By Asbarez | Tuesday, 03 April 2012
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Վերջին 17 տարիներուն, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին վրայ գտնուած Սաֆար Ապիեւի պաշտօնավարութիւնը կը հասնի իր աւարտին. այս մասին հաղորդած է ատրպեճանական «tia.az» լրատուական կայքը՝ իր տեղեկութիւնը քաղելով «վստահելի աղբիւրներէ»:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կառոյցին մէջ մօտիկ ապագային լուրջ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին՝ զայն ՆԱԹՕի չափանիշերուն համապատասխանեցնելու նպատակով. նախարարի փոփոխութիւնը եւս կ՛իյնայ այդ ծիրէն ներս, որովհետեւ Ատրպէյճան ՆԱԹՕի հրամանատարութեան խոստացած է պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակել ոչ զինուորական մը:
Կայքին աղբիւրները յայտնած են, որ Սաֆար Ապիեւ արդէն համաձայնութիւն տուած է իր պաշտօնը յանձնելու շուրջ, բայց այն պայմանով, որ ան նշանակուի զինուորական ուժերու սպայակոյտի պետ:
Ապիեւի փոխարէն պաշտպանութեան նախարար պիտի նշանակուի խորհրդարանի փոխխօսնակ Զիաֆաթ Ասկերովը, որ կառավարութեան «միակ եւ վերջնական» թեկնածուն է:
Զիաֆաթ Ասկերով նաեւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի Ապահովութեան եւ պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահն է:
comments
Armenia Media Australia Hiring Social Media Coordinator/Content Creator
Your Guide to the 2025 Armenian Film Festival
Armenian Film Festival Returns for 2025!
OPED: 100,000 Indigenous Armenian Refugees Exiled After Azerbaijan Terror
Australia Live By Armenia Media: Tim James & Hugh McDermott
Australia Live By Armenia Media: Ohanes Ohanesian
Armenia Media with Academy for Early Learners West Pymble