«Հայրենիք»ի խմբագրական. Տօնն է Հարիւրամեայ Հրաշքին

By Հայրենիք | Monday, 28 May 2018

«Հրաշք մը միայն կրնար փրկել Արեւելահայաստանը` Արեւմտահայաստանի դժբախտ ճակատագրին ենթարկուելու անմիջական վտանգէն: Հրաշք մը միայն կրնար փրկել հայութիւնը` իր ամբողջական ու հաւանաբար վերջնական բնաջնջումէն: Հրա՛շք մը միայն կրնար դէպքերու դրութիւնը դասաւորել այնպէս, որ համամարդկային պատմութիւնը չկարենար արձանագրել իր տոմարներուն մէջ` Հայոց պատմութիւնը վերջ կը գտնէ 1918-ին…»

Հրաչ Տասնապետեան

(1965-ին, Մայիս 28-ի տօնակատարութեան առթիւ, Պէյրութ)



Վերի նշուած խօսքին մասին կարելի չէ յաւելեալ ահազանգ հնչեցնել: Այսպէս, քաջատեղեակ ըլլալով հայորդիի անզուգական մաքառումին, հաւաքական նուիրումին եւ անյողդողդ վճռակամութեան, արդե՞օք կարելի է դեռ համարել կապոյտ ու շողշողուն երկինքէն ինկած Մայիսեան հրաշք:

Պատմութեան էջերը ցոյց կու տան թէ կարճ էր այս անկախութեան տեւողութիւնը… հազիւ երեք տարի, սակայն եթէ անկարելին ու անիրագործելին՝ կարելի եւ իրագործելի դարձնելու պատմական այս սխրանքը իրագործուած չըլլար, այսօր դատապարտուած պիտի ըլլայինք պատմութեան անցած այլ երկիրներու ճակատագիրներուն նման եւ զրկուած պիտի ըլլայինք մեր հայրենիքէն:

Այո՜, յստակ թող ըլլայ մեր բոլորին, որ կարելի չէ պատմութեան մոռցուած, փոշիածածկ եւ մէկդի դրուած էջերուն մէջ պահել պատմական ճշմարտութիւններ, ճակատագրական պահեր եւ Արամեան խոնարհ հերոսապատումներ: Յաղթական դուրս եկած էր անկախութիւնը, այդ ալ երկա՜ր ու կատաղի պայքար մղելով: Յաղթանակ մը, որ թութակաբանութիւն չէ որ կը կատարենք…նշեցինք, կրկնեցինք եւ կը կրկնենք, թէ միայն հրաշքի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ:

Մէկին դէմ կար հարիւր, հազար…Անհաւասար էր պայքարը, սակայն ազգային ապրումներով տոգորուած ու կլանուած ժողովուրդ մը վերածնած էր: Այսուամենայնիւ, ցեղին ձայնն էր, որ կը հնչէր, կը զանգէր եւ …կ՛ահազանգէր:

Այսպէս, ճակատաբաց, ամէնայն խրոխտութեամբ եւ հպարտութեամբ կը տօնենք մեր պատմութեան մեծագոյն դարձակէտը, ՛՛Երբ չի մնում ելք ու ճար՛՛ին եւ անոր յաջորդող «խենթերու գտած հնար»-ին՝ Մայիս 28-ի անկախութեան հարիւրամեակը:

Այո՜, այդ օր զանգերը անդադար կը ղօղանջէին կառուցելու համար՝ նոր պետութիւն, խորհրդարան, բանակ, օրէնք, դատարան, մշակոյթ, լեզու, կրթօճախ, համալսարան, որ միասնաբար կը կազմէին ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ:

Արամներու, Դրոներու, զօրավարներ՝ Սիլիկեաններու, Բէկ Փիրումեաններու, Նազարբէկեաններու եւ դեռ շարքը երկար է պատմութեան էջերուն մէջ «խաւարած» լոյսի անծանօթ ասպետներու կերտած ՅԱՂԹԱՆԱԿն է, որ կը տօնենք…:

Իսկ այսօր…եռագոյն դրօշը դարձեալ բարձրացած է, ու կը ծածանի եւ հովին դիմաց, ինքն իր մէջ փաթթուելով ու ծածկուելով կը վերանորոգէ ապագայ սերունդին ուխտը, կամքը, յանձնառութիւնն ու հաւատքը:

Այսօր տօներուն տօնն է:

comments

Advertisement