ՀՅԴ Մամուլի եւ հանրային կապերու պատասխանատուներու խորհրդաժողով

By Asbarez | Tuesday, 13 March 2018

0313ARF_Khorhrtajoghov

ԵՐԵՒԱՆ - Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ մամուլի եւ հանրային կապերու պատասխանատուներու համակուսակցական խորհրդաժողովը: Աշխարհի շուրջ երկու տասնեակ երկիրներէ հասած յիսունէ աւելի խմբագիրները, լրագրողները եւ հանրային կապերու պատասխանատուները պիտի քննարկեն հայկական ու կուսակցական մամուլի, համաշխարհային մակարդակով հայկական շահերու եւ հարցերու լուսաբանման, ատրպէյճանական ու թրքական հակաքարոզչութեան դիմակայման եւ հայութեան առնչուող հարցեր:

Խորհրդաժողովի բացումին, ողջունելով հաւաքի մասնակիցները՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան շեշտեց այն մեծ առաքելութիւնն ու դերը, զորս ունին դաշնակցական խմբագիրը եւ դաշնակցական լրատուամիջոցը՝ հարցերու արծարծման, ազատախօսութեան ու միտքերու, տեսակէտներու հարթակ դառնալու գործին մէջ, յենելով դաշնակցական մամուլի հարիւրամեայ պատմութեան վրայ:

Խորհրդաժողովի աւարտին մասնակիցները առիթ պիտի ունենան լայն քննարկում-հանդիպում ունենալու հայաստանեան լրատուական դաշտի ներկայացուցիչներու հետ:

 



comments

Advertisement