Նորընտիր Նախագահ Արմէն Սարգսեան կը հանդիպի Սիլիքոն Հովիտի Հայ գործարարներու հետ

By Asbarez | Wednesday, 21 March 2018

0321armensarkissian2

Հայաստանի նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեան Սիլիքոն հովիտի մէջ հանդիպում ունեցաւ տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութեանց ոլորտի աւելի քան 100 գործարարներու եւ մասնագէտներու հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ոլորտի զարգացման միտումներն ու մարտահրաւէրները:

Արմէն Սարգսեան, ներկայացնելով տեղեկատուական այս ոլորտին մէջ Հայաստանի մեծ յաջողութիւնները, նշեց. <<Ոլորտը շատ արագ կը զարգանայ ու կը փոփոխուի, հետեւաբար մենք պէտք է ձգտինք կատարելագործման ու աւելի մրցունակ դառնանք>>: Ըստ անոր՝ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի հսկայական ներուժ, որուն ճիշդ ուղղորդումը կը նպաստէ երկրի տնտեսական զարգացման, միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման ու ներդրումներու ներգրաւման:

Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի զարգացման հեռանկարներուն մասին եւ ներկայացուց երկրի ապագայի իր տեսլականը:

Նորընտիր նախագահը այցելեց նաեւ <<Սինոփսիս>> ընկերութիաեն կեդրոնը եւ ծանօթացաւ անոր գործունէութեան ու արձանագրած յաջողութիւններուն:

 

comments

Advertisement