Հայաստանի նախագահը հանդիպեցաւ Համայն Վրաստանի Կաթողիկոս-Պատրիարք Իլիա Բ.ի հետ

By Asbarez | Wednesday, 27 December 2017

 

1227serj-ilya

ԹԻՖԼԻՍ - Երեքշաբթի, 26 Դեկտեմբերին Վրաստան կատարած պաշտօնական իր այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ Թիֆլիսի մէջ այցելեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, որմէ ետք մեկնեցաւ «Հերոսներ»ու հրապարակ եւ ծաղկեպսակ զետեղեց յուշակոթողին առջեւ:

Այնուհետեւ, Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցաւ Համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.ի հետ:

Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարքին՝ հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան պահպանման եւ խորացման գծով անոր աղօթքներուն համար:

Ընդգծելով, որ Հայաստան եւ Վրաստան իրարու հետ կապուած են դարաւոր բարեկամութեամբ՝ Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ այդ բարեկամութեան աւանդոյթները կառուցուած են քրիստոնէական եւ մշակութային ընդհանուր արժէքներու եւ պատմութեան ամուր հիմքի վրայ:

Հանդիպման ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը կաթողիկոս-պատրիարքին ներկայացուց  նախագահ Մարկվելաշվիլիի հետ նախօրէին ունեցած հանդիպման արդիւնքները՝ գոհունակութեամբ նշելով կայացած արդիւնաւէտ քննարկումները եւ ապահովուած համաձայնութիւնները:

comments

Advertisement