Զարաքօլու Անգարայի Համալսարանէն Մրցանակ Կը Ստանայ

By Asbarez | Tuesday, 17 April 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք մտաւորական Ռակըպ Զարաքօլու, որ կրնայ մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ՝ իրեն դէմ բացուած նորագոյն դատին պատճառով, Երկուշաբթի, Ապրիլ 16ին, Անագարայի համալսարանի «Խտրականութեան դէմ պայքար»ի մրցանակին արժանացած է:

Ըստ «Ակօս» թերթին՝ Զարաքօլու ներկայ չէ եղած մրցանակի յանձնման արարողութեան, իսկ անոր փոխարէն մրցանակը ստանձնած է իր քոյրը:

comments