ԱՀԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ- Անկիւնադարձի Ահաւոր Վրիպանք

By Asbarez | Saturday, 19 May 2018

ՏՈՔԹ. ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

 

0127shavarshchroisian

Առտու է. մեր անտառին հովանիին ներքեւ ենք, հեռուն՝ ջուրին մէջ, վենետիկեան կղզեխումբն է: Քննարկելու եւ խորանալու նախօրօք ընկճուած տրամադրութիւնը քիչ մը բարելաւուած է հիմա: Տպագրական մեր սկզբնական դարերու հաշուեկշիռի առկայ տուեալները պաշտօնապէս սեղանին վրայ կը դնենք:

Յակոբ Մեղապարտ 1512ին, Վենետիկի մէջ կը տպէ <<Ուրբաթագիրք>>ը՝ հայ տպագրութեան անդրանիկը: Աբգար Դպիր Թոխաթեցի, հաւանաբար Յակոբի ներշնչումով, նոյնպէս Վենետիկի մէջ, կը սարքէ հայատառ կարգին տպարան մը, զոր 1565ին կը փոխադրէ Պոլիս, ուր հայ քերականութեան տարրական գիրք մը կը տպէ 1568ին. անոր անունը անծանօթ է: Խաչատուր Կեսարացի Նոր Ջուղայի (Սպահան) մէջ, 1636ին կը հրատարակէ <<Սաղմոսարան>>ը:

Հայաստանի առաջին տպագրական տունը կը հաստատուի 1771ին, Վաղարշապատի մէջ եւ 1772ին կը հրատարակէ Սիմիոն Երեւանցիի <<Զբօսարան Հոգեւոր>>ը: Հիմա, ահա՝ քիչ մը զբօսանքի համարձակութիւն: Յովսէփ եպս. Արղութեան, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, 1781ին, Ռուսիոյ հայ թեմի առաջնորդին հովանաւորութեամբ՝ կը հրատարակէ <<Տետրակ Այբբենական>>ը, <<Բանալի Գիտութեան>>ը, <<Շաւիղ Լեզուագիտութեան>>ը ու Ն. Շնորհալիի <<Ընդհանրական>>ը: Վերջապէս աւելի լայն բացած ենք պատուհանները: Մխիթարեաններու Վենետիկի տպարանը գոյութիւն կ՛առնէ 1789ին:

Երեւանի առաջին տպագրատունը կը հաստատուի 1876ին ու անոր առաջին հրատարակութիւնը կ՛ըլլայ Ե. Տէր Ղեւոնդեանի <<Թռչնիկ>>ը 1880էն ետք:

Մեր խելաձայններուն վրայ <<Հայկական Հանրագիտարան>>ը տպաքանակի թիւեր չի տար: Պատմագէտ Հրանդը հիմնականին մէջ համաձայն է ցանկին բայց ան ալ թիւեր չունի: Մեր խումբէն գրականագէտ Մինասը Մխիթարեաններուն, մանաւանդ վիեննացիներուն գործին նկատմամբ շատ դրուատալից է, բայց ինքն ալ թիւեր չունի եւ կը խոստովանի, թէ իր տեղեկութիւնները կու գան Մխիթարեան աղբիւրներէն, անձամբ չէ տեսած անոնց 18րդ դարու հրատարակութիւնները: Սակայն, ըստ բանասիրուհի Լուսինէ Աւետիսեանի, 1850ին նախորդող երեք դարերուն, աշխարհի մէջ հրատարակուած հայատառ գիրքերու տպաքանակին ամբողջ գումարը չանցաւ 2600ը: Իսկ 1850էն մինչեւ 1900 լոյս տեսածներունն ալ չանցաւ 6500ը: Ոչ թէ անուն, այլ հատ գիրք: Տոտիկ-տոտիկ, նորաքայլիկ: Երեք դա՜ր: Ընվզեցնող թիւեր, նոյնիսկ եթէ առատաձեռն ու թոյլատու քառապատկէինք, ինչո՞ւ չէ՝ տասնապատկէինք: Ժողովուրդի ոչ լայն զանգուածի, ոչ իսկ վերնախաւի յառաջընթացին ծառայող թիւեր: Իրաւացի էր ուրեմն Յակոբին յոռետեսութիւնը: Ճակատգրական անկիւնադարձին վրիպեցանք դէպի տպագրութիւն համոզուած թեքումէ, ինքնագոհ շարունակեցինք երթալ մեր գիտցած հին ու փոշոտ ճամբայէն:

Մեզի ճամբորդակից Սարգիսը ունի մեղմացուցիչ բացատրութիւն մը: Տպագրութիւնը անհասանելի էր տիրակալներու կրունկին տակ գաւառի եւ գիւղի մէջ փակուած մեր ազգի զանգուածներուն: Այո, շատ հասկնալի է, բայց ուրիշներ դիտել կու տան, թէ վտիտ թիւերը տակաւին անբացատրելի կը ձգեն այդ նոյն ժամանակի Պոլսոյ, Ս. Փեթերսպուրկի, Լեմպըրկի, Ամսթերտամի, Մատրասի, Լվովի, Սպահանի նման այլազան մեծ քաղաքներու մէջ յաճախ վաճառականի բարեկեցիկ եւ ընհանրապէս բաւական խաղաղ կայք հաստատած հայկական գաղութներու տպագիր գիրքի երաշտը, ներառեալ սկզբնական Մխիթարեաններունը:

Մեզի մօտակայ Եւրոպան, տպագրութեան հայթայթած վառելանիւթի յեղաշրջական բոցավառումով, 15րդ դարուն գլխապտոյտ տուող արագութեամբ դէպի յառաջ խոյանալու սկսաւ ամենալայն ճակատի վրայ ու երբեք չդանդաղեցաւ: Ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ փախցուցինք եւրոպական <<վերածնունդ>>ին այդ գնացքը:

Արեւու լոյսին պէս աննման կենարար տպագիր գիրքին անտեսումով մեր տեղքայլը քաշքշեցինք յառաջդիմող օրրաններու մեր գաղութներէն ներս իսկ: 9րդ դարէն ասդին հայկական դպրութեան հարուստ եւ բազմակողմանի աւանդէն տպուելիք նիւթ անշուշտ թէ չէր պակսեր, բայց շուկայի ծախուելիք ապրանքէն զատ մեր այդ ժամանակի ներկայէն մրցունակ եւ ուշագրաւ բան մը տուի՞նք աշխարհին: Տպագիր նորին հանդէպ անտրամաբան կասկա՞ծ, անտեղեակ արհամարա՞նք, թէ մագաղաթապահ հաւատամքի զտարիւն ազգային նկրտում: Ձեռագիր մագաղաթը լոկ ընտրանիին իր հասանելիութեամբ ոմանց համար միջո՞ց էր համեստ հայուն վրայ հմայքն ու սանձը ամուր ի ձեռին պահելու: Դարաւոր մեկուսացմէն թորած ազգային բնո՞յթ: Դպրութենէն ձանձրո՞յթ, թէ փառաւոր անցեալին կորուստի ցաւը ետին թողնելու ու միայն հաճելի ներկայի մը ու ապագայի մը նայելու ընդյատակեայ հոգեբանութի՞ւն: Յաջողութեան հասնելու նկատմամբ կրծող անվստահութիւն, թերահաւատութիւն, յոռետեսութի՞ւն: Խտացեալ՝ ազգային հպարտութեան պարզ փլուզո՞ւմ: Ինչո՞ւ: Ինչպէ՞ս: Թնճուկը քակելիք բացատրութիւնը՝ քար պապանձում:

Առաջարկեցի եւրոպական <<վերածնունդ>>ին հակիրճ վերատեսութեամբ մը ճշդենլ ինչով եւ որքանով ձախողեցանք անոր գնացքին ճամբորդակից ըլլալու: Վերածնունդին առաջին քայլերը կը կարծուին նշմարելի եղած ըլլալ 15րդ դարուն, գրեթէ ժամանակակից մեր Լուսինեան թագաւորութեան անկման, երբ, հեգնանք, մեր մագաղաթագիր դպրութիւնը մօտ չորս դարերու ծաղկումի մը մէջ էր:

Այդ եւրոպականը, կաթոլիկ եկեղեցիի մականին տակէն դուրս գալու տակաւին վարանոտ ու վատոյժ խարխափում մըն էր՝ անցեալի լեզուներու, փիլիսոփայութիւններու եւ գրականութիւններու գիտական ուսումնասիրութեան քողին: Զարմանալիօրէն, այս շարժման քաջալերողը եղան իտալական քանի մը աւատապետական իշխանութիւններ եւ այսպէս կոչուած Հռոմէական սուրբ կայսրութիւնը՝ հարստութեան եւ տիրապետութեան իրենց մրցակցութիւնը, ի միջի այլոց, գեղարուեստներու ճամբով ցուցադրելու մտօք: Գեղարուեստները անոնց ջերմ հովանաւորումով թէ՛ ծաղկեցան, թէ՛ նեղ կրօնական սահմանէն դուրս ելան: Եւրոպայի նկարչական թանգարաներէն ներս դիւրաւ տեսանելի է նախա-15րդ դարու գրեթէ զուտ կրօնական տարրէն անցքը դիցաբանութեան, պատմութեան, ապա դիմանկարին, բնանկարին եւ հանրային առօրեայ կեանքի երեւոյթներուն:

Եւրոպական վերածնունդի յառաջխաղացքին ամբողջական չափերը, սակայն, շատ հեռու էին նկարչութեամբ սահմանափակուելէ: Եկաւ գահակալներէ շատ աւելի ազդեցիկ ու հզօր նորութիւնը՝ տպագրութիւնը: Անիկա եղաւ այն ջերմոյժը որ վերածնունդը ամենալայն ճակատի մը վրայ ճեպընթացի վրայ դրաւ, բազմակողմանի պոռթկումներ խմորեց, ցնցեց, նոյնիսկ տապալեց բրածոյ, ճահճացած ու կաշկանդող հասկացողութիւնները, բացաւ հսկայ նոր հորիզոններ: Կարկառուն մէկ օրինակ, եթէ կաթոլիկ եկեղեցւոյ նիւթականացուած թողութեան դէմ բողոքի իր <<95 Վարկածներ>>ը Մարթին Լուտերը 1517ին Վիթընպերկի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ դրան փակցուցած մագաղաթի կտորին միայն վստահած ըլլար, հովը կամ անձրեւը զայն շուտով տարած պիտի ըլար, կաթոլիկ եկեղեցին թերեւս մինչեւ օրս տակաւին պիտի շարունակէր շնորհել արծաթագին թողութիւններ, աշխարհը հաւանաբար պիտի չունենար բողոքական եկեղեցի:

Բայց, Լուտերի այդ բողոքագիրը նոյն տարին լատիներէնով տպուեցաւ Գերմանիոյ զանազան շրջաններու մէջ: Գերմաներէնի ալ թարգմանուեցաւ յաջորդ տարին, երկու շաբաթէն տպագիր տարածուեցաւ Գերմանիոյ ամէն կողմը, երկու ամիսէն ալ՝ Եւրոպայի, Ֆրանսա, Անգլիա եւ Իտալիա ներառեալ: Բարեկարգիչ բողոքականը՝ որպէս քրիստոնէական եկեղեցի, բազմանդամութեամբ այսօր կը զիջի միայն կաթոլիկին: <<Վերածնունդ>>ը, սակայն, կրօնափիլիսոփայութենէն ու նկարչութենէն անշուշտ անհուն աւելի տարածուն ուռկան նետելով՝ յառաջացաւ:

Երկնաքեր իմաստութեամբ եւ հեռատեսութեամբ Յակոբ Մեղապարտ տպագրական այդ ահարկու ուժանակը մեզի դեղագրեց Լուտերի բողոքէն հինգ տարի առաջ: Այո՛, հինգ տարի առա՛ջ: Շեշտենք ու լա՛ւ մտածենք: Մշակոյթի մեր փառաւոր անցեալին անյարիր անփութութեամբ տակաւին եւս երեք դար, դա՛ր, մենք չգիտցանք զայն կարգին ընդգրկել, մնացինք ետ: Հիմա քննարկենք թէ որքան:

 

shavarsh_chr@msn.com

 

Վրիպակ

Անհասկնալի տպագրական սխալով մը <<Ուրբաթագիրք>>ը՝ մեր առաջին հայ տպագիր գիրքի անունը, յօդուածաշարիս նախորդին՝ եօթներրորդին մէջ (<<Յակոբին Գիրքերը>>), փոխարինուած էր <<Ողբերգութիւն>>ով: Կը խնդրուի այս վերջինը անտեսել:

 

 

comments

Advertisement