Էրտողանին դեռ հաւատացող կա՞յ. Կարօ Փայլան

By Asbarez | Tuesday, 08 May 2018

0508garo

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Թուրքիոյ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան դարձեալ յիշեցուցած է նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարման տարիներուն Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած տնտեսական կորուստներուն մասին ու շեշտած է, որ այդ բոլորէն ետք Էրտողանի նախընտրական խոստումներուն դժուար է հաւատալ: <<16 տարի է ի վեր Էրտողան երկիրը կը ղեկավարէ. այդ տարիներուն ընդհանուր սղաճը 11 տոկոս եղած է, իսկ ընթացիկ ամավարկին բացը 55 միլիառ տոլարի հասած է: Իր բուռ մը կողմնակիցներէն բացի, մեր միւս քաղաքացիները աղքատութեան մատնուած են եւ պարտքերու տակ կը մնան։ Ան դեռ կ՛ըսէ. <<5 տարի ալ ինծի տաք՝ դրութիւնը աւելի կը լաւնայ: Դեռ հաւատացող կա՞յ>>, գրած է Փայլան:

Նախապէս Փայլան նախազգուշացուցած էր, թէ երկիրը կրնայ տնտեսական ճգնաժամ դիմագրաւել, եթէ իշխանութիւնները յատկանշական քայլերու չդիմեն՝ կացութիւնը բարելաւելու համար: Ան երկրին տնտեսութիւնը նմանցուցած էր աւրուած վիճակի մէջ արագ սուրացող ինքնաշարժի մը, որ քանդուելու սիմին կը հասնի:

 



comments

Advertisement