By Asbarez | Tuesday, 27 December 2011
ԵՐԵՒԱՆ.- «Երկիր Մեդիա» կը հաղորդէ, թէ հակառակ անոր, որ հայկական կողմը պարբերաբար կը պնդէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի ուսումնասիրութիւնը պատմաբաններուն յանձնելը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններով նախատեսուած չէ, այդ արձանագրութիւններու կնքամայր երկիր Զուիցերիան պաշտօնական մակարդակով հանդէս եկած է պատմաբաններու կողմէ ուսումնասիրութիւններ կատարելու մասին յայտարարութեամբ։
Արդարեւ, Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Միշլին Քալմի Ռէյ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին, հայ եւ թուրք պատմաբաններուն կոչ ուղղած է ուսումնասիրել ըստ իրեն՝ «նախորդ դարու իրադարձութիւնները, որոնք երկու ժողովուրդներու լարուածութեան նախնական պատճառը դարձած են»։
Քալմի Ռէյ, որ նաեւ Զուիցերիոյ համադաշնութեան նախագահն է, Անգարայի մէջ կայացած թուրք դեսպաններու ընդհանուր ժողովին ժամանակ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է, թէ երկու կողմերու պատմաբանները պէտք է ուսումնասիրեն Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումները, «որմէ ետք պատմաբանները իրենց ուսումնասիրութիւններով երկխօսութեան մէջ ներդրում պիտի ունենան»։
comments
Armenia Media Australia Hiring Social Media Coordinator/Content Creator
Your Guide to the 2025 Armenian Film Festival
Armenian Film Festival Returns for 2025!
OPED: 100,000 Indigenous Armenian Refugees Exiled After Azerbaijan Terror
Australia Live By Armenia Media: Tim James & Hugh McDermott
Australia Live By Armenia Media: Ohanes Ohanesian
Armenia Media with Academy for Early Learners West Pymble