Արամ Ա. Կաթողիկոս Հեռաձայնային Խորհրդակցութիւն Մը Ունեցաւ Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ

By Asbarez | Tuesday, 10 July 2018

0710pakoaram

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - 8 Յուլիսին, Պարիէն (Իտալիա) վերադարձին, Արամ Ա. վեհափառը հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ներկայ կացութեան ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Կաթողիկոսըը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ու յատկապէս արի բանակին՝ շեշտելով, թէ Արցախի պաշտպանութիւնն ու հզօրացումը մեր համայն ազգին համար առաջնահերթութիւն է:


comments

Advertisement