Եւրոմիութիւնը 3 Միլիոն Եուրօ Յատկացուց Սուրիահայ Փախստականներուն

By Asbarez | Saturday, 23 June 2018

սիրիա-հայաստան-1

ԵՐԵՒԱՆ, <<Հայերն Այսօր>> - Եւրոպական Միութիւնը 3 միլիոն եուրօ յատկացուց Հայաստանին՝ օգնելու համար սուրիացի փախստականներուն: Այս յատկացումին մասին յայտարարուած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի (ՀԸԳՀ) ծիրին մէջ կազմուած գործընկերութեան խորհուրդի գումարած առաջին նիստին:

Նշուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը գումարը փոխանցած է <<Մադադ>> հիմնադրամին:

 



comments

Advertisement