Սերժ Թանքեան Յաւակնոտ Ծրագիրներով Կը Ներկայանայ Նոր Կառավարութեան

By Asbarez | Thursday, 28 June 2018

0626serjtankian

ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 25 Յունիսին, աշխարհահռչակ <<Սիսթըմ աֆ է Տաուն>> (System of A Down) ռոք խումբի երաժիշտ, երգահան Սերժ Թանքեան հանդիպեցաւ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ:

Թանքեան իր ջերմ ողջոյնները փոխանցեց նախարարին ու պատմեց իր այցելութեան հիմնական առաքելութեան մասին:

Թանքեան յայտնեց, որ եկած է նոր կառավարութեան հետ կիսելու իր գաղափարներէն մէկը, որ կը միտի մէկ հարթակի վրայ համախմբել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող հայութիւնը:

Խօսքը համացանցային հարթակի մասին է, որ իր բնոյթով պէտք է ըլլայ գրաւիչ՝ ժամանակակից օգտատիրոջ համար եւ պէտք է ունենայ այնպիսի բովանդակութիւն, որ պիտի նպաստէ հայերու ազգային դիմագիծի պահպանման:

Նախարար Մխիթարեան համաձայնեցաւ միասին աշխատիլ ու զարգացնել այս գաղափարը:

0626serjtankian1

Թանքեան նոյն օրը հանդիպեցաւ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցի հետ, որուն զեկուցեց իր նոր ծրագիրներուն մասին:

<<<<Creative Armenia>> մշակութային հիմնարկին հետ քանի մը ֆիլմեր պատրաստելու մտադրութիւն ունինք, որոնցմէ մէկը՝ իմ ֆիլմը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան: Երկար ժամաակէ ի վեր կը խմորուի Հայաստանի մէջ միջազգային երաժշտական փառատօն հիմնելու գաղափարը: 2017ին այստեղ հանդիպեցայ քանի մը երիտասարդներու հետ, որոնք մշակոյթի նախկին նախարարին հետ մասնագիտական ձայնագրման կեդրոն հիմնելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած էին: Ես կը կարծեմ, որ այդ ծրագիրին պէտք է ընթացք տալ, որովհետեւ նուագախումբի համար նախատեսուած մասնագիտական ձայնագրման կեդրոնը, մասնաւորապէս շարժապատկերի զարգացման տեսանկիւնէն, Հայաստանի համար այսօր անհրաժեշտութիւն է: Ես անձամբ պատրաստ եմ օժանդակելու այդ ուղղութեամբ>>, նախարարին յայտնեց Թանքեան:

Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց շեշտեց, որ <<Creative Armenia>> մշակութային հիմնարկին հետ մշակոյթի նախարարութեան համագործակցութեան առաջնային ուղղութիւններէն մէկը ստեղծարար արդիւնաբերութեան զարգացումն է, որպէսզի մշակոյթը նաեւ տնտեսութեան զարգացման գործօն հանդիսանայ: Նախարարը աւելցուց, որ կ՛ակնկալէ Սերժ Թանկեանի եւ <<Creative Armenia>> հիմնարկի անդամ հանդիսացող սփիւռքահայ այլ յայտնի արուեստագէտներուն աջակցութիւնը՝ հայ տաղանդները յայտնաբերելու եւ անոնց համաշխարհային հարթակի վրայ ներկայացնելու գործին մէջ:

<<Համոզուած եմ, որ այս նոր գաղափարներով, բաց մտքով, սրտով, ազնիւ ու անկեղծ մտադրութիւններով մենք շատ մեծ նուաճումների ենք հասնելու>>, ըսաւ նախարար Մակունց՝ Սերժ Թանկեանը հրաւիրելով 7 Յուլիսին կայանալիք <<Գորիս ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք 2018>> միջոցառման բացման:

 


 


comments

Advertisement