By Asbarez | Monday, 23 April 2012
ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Կիրակի, Ապրիլ 22ին, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութեանց առաջին հանգրուանը, որուն մասնակցութեան համեմատութիւնը 70.95 առ հարիւր էր: Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտ գրաւեց առաջին դիրքը՝ ապահովելով քուէներուն 29 առ հարիւրը, իսկ նախագահ Նիքոլա Սարքոզի՝ 26 առ հարիւրը: Մեծագոյն անակնկալը ծայրայեղ աջակողմեան թեկնածու Մարին լը Փենի ապահոված քուէներուն մօտաւորապէս 20 առ հարիւրն էր, մինչ Ձախակողմեան ճակատի թեկնածու Ժան Լիւք Մելանշոն ստացաւ քուէներուն 12 առ հարիւրը: Նկատի ունենալով, որ թեկնածուներէն ոչ ոք ապահովեց քուէներուն 50 առ հարիւրէն աւելի, առաջին երկու դիրքերը գրաւած թեկնածուները՝ Հոլանտ եւ Սարքոզի, Մայիս 6ին իրարու դէմ պիտի մրցին: Առաջին հանգրուանէն ետք ձախակողմեան Մելանշոն իր հետեւորդներուն կոչ ըրաւ՝ Սարքոզին պարտութեան մատնելու:
Նախագահ ընտրուելու պարագային, Հոլանտ Ֆրանսայի առաջին ընկերվարական նախագահը պիտի ըլլայ՝ 1981էն 1995 նախագահի պաշտօնը վարած Ֆրանսուա Միթերանէն ետք, իսկ Սարքոզին, Վալերի Ժիսքար Տեսթենէն ետք պիտի ըլլայ առաջին նախագահը, որ երկրորդ նստաշրջան չէ ապահոված:
Հոլանտ ֆրանսական «Նուվել Օպզերուաթէօր» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, այլ հարցերու կողքին անդրադարձած էր նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ կրկնելով, թէ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
comments
Armenia Media Australia Hiring Social Media Coordinator/Content Creator
Your Guide to the 2025 Armenian Film Festival
Armenian Film Festival Returns for 2025!
OPED: 100,000 Indigenous Armenian Refugees Exiled After Azerbaijan Terror
Australia Live By Armenia Media: Tim James & Hugh McDermott
Australia Live By Armenia Media: Ohanes Ohanesian
Armenia Media with Academy for Early Learners West Pymble