By Asbarez | Wednesday, 25 April 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի խորհրդարանի քանի մը ներկայացուցիչներ վստահ են, որ Իսրայէլը պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: «Ճերուզալէմ Փոս»չի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատգամաւոր Արի Էլտատ վստահեցուցած է, որ Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահը կը մօտենայ՝ հաշուի առնելով այն փաստը, որ Հայկական Հարցի քննարկման թապուն Իսրայէլի մէջ վերացած է արդէն, եւ Ցեղասպանութեան հարցը նախորդ տարի քննարկուած է խորհրդարանի Կրթութեան եւ գիտութեան յանձնաժողովին մէջ: «Այս հարցը շատ կարեւոր է, եւ այն հրեաները, որոնք կը պահանջեն Ողջակիզման ճանաչում, կրնան նոյնը պահանջել նաեւ հայերու պարագային: Առնուազն մենք կրնանք խորհրդանշական քայլ մը առնել եւ յիշել այդ օրը», ըսած է Էլտատ:
Խորհրդարանի նախագահի Ռիվեն Ռիվլինի ներկայացուցիչը եւս յայտարարած է, թէ Ռիվլին մօտիկ ապագային կրնայ վերսկսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն:
comments
Armenia Media Australia Hiring Social Media Coordinator/Content Creator
Your Guide to the 2025 Armenian Film Festival
Armenian Film Festival Returns for 2025!
OPED: 100,000 Indigenous Armenian Refugees Exiled After Azerbaijan Terror
Australia Live By Armenia Media: Tim James & Hugh McDermott
Australia Live By Armenia Media: Ohanes Ohanesian
Armenia Media with Academy for Early Learners West Pymble