Տողան Անգարայէն յստակացում կ՛ուզէ Եւա ֆիլմը արգիլելու գծով

By Asbarez | Wednesday, 21 March 2018


0321selina_dogan

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ մէջ կնոջական ֆիլմերու նուիրուած «Ֆիլմմոր» փառատօնի վերջին օրը, վերջին պահուն, Պոլսոյ կուսակալութիւնը արգիլած էր հայ-իրանեան «Եւա» անունով շարժապատկերին ցուցադրութիւնը։

Թրքական մամուլը գրած էր, որ այս արգելքը դրուած էր Ատրպէյճանի պահանջով։

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութենէն՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան, Մարտ 19ին այս հարցը նիւթ դարձուց խորհրդարանէն ներս ու ներքին գործոց նախարարէն պատասխան խնդ-րեց հետեւեալ հարցումներուն.

– Ներքին գործոց նախարարութիւնը այս ժապաւէնին մասին քննութիւններ կատարա՞ծ է, եւ եթէ կատարած է, ապա ֆիլմին ո՞ր տեսարանները պատճառ դարձած են այսպիսի արգելքի մը։

– Որոշումը մեր օրէնքներէն ո՞ր մէկուն հիման վրայ տրուած է։

– Մինչեւ այսօր նախարարութիւնը նմանօրինակ որոշումներ տուա՞ծ է այլ ֆիլմերու կապակցութեամբ։


comments

Advertisement