Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը քննադատէ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը

By Asbarez | Monday, 27 October 2014

 

 

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, Քանատայի թրքական դեսպանատունը կը քննադատէ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի համացանցային կայքի Հոկտեմբեր 10ի թիւին մէջ հրապարակուած լրատուութիւնը:

Նշենք, որ Հոկտեմբէր 9ին, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Օթթաուայի մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Քանատա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Հարոլտ Ալպրեխթ եւ խորհրդարանի անդամ Հէլէն Լաւերտլեր դատապարտեցին Տէր Զօրի Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած եկեղեցւոյ ռմբահարումը: Ասուլիսին ներկայ էին նաեւ Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան եւ Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեան:

Հաղորդագրութեան մէջ թուրք դեսպանը կ՛ըսէ. «Թրքական դեսպանատունը հիմնովին կը մերժէ Հայկական Ազգային խորհուրդի (կ՛ակնարէ Հայ Դատի յանձնախումբին-«Հ.») եւ Քանատայի խորհրդարանի անդամ Հարըլտ Ալպրեխթի կողմէ կատարուած այն ամբաստանութիւնը, ուր կ՛ըսուի, թէ «Իսլամական պետութեան» (ISIL) զինեալները, որոնք ռմբահարեցին Տէր Զօրի հայկական եկեղեցին Սուրիա ներթափանցած են թրքական կառավարութեան անմիջական օժանդակութեամբ: Կը մերժենք նաեւ լրատուութեան մէջ տեղ գտած 1915ի դէպքերուն մասին Թուրքիոյ ուղղուած անհիմն ամբաստանութիւնները»:

Հաղորդագրութեան մէջ դեսպանը յատկապէս շեշտը կը դնէ այն իրողութեան վրայ, որ Թուրքիան կը հիւրընկալէ 1.5 միլիոն սուրիացի գաղթականներ եւ թէ Թուրքիան մարդասիրական իր օժանդակութիւնը առանց խտրութեան կը տրամադրէ բոլոր ազգային փոքրամասնական հատուածներուն, ըլլան անոնք արաբ, քիւրտ, եզիտի, թիւրքմէն, սիւննի, շիա, քրիստոնեայ կամ իսլամ:


comments

Advertisement