Արամ Ա. մասնակցեցաւ արեւելեան եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու ժողովին

By Asbarez | Friday, 08 August 2014

 

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 7 Օգոստոսի առաւօտուն, Լիբանանի Մարոնի պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Ներկայ էին բոլոր եկեղեցիներու պատրիարքները, ընկերակցութեամբ թեմակալ առաջնորդներու: Սոյն հանդիպումին Արամ Ա. կաթողիկոսին ընկերացան Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

Ժողովին սկիզբը խօսք առնելով մարոնիներու Ռայի պատրիարքը ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ պատրիարքներու հանդիպումին օրակարգը Միջին Արեւելքէն ներս ու յատկապէս Իրաքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններու քննարկումն է ու համապատասխան քայլերու որդեգրումը:
Ներկայ պատրիարքներու կարգին խօսք առնելով՝ վեհափառը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.

Ա. Տագնապալից պայմաններ կը դիմագրաւէ Միջին Արեւելքը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքները: Այս կացութեան դիմաց մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ մեր ժողովուրդին յոյս ներշնչող ու շրջանէն ներս մեր իրաւունքները պաշտպանող:

Բ. Մեր կողմէ կատարուելիք յայտարարութիւնը պէտք է ըլլայ ամփոփ ու յստակ: Այսօր շրջանը յուզող հիմնական խնդիրը իսլամ ծայարայեղականութինն է, հետեւաբար, մեր կատարելիք յայտարարութիւնը յատուկ կարեւորութեամբ պէտք է անդրադառնայ այս իրողութեան ու մանաւանդ անոր ունեցած հետեւանքներուն, ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններուն եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն:

Գ. Անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ ընդգծել, որ ինքզինք զանազան գունաւորումներով արտայայտող իսլամ ծայրայեղականութիւնը վտանգ մըն է նախ իսլամութեան, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանին եւ համայն մարդկութեան: Այս ծիրէն ներս, նաեւ պէտք է դատապարտել կրօնը շահագործող եւ ահաբեկչական միջոցներով քաղաքական նպատակներ հետապնդող բոլոր ծայրայեղական շարժումները:

Դ. Հարկ է կոչ ուղղել, այն բոլոր պետութիւններուն՝ արաբական, իսլամական կամ արեւմտեան, որոնք ուղղակի թէ անուղղակի միջոցներով՝ քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական օժանդակութիւններ կը կատարեն իսլամ ծայրայեղական շարժումներուն:

Ե. Անդրադառնալով քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած տագնապին, յատկապէս Իրաքի մէջ, կոչ ուղղել Արաբական լիկային, Իսլամական համագումարին եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, իրենց յատուկ միջոցներով կասեցնելու քրիստոնեայ համայնքներուն դէմ տեղի ունեցող հալածանքներն ու բռնի արտագաղթը Իրաքի կարգ մը շրջաններէն:

Զ. Շեշտել թէ դարեր շարունակ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը, հակառակ երբեմն յառաջացած տագնապներուն, եղած է շրջանի պատմութեան ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը: Քրիստոնեայ համանյքները կը պատկանին Միջին Արեւելքին, անոնք կառչած կը մնան Միջին Արեւելքին եւ վճռած են խաղաղ գոյակցութեամբ ապրիլ իսլամներուն հետ:

Է. Կոչ ուղղել սփիւռքի գաղութներուն, իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտելու Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու նկատմամբ, քաղաքական ու տնտեսական օժանդակութիւններ կատարելով:

Ը. Վերջապէս, կոչ ուղղել շրջանի բոլոր քրիստոնեաներուն, հակառակ տագնապալից կացութեան, կառչած մնալու Միջին Արեւելքին եւ վերադառնալու իրենց տուները անմիջապէս որ ապահովութիւն հաստատուի:

Կատարուած նկատողութիւններէն ետք, առաջարկուած յայտարարութէան բնագիրը վերատեսութեան ենթարկուեցաւ: Կէսօրին ժողովականները հիւրը եղան մարոնի պատրիարքարանին:

Ճաշէն ետք մարոնի Ռայի պատրիարքը զեկուցեց Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով վերջին օրերուն կատարուած խորհրդակցութիւններու արդիւնքին մասին: Այստեղ եւս Արամ Ա. կաթողիկոս խօսք առնելով, կարեւորութեամբ շեշտեց նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ ըսաւ. «Լիբանանի փրկութիւնը պէտք է գերիվեր ըլլայ բոլոր կողմնակի նկատումներէ: Լիբանանը կը հզօրանայ ու կը զարգանայ զայն կազմող բոլոր համայնքներու միասնականութեամբ»:

 


comments

Advertisement