* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Թուրքիա Դժգոհ Է Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Դէմ Պաքուի Անբաւարար Օժանդակութենէն

Wednesday, 18 January 2012     |    |   

Source: Asbarez
Tags: azerbaijan, turkey

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ենի Շաֆաք» եւ այլ թերթեր կը գրեն, թէ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութեանց ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացման առնչութեամբ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած անտարբերութիւնը, դժգոհութիւններու ճամբայ բացած է Թուրքիոյ պետական ու հասարակական շրջանակներուն մէջ։

Մամուլը կը յիշեցնէ, թէ Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլներուն առնչութեամբ Ատրպէյճանի բողոքներուն տեղի տալով՝ Թուրքիա «աղբաման նետած էր» այդ փրոթոքոլները, հակառակ Ամերիկայի եւ Եւրոմիութեան ճնշումներուն, սակայն նոյն կեցուածքը չցուցաբերուեցաւ «եղբայր Ատրպէյճան»էն։

Թերթերը կը գրեն, թէ Ատրպէյճանի ժողովուրդը զանազան մակարդակներու վրայ բողոքի ձայն բարձրացուց, սակայն իշխանութիւնները «մահացու լռութիւն» պահեցին ու ժողովուրդին բողոքը անպատասխան մնաց:

Քաղաքական գործիչ Մուսթաֆա Տեսթիճի, այս զարգացումներուն մասին խօսելով ըսաւ, որ Թուրքիա ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ միշտ զօրակցեցաւ Ատրպէյճանի ու փակ պահեց Հայաստանի հետ սահմանադուռը, եւ փրոթոքոլները Ատրպէյճանի ղեկավարութեան պահանջով՝ անիրագործելի դարձան, բայց հակառակ այս բոլորին, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յստակ կերպով իրենց դժգոհութիւնը չեն յայտներ Ֆրանսայի օրէնսդիրներուն։

«Սելչուք» համալսարանի դասախօսներէն Պիլալ Ագկիւնի կարծիքով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հակազդեցութիւն ցոյց չտուաւ, որովհետեւ կը վախնայ իշխանութիւնը կորսնցնելէ։ Արաբական երկիրներու «զարթօնք»ը կը սպառնայ նաեւ Ատրպէյճանին, ու այդ իսկ պատճառով Ալիեւ համարձակ կեցուածք չ՛որդեգրեր։

«Ենի Շաֆաք»ին համաձայն, Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն չափ խորունկ եւ հասարակաց անցեալ մը ունին, եւ նախագահ Նիքոլա Սարքոզի վերջերս «Ֆրանսայի քոյր պետութիւն» որակած էր Հայաստանը։ Մօտիկ անցեալին Թուրքիոյ դէմ Ֆրանսայի կողմէ առնուած քայլերը դժգոհութիւններու ու բողոքի ձայներ պէտք է բարձրացնէին Ատրպէյճանի մէջ, կ՛աւելցնէ թերթը:

Ատրպէյճան մոռցած ըլլալ կը թուի Ղարաբաղի հարցով Թուրքիոյ դիրքորոշումը:

Միւս կողմէ, Յունուար 23ին, երբ Ֆրանսայի Ծերակոյտը պիտի սկսի քննելու օրինագիծը, ֆրանսաբնակ թուրքեր, ինչպէս Դեկտեմբեր 22ին ըրած էին խորհրդարանի շէնքին դիմաց, այս անգամ եւս կը պատրաստուին բողոքի ցոյց կազմակերպելու Ծերակոյտին մօտ։

Այս անգամ սակայն, անոնք առանձինն պիտի չըլլան, որովհետեւ նոյն օրը, ֆրանսաբնակ հայերը եւս ցոյց պիտի կազմակերպեն նոյն վայրին մէջ ու իրենց զօրակցութիւնը պիտի յայտնեն ծերակուտականներուն։

Այս առթիւ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող մարմինը կոչ ուղղած է, որ ֆրանսահայեր Յունուար 23ին Ծերակոյտին մօտ հաւաքուին ու դատապարտեն Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement