Առի. Արցախի Վերաբնակեցման Եւ Ազդեցիկ Ներդրումներու Լաւագոյն Օրինակը

By Aztag Daily | Sunday, 11 March 2018

Քաշաթաղի եւ Շահումեանի  վերաբնակեցման եւ Արցախի գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակով 2010-էն ի վեր Արցախի մէջ ապրող բնակչութեան վարկեր տրամադրող Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցը (ԱՌԻ), որուն այսօր մաս կը կազմեն 200 բաժնետէրեր` Լիբանանէն, Արցախէն, Սուրիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քուէյթէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Անգլիայէն, Ռուսիայէն եւ Աւստրալիայէն, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018-ին, Պէյրութի մէջ ԱՌԻ պիտի գումարէ իր ընդհանուր ժողովը` ներկայութեամբ Արցախի պետական նախարար Արա Յարութիւնեանի: Ընդհանուր ժողովէն ետք ԱՌԻ-ին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ընկերակցութեամբ` Ա. Յարութիւնեանի, պիտի այցելէ Սիտնի եւ Մելպուռն, ուր հանդիպումներ պիտի ունենան շուրջ 80 աւստրալահայ ներդրողներու հետ` անոնց ներկայացնելու ԱՌԻ-ի գործունէութիւնը` նոր ներդրողներ ունենալու յոյսերով:

ԱՌԻ-ի աշխատանքներուն մասին իր կատարած հետեւողական անդրադարձին շրջագիծին մէջ «Ազդակ», կազմակերպութեան գումարելիք ընդհանուր ժողովին նախօրեակին դարձեալ կ՛անդրադառնայ ԱՌԻ-ի առաքելութեան`  ըլլան անոնք ընթացիկ աշխատանքներ, թէ ապագայ ծրագիրներ:

Այս մասին մանրամասն տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ ԱՌԻ-ի հիմնադիրներ եւ վարչական խորհուրդի անդամներ` Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, Մասիս Ալեքսանդրեանի եւ Վահան Գասարճեանի հետ:

Վ. Գասարճեան հաստատեց, որ ԱՌԻ-ի աշխատելակերպը ներդրումային է, եւ անիկա եղած է այն յաջող նախաքայլը, որ Արցախի պետութիւնը մղած է մտածելու` Արցախը վերածելու ազդեցիկ (Impact investment) ներդրումներու վայրի: Ան նշեց, որ ԱՌԻ ձեռնարկութիւն մըն է, որ միաժամանակ ազգային նպատակներ կ՛իրագործէ եւ շահաբեր ծրագիր մըն է` ներդրումներ կատարողին համար:

Վ. Գասարճեան հաստատեց, որ ԱՌԻ-ի գործակցութիւնը ուղղակի Արցախի պետութեան հետ է, եւ այդ աշխատանքը կատարեալ բծախնդրութեամբ ու հեզասահ կերպով կ՛ընթանայ ե՛ւ Արցախի պետութեան ե՛ւ ներդրողներուն միջեւ: «Անշուշտ աշխատանքի յաջողութիւնը կը կայանայ ներդրողներուն վարկերու ճշգրիտ օգտագործումը երաշխաւորող Արցախի պետութեան եւ ներդրողներուն շահերը բծախնդրութեամբ ապահովումին մէջ: Այս բոլորին զուգահեռ, կան նաեւ Արցախի մէջ ապահովուած գիւղատնտեսութեան զարգացումն եւ աճը, որ ինքնին շօշափելի փաստ մըն է այդ յաջողութեան», շեշտեց ան:

Իր կարգին, Ստեփան Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ ազդեցիկ ներդրումային ծրագիրի առումով, ԱՌԻ-ն փաստած է, որ Արցախի մէջ կարելի է ներդրում կատարել: «Այս մէկը կարեւոր է, որովհետեւ այսօր Արցախը ունի կարելիութիւններ եւ հնարաւորութիւններ, որոնք զարգացումի կարիք ունին, եւ այդ նպատակը կարելի է իրագործել` Արցախը դարձնելով համաշխարհային ներդրումներու թիրախը: Այսօր Արցախի պետութիւնն ու Հայ դատի մարմիններ ամէնուրեք կ՛աշխատին` ապահովելու Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը, իսկ եւրոպացի պետական անձնաւորութիւններ` նախարարներ, երեսփոխաններ եւ գործիչներ մնայուն կերպով կ՛այցելեն Արցախ: Հետեւաբար մեզի համար կարեւոր է, որ անոնք իմանան, թէ արցախցին խաղաղասէր ժողովուրդ է եւ ազգային ինքնորոշման կատարեալ իրաւունք ունի, կ՛ապրի իր պապենական հողերուն վրայ` ժողովրդավարութեամբ, ուրեմն ան իրաւունք ունի` իբրեւ անկախ պետութիւն միջազգային ընտանիքի ճանաչումին», հաստատեց Ս. Տէր Պետրոսեան:

Ան աւելցուց, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ անընդունելի է ժողովուրդի մը այս պահանջը անտեսել. «Սակայն բոլորին համար յստակ է, որ այդ անտեսումը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի բանեցուցած ճնշումներով կը կատարուի, ինչպէս նաեւ` այլ երկիրներու քաղաքական շահերուն պատճառով: Ճնշումի այդ պատը հետզհետէ սկսած է քանդուիլ, որովհետեւ Արցախի բարգաւաճումն ու զարգացումը աւելի եւս պիտի ամրապնդուի», ըսաւ ան:

Ս. Տէր Պետրոսեանը ընդգծեց, որ ԱՌԻ-ի տարած աշխատանքին ի տես` Արցախի պետութիւնը մնայուն նեցուկն ու երաշխաւորը եղաւ: «Արցախի վարչապետը մնայուն կերպով մասնակցեցաւ ԱՌԻ-ի ընդհանուր ժողովներուն եւ անձամբ հանդիպեցաւ ԱՌԻ-ի անդամ բաժնետէրերուն հետ: Հետեւաբար այսօր ԱՌԻ-ի գրեթէ տասնամեայ գործունէութեան սեմին կրնանք հաստատել, որ ԱՌԻ-ի ջանքերը կարելի է նկատել Արցախի զարգացումը ուռճացնելու ազդեցիկ ներդրումի լաւագոյն օրինակը», շեշտեց ան:

Ազդեցիկ ներդրումային ծրագիրի վերածուելու նպատակին մասին Վ. Գասարճեան յայտնեց, որ ԱՌԻ-ն իր առաջին փուլը աւարտած է, եւ արդէն իսկ անցած է երկրորդ փուլի համահայկական ներդրումի փուլ` իր ներդրումային ծրագիրները հասցնելով գրեթէ 6.700.000 տոլարի եւ ներդրողներուն ապահովելով 1.200.000 տոլարի շահ:

«Կարեւոր է նաեւ, որ Արցախի մասին սփիւռքեան տարբեր գաղութներուն մէջ տիրող կարծրատիպերը վերացնել: Երբ Արցախի մասին կը խօսիս, մարդոց առաջին հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ պատերազմի վտանգն ու տիրող կացութիւնը: Բայց եւ այնպէս, զուտ տնտեսական դիտանկիւնէ մեկնելով, անցեալ տարի Արցախը 15 առ հարիւր աճ արձանագրած է` ճարտարարուեստի, գիւղատնտեսութեան եւ հանքային մարզերուն մէջ: Այս թիւը առողջ աճի մը ցուցանիշ է եւ Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու քաջալերող տարր», հաստատեց Վ. Գասարճեանը:

Ան աւելցուց, որ այդ նպատակով ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամներ Արցախի պետական նախարար Արա Յարութիւնեանի  հետ պիտի այցելեն Սիտնի, ուր անոնք ներդրողներու պիտի ներկայացնեն Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու այս ծրագիրներուն մասին: «Հոս կը կայանայ մեր ներազդեցիկ (catalyst) դերակատարութիւնը զուգահեռաբար ապահովելու Արցախի զարգացումն ու ներդրողներու համար հասութաբեր ծրագիրներ», նշեց ան:

Մասիս Ալեքսանդրեանը շեշտեց, որ ԱՌԻ-ի նպատակը խորքին մէջ քաղաքատնտեսական նպատակ է, որովհետեւ եթէ Արցախը չվերաբնակեցուի, ապա անկարելի է պահել այդ բերդը, իսկ եթէ այդ բերդը կորսնցնենք, ապա Հայաստանը վտանգուած կարելի է նկատել:

«Դէպի Եւրոպա Թուրքիոյ յառաջխաղացքը գրեթէ կասեցուած է, եւ ան իր հայեացքը կ՛ուղղէ դէպի Միջին Արեւելք, իսկ երբ Ազրպէյճան սկսած է խօսիլ Զանգեզուրի եւ Երեւանի մասին, ապա մեզի համար յստակ պէտք է դառնայ, որ անիկա Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանի յուշուած գաղափար է: Ուրեմն Թուրքիոյ դէպի արեւելք յառաջանալու նպատակը արգիլող միակ թումբը Արցախն է: Այս մասին պէտք է ոչ միայն հայութիւնը իմանայ, այլեւ` ամբողջ Արեւմուտքը: Բոլորը պէտք է հասկնան, որ եթէ այդ Արցախ կոչուող պատուարին տիրութիւն չընեն, ապա անոնք դէմ յանդիման պիտի գտնուին ճենկիզխանեան հսկայ կայսրութեան մը, այլ խօսքով` հսկայական ՏԱՀԵՇ-ի մը դիմաց, որ կրնայ ամբողջ աշխարհին սպառնալիք ըլլալ: Թուրքիոյ վարած կրօնական ծայրայեղական քաղաքականութիւնը օրըստօրէ ի յայտ կու գայ», շեշտեց Մ. Ալեքսանդրեանը:

Ան մէջբերեց սահմանապահի իր երդումը տուող նոր զինուորի մը ունեցած մէկ արտայայտութիւնը, որ իր պարզութեամբ յստակ է, խորիմաստ եւ դիպուկ. «Եթէ Արցախը չըլլայ, Հայաստանը չ՛ըլլար, իսկ Հայաստանը չըլլայ, հայութիւն չկայ: Այս արտայայտութիւնը լաւագոյնս կը նկարագրէ Արցախի էութիւնը», հաստատեց ան:

Մ. Ալեքսանդրեանը ընդգծեց, որ անկարելի է ձեռնածալ մնալ` ի տես այս իրականութեան եւ Արցախի մէջ օրական դրութեամբ նահատակուող զինուորին, եւ բանակը պահելու Արցախի պետութեան ճիգերուն:

«Հետեւաբար այդ ամբողջը պահելու համար պէտք է թումբը հզօրացնել, իսկ հզօրացնելու համար բնակչութեան կարիք կայ, իսկ բնակչութիւնը կարիք ունի աշխատանքի, որուն ստեղծումին համար գումարներու կարիքը կայ. եւ այս է, որ ԱՌԻ-ն կը կատարէ` ապահովելով այդ աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ ներդրումները», աւելցուց Մ. Ալեքսանդրեանը:

Ան նշեց, որ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի  վերաբնակեցման նպատակին մէջ ԱՌԻ-ի ջանքերով կարելի եղած է 36 առ հարիւր բնակչութեան աճ արձանագրել, ինչ որ շռնդալից թիւ մըն է, եթէ բաղդատելու ըլլանք հայաստանեան իրականութեան ընդհանուր պատկերին հետ:

Ապագայ ծրագիրներուն մասին խօսելով` Ս. Տէր Պետրոսեանը հաստատեց, որ ԱՌԻ-ն սկսած է ծրագրել «Արցախ` 2025-ի տեսլական»-ը, որուն մեկնարկը պիտի կատարուի 21 մարտին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի Լիբանան կատարելիք այցելութեան ընթացքին:

Արցախի մէջ անձանագրուած տնտեսական, շինարարական եւ գիւղատնտեսական աճը ներկայացնող ցուցակներ, ըստ ԱՌԻ-ի հրապարակած պրակին

Ծրագիրը ներդրումներու ընդհանուր ծրար մըն է, որ պատրաստուած է Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ եւ տարբեր պիւտճէներու հիման վրայ. անիկա առիթ կու տայ, որ ներդրողները իրենք ընտրեն այն շրջանը, ուր կ՛ուզեն ներդրում կատարել, եւ` այն գումարը, որ պատրաստ են տրամադրելու այդ նպատակով:

Իր կարգին, Վ. Գասարճեանը յոյս յայտնեց, որ Արցախի պետութեան հետ միատեղ կատարուելիք այդ մեծ ծրագիրը ամբողջ աշխարհին ներկայացուի:

Մ. Ալեքսանդրեանը հաստատեց, որ Արցախի պետութեան հետ ԱՌԻ-ի վարչութեան գումարած իւրաքանչիւր նիստի ընթացքին, անպայման գեղեցիկ անակնկալներ կ՛արձանագրուին: «Արցախի պետութիւնը ԱՌԻ-ի չափ եւ անկէ աւելի տեսլականը ունի, յատկապէս` հարցերը լուծելու իմաստով: Բայց եւ այնպէս, պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ Արցախի պետութիւնը կլանուած է պատերազմի հոսքին մէջ եւ երկրին սահմանները պահելու առաջնահերթութեան մէջ: Հետեւաբար անոնք շատ լաւ կ՛ընդունին, երբ մեզի նման սփիւռքեան հաստատութիւններ կ՛երթան իրենց առաջարկներով խթանելու Արցախի պետութիւնը: «Այս առումով Արցախի Հանրապետութեան նախագահը իր կարգին հաստատեց, որ ժամանակն է արդէն ունենալու վերաբնակեցման ճամբու քարտէս մը, որուն հիման վրայ պիտի ճշդուի յառաջիկայ տասնամեակին արձանագրուելիք Արցախի աճը` բնակչութեան թիւի, տնտեսական, առողջապահական, ընկերային, մշակութային, կրթական եւ բոլոր մարզերուն պարագային», ըսաւ ան:

Մ. Ալեքսանդրեանը աւելցուց նաեւ, որ Արցախի պետութեան կազմակերպութեամբ, հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ համագումար մը, որուն ԱՌԻ-ն պիտի մասնակցի իբրեւ ներազդեցիկ (catalyst) կազմակերպութիւն:

«Արցախ` 2025-ի տեսլական»-ի յայտարարութեան առումով, Մ. Ալեքսանդրեանը նշեց, որ Արցախի նախկին վարչապետ, ներկայիս պետական նախարար Արա Յարութիւնեանը ունեցած էր տեսլականը, որ Արցախը պէտք է ըլլայ Արցախի եւ Հայաստանի սնունդ հայթայթողը` հացահատիկ, միս, կաթ, մածուն, պանիր, պտուղներ: Այս նպատակին մէջ կայ պետութեան մը ինքնաբաւ ըլլալու կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով Հայաստանի դիրքը` շրջապատուած ոչ բարեացակամ սահմանակից երկիրներով:

«Պետութիւնը ինքնաբաւ դարձնելու նպատակն էր, որ զարկ տուաւ այդ տեսլականը ունենալու` գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու, ցանքի բարելաւման, անասնաբուծութեան եւ այլ բարգաւաճումի: Մեզի համար շատ հաճելի է տեսնել, որ Արկրոֆոնտի միջոցով ԱՌԻ-ի տրամադրած վարկերը ստացող վերաբնակիչը, որ 5 տարի առաջ 25 հեկտար արտ կը ցանէր, այժմ արդէն հարիւրաւոր հեկտարներ սկսած է ցանել, եւ իր տնտեսութիւնը ոչ միայն բաւարար դարձուցած է, այլեւ` հարստացուցած: Արցախի հողը բերրի է եւ առատ բերք կու տայ», շեշտեց ան:

ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամները ընդգծեցին, որ նման աշխատանքի պարագային, շատ կարեւոր է սկսիլ փոքր քայլերով եւ հետզհետէ արձանագրուելիք արդիւնքներուն հիման վրայ` բազմապատկել ճիգերն ու գումարները: «Մենք սկսանք 300. 000 տոլարով, քանի մը տարի ետք հասանք 2 միլիոն տոլարի, իսկ հիմա արդէն իսկ 6-7 միլիոնի շուրջ ներդրում կը կատարենք: Աշխատանքը կ՛ընթանայ անթերի կերպով` ԱՌԻ-ի եւ Արցախի պետութեան միջեւ: Արցախի պետութիւնը իր ստացած գումարներուն տոկոսները ճշգրիտ կերպով եւ ճշդուած ժամկէտին կը յանձնէ ԱՌԻ-ին, որ իր կարգին ԱՌԻ-ի բաժնետէրերուն կը տրամադրէ անոնց ներդրած գումարներուն տոկոսները, որոնք կ՛ապահովուին արձանագրուած ընդհանուր շահերէն:

«Մեր աշխատանքները թափանցիկ են` թէ՛ նիւթականի եւ թէ՛ գործունէութեան իմաստով: Դրամագլուխի կորուստ բացարձակապէս չէ արձանագրուած: Ներդրողներէն մեր ստացած գումարները կը գտնուին կա՛մ Ակրոֆոնտին մօտ եւ կը տրամադրուին իբրեւ վարկեր, կա՛մ ալ` գիւղաշինութիւնը կատարող պետական հիմնադրամին մօտ: Այդ գումարները երբ վերադարձուին մեզի, եւ դրամատան մէջ մեր ունեցած գումարը միացնենք անոր, մենք մեր բաժնետէրերուն ունեցած մեր նիւթական պարտաւորութիւնները 24 ժամուան մէջ կրնանք կատարել:

Պէտք է ըսել նաեւ, որ ԱՌԻ-ի ներդրողներէն գումարներու փոխառութիւնը եռամեայ դրութեամբ կ՛ընթանայ, որոնց ընթացքին ներդրողը տարեկան դրութեամբ իր ներդրած գումարին տոկոսները կը ստանայ: Երեք տարի ամբողջացնելէ ետք, ներդրողին հարց կը տրուի ԱՌԻ-ի վարչութեան կողմէ` ներդրումը նորոգելու կամ գումարին վերատիրանալու մասին. ընդհանրապէս ներդրողներուն մեծ մասը, գրեթէ` 98 առ հարիւրը, կը նորոգէ:

Այս փորձառութիւնը եւ աշխատանքը վերահսկելու բծախնդրութիւնն ու յանձնառութիւնը մեզ կը մղէ ճակատաբաց դիմելու աշխարհին` անոնց աշխատանքի ձեռք երկարելու իմաստով: Մեր ուղղած ներդրումի հրաւէրները պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրեն, եւ մեր փորձառութիւնը կ՛արտօնէ, որ մենք կատարեալ ինքնավստահութեամբ ուղղենք այդ հրաւէրը, շեշտեցին անոնք:

Առիաւանը՝ Աղաւնոյ գետի ափին

ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամները նշեցին, որ Առիաւանի կառուցման առաջին փուլը արդէն իսկ աւարտած է` կառուցուած է 50 տուն, եւ արդէն սկսած է երկրորդ փուլը, որուն ընթացքին պիտի կառուցուին երկրորդ 50 տուներուն առաջին 5 բնակարանները:

«Առիաւանի մէջ կեանքը, որեւէ քաղաքի ներկայ պայմաններով, հանգիստ ընձեռած է տեղին բնակչութեան, որուն կենցաղն ու կենսամակարդակը սկսած է մօտենալ արեւմտեան չափանիշներու հասկացողութեան», յայտնեցին անոնք:

ԱՌԻ-ի վարչական խորհուրդի անդամները հաստատեցին նաեւ, որ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի բնակիչները փաստեցին իրենց կառչածութիւնը հայրենի հողին, եւ այդ փաստը եկաւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին, երբ այդ շրջանի բնակիչներէն նկատառելի թիւ մը անմիջապէս հասաւ հայրենիքին սահմանները պաշտպանելու սուրբ գործին:

Այս եւս կը փաստէ այն իրականութիւնը, որ զինուորը շատ աւելի վճռական կերպով կը կռուի, երբ ամբողջ գիւղ մը պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը կայ իր ետին:



comments

Advertisement