* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ Ընկ. Յակոբ Բագրատունի հետ

Wednesday, 24 November 2010     |    |   

Source: armenia.com.au
Tags:

1. Ի՞նչ շրջագիծի մէջ է կայանում կամ ընկնում ձեր այցելութիւնը։ այսինքը ինչ առաքելութեամբ էք այցելել Աւստրալիա։

Աւստրալիա իմ այցելութեանս հիմնական շարժառիթը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 120 ամեակն է։ Այս առիթով թէ Մելպուռնի եւ թէ Սիտնիի մէջ առիթը ունեցայ կազմակերպուած ձեռնարկներուն ընթացքին խօսք արտասանելու, ներկայ գտնուելու Արմենիա թերթի հրատարակութեան 30 ամեակին ինչպէս նաեւ այցելելու ազգային այլ կառոյցներ։ Սիտնի կեցութիւնս առիթ մը եղաւ նաեւ քաղաքակական հանդիպումներ ունենալու խորհրդարանական թէ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Հարցազրոյցներ ունեցայ նաեւ Հայկական թէ արաբական լրատուամիջոցներու հետ։

2. Ինչ են ձեր տպաւորութիւնները Աւստրալիոյ գաղութի մասին։

Անկեղծ ըսած, խոր եւ դրական տպաւորութիւններով յագեցած կը մեկնիմ այս գաղութէն։ Թերեւս դուրսէն եկող մը աւելի բան կը տեսնէ , քան ամէն օր գաղութին մէջ ապրող մեր հայրենակիցները։ Բազմերանգ գաղութ մըն է, մեծ կարելիութիւններով օժտուած։ Կայ երէցներու հսկայ փաղանգ մը Մ.Արեւելեան թէ այլ Հայկական գաղութներէ ժամանած որոնք յաջողած են տասնամեակներու ընթացքին սատարել հայապահպանման գործին ամրացնել գաղութը եւ ապահովել անոր գոյատեւումը։ Կայ նաեւ երիտասարդներու նոյնքան զանգուած մը որ իւրայատուկ կազմաւորուածութեամբ կեանքի դժուարութիւններուն կը տոկայ, եւ միաժամանակ կը ձգտի պահել իր Հայկականութիւնը, թէկուզ անգլերէն խօսելով կամ խառն ամուսնութիւններ կնքելով։ Երէցներու եւ երիտասարդներու փոխներգործակցութեամբ անպայմանօրէն կարելի է աւելի ամրացնել գաղութը, ուր թէ եկեղեցին, թէ դպրոցը, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ու բոլոր միութիւնները իրենց անվիճելի դերակատարութիւնը ունին։
Աւստրալիոյ գաղութը, հակառակ դժուարութիւններուն կենդանի գաղութ է, որ այլ գաղութներու նման յաւելեալ գուրգուրանքի կը կարօտի։

3. Իմացանք թէ 80 ական թուականներին Ազդակ թերթի խմբագիրն էք եղել, Հ.Յ.Դ մամլոյ խորհուրդի անդամ, եւ յաճախ ընթերցում էք մեր գաղութուս լոյս տեսած Արմենիա թերթը. ուրեմն ինչ գնահատում եւ կարծիքն ունիք մեր այս թերթի մասին եւ ինչպէս կարելի է աւելով բարելաւել տեղ գտած նիւթերն բովանդակութիւնը։

Ճիշտ է: Արդար է ըսել որ իմ կուսակցական կազմաւորումիս մէջ մեծ բաժին ունեցած է լրագրական փորձառութիւնս թէ Հ.Յ.Դ մամլոյ դիւանի եւ թէ Ազդակի օրաթերթի մէջ։ հետեւած եմ ու կը շարունակեմ հետեւիլ սփիւռքահայ մեր մամուլին, Արմենիա թերթը եղած է ու է իմ հետաքրքրութեանս առարկան։ 30 տարուայ իր ծառայութեան մէջ, ձեր այս թերթը ոչ միայն օգտակար դեր ունեցած է Աւստրալահայ գաղութի կեանքին մէջ, այլ մեծապէս նպաստած է անոր գոյատեւման: Թերթը, ներկայ պայմաններուն մէջ, իր ուղղուածութեամբ պարտի ըլլալ բազմակողմանի Համահայկական հարցերու արծարծման առընթեր անհրաժեշտ է անպայմանօրէն լայն տեղ տալ գաղութի առօրեայ կեանքի բոլոր երեսներուն, ու մանաւանդ տեղ տալ երիտասարդական հարցերուն ու եջերը բանալ երիտասարդութեան ու աշակերտութեան առջեւ։ Օգտակար է օրինակի համար Գօլստըն Ճեմարանի եւ շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները հանդէս գան "Արմենիա" թերթին ճամբով։

4. Ինչ են ձեր կարծիքը այսօրուայ հայկական թերթին դժուարութիւնները. Ի հարկէ եթէ կան եւ ինչպիսի մարտահրաւէրներու առաջ են կաննած մեր թերթն ընդհանրապէս։

Ընդհանրապէս գրաւոր մամուլը դժուարութեան մէջ է ամբողջ աշխարհին վրայ։ Արհեստագիտութեան զարգացումը պատճառ դարձած է որ մարդիկ հեռանան ընթերցանութիւնէ։ Նոյնն է պարագան հայ մամուլին։ Սակայն, տարբեր է Հայ մամուլին առաքելութիւնը, ինչպէս որ տարբեր է հայ դպրոցին առաքելութիւնը։ Մեր մամուլը կարիքը ունի վերանորոգման թէ անձնակազմի եւ թէ արհեստագիտութեան տեսակէտէն։ Առաքելութիւնը՝ հայապահպանման, կը մնայ նոյնը։ Նպատակին հասնելու ձեւերն են որ պէտքէ փոխուի։ Հոս կը կայանայ ընթերցողաթերթի համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

5.Գիտենք որ լիբանանի խորհրդարանի անդամ էք. Ինչպիսի դժուարութիւնների է հանդիպում հայկական գաղութը լիբանանում եւ ինչքանով հայկական գաղութը մասնակից է լիբանանում տիրած կացութեան եւ որոշ դժուարութիւններ։ Ինչպիսի է Լիբանանի հայութեան վիճակը բարոյապէս եւ տնտեսապէս. եւ ինչպիսի դժուարութիւնների հետեւանքով է որ հայութիւնը յաճախ դիմում է արտագաղթի։ Ինչ են չափանիշը այդ գաղթողների եւ արդեօք կա մի տար որ հաստատում է հայաստան աշխարհ.

Լիբանանի քաղաքական կացութեան մասին խօսիլը երկար ժամանակի կը կարօտի։ Սակայն, այդ կացութեան մէջ , Լիբանանի հայութիւնը կը շարունակէ քաջաբար ոտքի կանգնիլ։ Դժուարութիւններ՞, շատ են։ Նիւթական, ապրուստի, կրթական, ընկերային թէ այլ դժուարութիւններ կը խոչընդոտեն գաղութի զարգացման բարւոք ընթացքը։ Այմուհանդերձ կանգուն են մեր դպրոցները, կազմակերպութիւնները, մշակութային, բարեսիրական, մարզական միութիւնները։ վառ է մեր ամենօրիայ կեանքը։
Քաղաքական մարզին մէջ, հայութեան ներկայութիւնը մեծապէս զգալի է։ Երկրի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը ըլլալու հանգամանքը կը պահուի եւ մենք տեւապէս նախանձախնդիր ենք մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան։
Արտագաղթի երեւոյթը ընդհանդհանրական չէ ։ Կան պատահական արտագաղութներ, նաեւ կան Հայաստան հաստատւողներ։

6.Վերջերս թրքական իշխանութիւնները բացում կատարեցին վերանորոգուած Աղթամարի Ս.խաչ եկեղեցւոյ իբրեւ թանգարան. իբրեւ քաղաքական անձ ինչ է ձեր կարծիքն այս ակտին շուրջ եւ ինչ քաղաքականութիւն է հետապնդում թուրքիային։

Ինծի համար թուրքիոյ կատարած այս դարպասումները ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէն հայութեան շահերուն, այլ պարզապէս աւելորդ ձեւակերպութիւններ են որոնք ջուր կը լեցնեն թրքական ջաղացքին, գեղեցկացնելու իր "ժողովրդավար եւ արդիական" դէմքը։ Այս փորձերը խաբուսիկ են եւ սուտ։ Ու մենք, պատճառ չունինք գինովնալու նման արարքներէ։ Թուրքիան կը մնայ մեր թշնամին այնքան ատէն որ բռնագրաւուած կը մնան մեր հողերը ու չեն հատուցացուած մեր իրաւունքները եւ ճանաչում չէ գտած ցեղասպանութիւնը։ Մնացեալը ամբողջ "պատրանք է", ինչպէս պիտի ըսէր մեծանուն բանաստեղծը։

Հարցազրոյցը վարեց՝ Ռ.Չ

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement