Լիբանանի Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան ընտրացանկի մէջ ներկայացուած են ՀՅԴի երկու թեկնածուներ

By Asbarez | Tuesday, 27 March 2018

0327libanelections

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուները համախմբող ընտրացանկեր յայտարարելու շրջագիծին մէջ, շաբաթավերջին քաղաքական ուժերը ունեցան աշխուժ գործունէութիւն:

Այս առումով, անցեալ Շաբաթ, <<Ֆորում տը Պէյրութ>>ի մէջ հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը մեկնարկը կատարեց ընտրարշաւի սկիզբին եւ յայտարարեց իր ընտրական ծրագիրն ու Լիբանանի ամբողջ տարածքին կուսակցութեան ընտրացանկերը:

Այդ ընտրացանկերէն երկուքը ընդգրկեցին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի առաջադրած թեկնածուները:

Հետեւաբար Մեթնի յայտարարուած ընտրացանկին մաս կազմեցին. ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Իպրահիմ Քանաան, Էտկար Մաալուֆ, Էլիաս Ապու Սաապ, Սարգիս Սարգիս, Քոլին Աշքար, Ղասսան Աշքար, Ղասսան Մուխայպեր:

Իսկ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի (Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Մտաուար եւ Սայֆի) ընտրացանկի անդամներն են. Յակոբ Թերզեան, Ալեքսան Մաթոսեան, Սերժ Չուխատարեան, Սեպուհ Գալփաքեան, Նիքոլա Սահնաուի, Մեսուտ Աշքար, Նիքոլա Շամմաս եւ Անթուան Փանօ:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկերը անուանեց հզօր ընտրացանկեր‘ կոչ ուղղելով կուսակցութեան հետեւորդներուն եւ համակիրներուն խուռներամ ուղղուելու քուէատուփեր եւ իրենց քուէն շնորհելու Ազգային ազատ հոսանքի ընտրացանկերուն:

 

comments

Advertisement