By Asbarez | Thursday, 10 May 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, Մայիս 9ին, Շուէտի խորհրդարանը մերժած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Ատրպէյճանի միջնորդագիրը:
Անցեալ տարի, խորհրդարանի «Կանաչներ» կուսակցութեան միջոցաւ ներկայացուած նախաձեռնութեան մէջ կոչ կ՛ըլլար, որ Շուէտ աշխուժօրէն ներգրաւուի Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին՝ պահանջելով «բռնագրաւեալ ատրպէյճանական տարածքէն անյապաղ դուրս բերել հայկական բոլոր զինուած ուժերը», իսկ միջազգային կազմակերպութիւններէն՝ աշխատիլ «Ատրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի հայ փոքրամասնութեան ապահովութիւնը եւ ինքնավարութիւնը երաշխաւորելու ուղղութեամբ»:
Ըստ շուէտական լրատուամիջոցներու՝ խորհրդարանը այս նախաձեռնութիւնը նկատած է շեղում մը հակամարտութեան կարգաւորման հարցով ձեռք բերուած սկզբունքներէն: Փոխարէնը, խորհրդարանը վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարկաւոր է խաղաղ լուծում, եւ կայ տագնապը լուծելու գործընթաց, որ Մինսկի խմբակի պարտականութիւնն է: Արտաքին գործոց յանձնաժողովը կը սատարէ ԵԱՀԿի շրջանակներուն մէջ գործադրուող ջանքերուն»:
comments
Armenia Media Australia Hiring Social Media Coordinator/Content Creator
Your Guide to the 2025 Armenian Film Festival
Armenian Film Festival Returns for 2025!
OPED: 100,000 Indigenous Armenian Refugees Exiled After Azerbaijan Terror
Australia Live By Armenia Media: Tim James & Hugh McDermott
Australia Live By Armenia Media: Ohanes Ohanesian
Armenia Media with Academy for Early Learners West Pymble