Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպեցաւ Պելճիքայի Մէջ Ապրող Հայազգի Գործարարներու Հետ

By Asbarez | Monday, 16 July 2018


0714belgiumbusiness1

ՊՐԻՒՔՍԷԼ - Պելճիքա կատարած իր այցելութեան ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային ճաշ ունեցած է տեղւոյն հայազգի գործարարներու հետ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն ադամանդագործութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Հայ-պելճիքական առեւտուրի պալատի նախագահը:

Վարչապետը գործարարներուն ներկայացուց տնտեսութեան ոլորտին մէջ կառավարութեան առաջնահերթութիւնները, անդրադարձաւ կաշառակերութեան դէմ պայքարին, եւ ընդհանուր առմամբ, գործարար միջավայրի բարելաւման միտուած քայլերուն, որոնք գործադիրը կը նախատեսէ կեանքի կոչել յառաջիկային, ինչպէս նաեւ Եւրասիական տնրեսական միութեան հնարաւորութիւններուն:

0714belgiumbusiness

Վարչապետը շեշտեց հայ-պելճիքական գործարար կապերու շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճով, համատեղ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումով եւ պատրաստ է ձեռնարկելու քայլեր, որոնք կրնան նպաստել Հայաստանի մէջ պելճիքական դրամագլուխի ներկայացուածութեան ընդլայնման:


comments

Advertisement