածում ստացած են, եւ աներեւակայելի չէ, որ այս գրութիւններն իսկ յանգեցուցած են Րաֆֆիի հանդէպ բռնարարքին: Եթէ իսկապէս այդպէս է, ուրեմն այս յարձակումը ծանր մտահոգութեան հարց է բոլորիս համար: Խօսքի ազատութիւնը մարդու հիմնարար իրաւունք է, եւ մեզի համար անընդունելի է, որ ոեւէ անձ, կամ անձերու խումբ, կրնայ ընտրել բռնութեան ուղին՝ սեփական անհամաձայնութիւնը կամ առարկութիւնները բարեկիրթ բանավէճի միջոցով արտայայտելու փոխարէն:

Կատարուածը մեզի համար յատկապէս մտահոգիչ է Րաֆֆիի աշխատանքային դիրքին եւ գործունէութեան ծիրին մէջ: Իբրեւ <<Թուֆէնքեան>> հիմնադրամի տնօրէն՝ Րաֆֆին մեծապէս նպաստած է Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան զօրեղացման մեր նպատակի իրականացման եւ Արցախի մէջ տնտեսական եւ ենթակառուցուածքային զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրագործման: Աւելին, անոր ջանքերը ազնուօրէն կը ծառայեն արդար, յառաջադէմ եւ ապահով հայրենիքի մեր ընդհանուր տեսլականին:

Մենք կ՛ակնկալենք, որ այս յանցագործութեան նկատմամբ իրաւասութիւն ունեցող մարմինները պիտի իրականացնեն համապարփակ հետաքննութիւն եւ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկեն յանցանքին պատասխանատուները: Նման յանցաւոր գործողութիւնները պէտք չէ թոյլատրելի ըլլան մեր հայ համայնքին մէջ:

Միեւնոյն ժամանակ, մենք կը շարունակենք խրախուսել Րաֆֆիի ներգրաւուածութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան մէջ: Յոյսով ենք, որ այս սոսկալի արարքը չի խոչընդոտեր անոր ազատօրէն եւ առանց սահմանափակումներու շարունակելու իր ուղին: Մենք Րաֆֆիին արագ ապաքինում կը մաղթենք:

 

<<ԹՈՒՖԷՆԿԵԱՆ>>

ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ

ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐՈՒ

ԽՈՐՀՈՒՐԴ, ԼՂՀ ԾՐԱԳԻՐ

 

7 Մարտ 2018

 



comments

Advertisement