Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Խօսիլը Վիրաւորանք Չէ, Հերքելը Վիրաւորանք Է. Փայլան

By Asbarez | Wednesday, 20 June 2018

0620garo

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ Յունիս 24ին կայանալիք խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններուն քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած է Տիգրանակերտէն, թրքական <<Պիանեթ>> կայքին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ իրեն դէմ կատարուած հետաքննութեան մասին, որ բացուած է երկրի քրէական օրէնսգրքի տխրահռչակ 301րդ յօդուածի հիման վրայ։

Փայլան նշեց, որ 301րդ յօդուածը դարձած է պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի մահուան պատճառը:

<<Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելու համար իմ դէմ սկսած էր <<թրքութիւնը վիրաւորելու>> հիմնաւորումով հետաքննութիւն: Իրականութեան մէջ, սակայն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքելը վիրաւորանք է: Անուանեցէք ինչպէս կ՛ուզէք՝ հայերու հետ տեղի ունեցած մեծ ողբերգութիւնը հերքելը կը վիրաւորէ թրքութիւնը>>, նշեց ան:

Փայլան դարձեալ ընդգծեց, թէ ամբողջ աշխարհը տեղեակ է, որ հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու փորձ տեղի ունեցած է: <<Անատոլիոյ մէջ ամէն հինգէն մէկն էինք, իսկ հիմա անգամ հազարէն մէկը չենք: Մեր հազարաւոր եկեղեցիները, դպրոցները, մշակութային ժառանգութիւնը, ամէն բան կորսնցուցած ենք: Մենք կ՛առաջարկենք՝ դուք անուանեցէք տեղի ունեցած դէպքերը: Կ՛ըսենք՝ արդար յիշողութեան վրայ հիմնուած անուն դրէք կատարուածին: Սակայն, մեզի տրուող պատասխանը մշտապէս հետեւեալն է. <<Դուն չես կրնար այս բոլորին մասին խօսիլ>>: Ու նմանօրինակ պայմաններու մէջ պարզ կը դառնայ, թէ կը վիրաւորես թրքութիւնը: Պարզուած է այնպէս, որ թուրքերը աշխարհի մէջ կ՛ընկալուին իբրեւ Ցեղասպանութիւնը հերքողներ: Իսկ ես, հակառակը, կը պայքարիմ թուրքերու դէմ այդ անարդարութիւնը վերացնելու համար>>, ըսաւ խորհրդարանի հայ պատգամաւորը:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի 301րդ յօդուածը կ՛ենթադրէ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել այն անձերը, որոնք կը վիրաւորեն թուրք ժողովուրդը, պետական կառոյցները, զինուորներն ու իրաւապահները: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսելու պատճառաւ, նոյն յօդուածով հետապնդումներու ենթարկուած են <<Ակօս>>ի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինք, թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ, գրականութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուք եւ ուրիշ շատեր։

 

comments

Advertisement