18 Փետրուար 1921. Փետրուարեան Ապստամբութիւնը Պոռթկումն էր Հայ Ժողովուրդի Ըմբոստ՝ Ազատատենչ ու Արդարաշունչ Ոգիին

By ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՊԷՐԵԱՆ | Monday, 04 March 2019

0219revolt

Նկարին մէջ՝ Փետրուարեան Ապստամբութեան հրամանատարական կազմը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՊԷՐԵԱՆ

18 ­Փետ­րո­ւա­րը կը յու­շէ ա­մէն կար­գի բռնա­կա­լու­թեանց եւ ստրկաց­ման կա­պանք­նե­րու, ա­նի­րա­ւու­թեանց եւ ա­նար­դա­րու­թեանց դէմ հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան ապստամ­բու­թեան ան­վե­հեր ո­գին։ 98 տա­րի ա­ռաջ, 18 ­Փետ­րո­ւար 1921ին, իր ան­կախ հայ­րե­նիքն ու ա­զատ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը հա­զիւ նո­ւա­ճած, բայց եր­կու­քու­կէս տա­րի ետք լե­նի­նեւ­քե­մալ սադ­րան­քին հե­տե­ւան­քով դար­ձեալ գե­րու­թեան մատ­նո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դը, իր հե­րո­սա­կան զա­ւակ­նե­րու վճռա­կան ծա­ռա­ցու­մով, ապս­տամ­բե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պար­տադ­րո­ւած խորհրդա­յին իշ­խա­նու­թեան եւ հա­մայ­նա­վար ­Յեղ­կո­մի բռնա­տի­րու­թեան դէմ։

Փետ­րո­ւար 18ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թեան այդ ո­գին, ի­րա­ւա՛մբ, շար­ժիչ ու­ժը ե­ղած է հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան։

Սկ­սե­լով ­Բէ­լի դէմ ­Հայկ ­Նա­հա­պե­տի ա­ռաս­պե­լա­տիպ ծա­ռա­ցու­մէն, սրբա­գոր­ծո­ւե­լով Վար­դա­նանց ազ­գա­յին-քա­ղա­քակր­թա­կան ինք­նա­պահ­պան­ման ու ինք­նա­հաս­տատ­ման սրբազ­նա­գոյն պա­տե­րազ­մով, անց­նե­լով ­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թի ան­հաշտ ու ան­տե­ղի­տա­լի ծա­ռա­ցու­մէն եւ ­Դա­ւիթ ­Բէ­կի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րէն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ապս­տամ­բա­կան այդ ան­մար ո­գին մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ յառ­նե­ցաւ ­Փետ­րո­ւա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին Ապս­տամ­բու­թեամբ։

Ճիշդ ա՛յդ ո­գին էր, որ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան շուրջ 70ա­մեայ բռնա­կա­լու­թեան եւ ա­նոր հո­վա­նիին տակ ծո­ւա­րած հա­մաթր­քա­կան ա­նարգ լու­ծին դէմ իր նո­րա­գոյն ժայթ­քու­մը ու­նե­ցաւ 20 ­Փետ­րո­ւար 1988ին, երբ Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դին հետ ողջ հա­յու­թիւ­նը պայ­քա­րի դաշտ նե­տո­ւե­ցաւ՝ յա­նուն հայ­րե­նի հո­ղի ա­զա­տագ­րու­թեան, հա­յոց ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մին։

Հե­տե­ւա­բար, ինչ որ պա­տա­հե­ցաւ 18 ­Փետ­րո­ւար 1921ին, ա՛յս ա­ռու­մով, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր, ազ­գա­յին ինք­նա­հաս­տատ­ման ու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հե­րո­սա­կան ապս­տամ­բու­թիւն էր։

Հայ ժո­ղո­վուր­դը, տաս­նին­նե­րորդ դա­րու ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի 30ա­մեայ բո­վին մէջ կրա­կի իր մկրտու­թիւ­նը ստա­ցած, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ՝ հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման հնո­ցին մէջ թրծո­ւած դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րու հե­րո­սա­կան փա­ղան­գին, 18 ­Փետ­րո­ւա­րին պար­զա­պէս ապս­տամ­բե­ցաւ ի­րեն պար­տադ­րո­ւած խորհր­դա­յին բռնա­կա­լու­թեան դէմ, ո­րով­հե­տեւ հա­մայ­նա­վար ­Յեղ­կո­մի գոր­ծադ­րած խժդժու­թեանց, հա­լա­ծանք­նե­րուն եւ շա­հա­տա­կու­թեանց հե­տե­ւան­քով՝ դա­նա­կը հա­սած էր ոս­կո­րին։

Ճիշդ է, 18 ­Փետ­րո­ւա­րին դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րու եւ խմբա­պետ­նե­րու փա­ղան­գը պար­զեց Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թեան դրօ­շը, բայց էա­պէս ­Ժո­ղովր­դա­յի՛ն ըմ­բոս­տաց­ման եւ ոչ թէ պե­տա­կան յե­ղաշրջ­ման քայլ մը ե­ղաւ ­Փետ­րո­ւար 18ի պատ­մա­կերտ քայ­լը։

Գա­ղա­փա­րա­կան կամ քա­ղա­քա­կան յե­ղաշր­ջում չէր պա­տա­հա­ծը։ Ոչ ալ թե­լադ­րո­ւած էր Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վար մար­մին­նե­րուն կամ գոր­ծիչ­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք եր­կու ա­միս ա­ռաջ՝ 2 ­Դեկ­տեմ­բեր 1920ին, ի տես ­Լե­նին-­Քե­մալ մեղ­սակ­ցու­թեամբ նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ամ­բող­ջա­կան պա­շա­րու­մին եւ պե­տա­կան կոր­ծան­ման վտան­գին, եր­կու չա­րեաց փոք­րա­գոյ­նը ընտ­րեց, իշ­խա­նու­թիւ­նը զի­ջե­ցաւ խորհր­դա­յին­նե­րու լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Լեգ­րա­նին եւ, ա­նոր մի­ջո­ցաւ, Ք­րեմ­լի­նի մէջ բազ­մած պոլ­շե­ւիկ­նե­րու կող­մէ կեան­քի կո­չո­ւած Ս. ­Կա­սեա­նի, Ա. Նու­րի­ջա­նեա­նի ու Լ. Ա­թար­բէ­գեա­նի օ­րի­նա­կով ծայ­րա­յե­ղա­կան ու ցնո­րա­տես պոլ­շե­ւիկ­նե­րու այս­պէս կո­չո­ւած ­Յեղ­կո­մին…

Ըստ ա­մե­նայ­նի հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ըմ­բոս­տա­ցում ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ­Փետ­րո­ւար 18ին, ո­րով­հե­տեւ պոլ­շե­ւի­կեան քա­նի մը շա­բաթ­նե­րու իշ­խա­նու­թիւ­նը բա­ւա­րար ե­ղած էր, որ­պէս­զի յոր­դի համ­բե­րու­թեան բա­ժա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դին։

Հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը բա­ռին ա­մէ­նէն ա­հա­ւոր ու վայ­րագ ի­մաս­տով գրաւ­ման բա­նա­կի պէս վա­րո­ւե­ցան սե­փա­կան երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին հետ։ ­Խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեան եւ հա­մայ­նա­վա­րա­կան կար­գե­րու հաս­տատ­ման կար­գա­խօս­քնե­րով՝ բռնագ­րա­ւե­ցին պարզ ժո­ղո­վուր­դին ու­նե­ցած-չու­նե­ցա­ծը եւ ա­մէն կար­գի խժդժու­թեանց, հա­լա­ծան­քի ու բռնու­թեանց կա­տա­ղի ար­շաւ ծա­ւա­լե­ցին ոչ միայն հա­յոց ան­կա­խու­թիւնն ու պե­տա­կա­նու­թիւ­նը կեր­տած քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­կան ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րուն, այ­լեւ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու կա­մա­յա­կա­նու­թեանց ընդ­դի­մա­ցող շար­քա­յին քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն դէմ։

Այդ­պէ՛ս՝ գրաւ­ման բա­նա­կի վե­րա­ծուած պոլ­շե­ւի­կեան իշ­խա­նու­թեանց դէմ ուղ­ղո­ւած ծա­ռա­ցումն էր կի­զա­կէ­տը ­Փետ­րո­ւար 18ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին Ապս­տամ­բու­թեան։

Այդ­պէ՛ս, 18 ­Փետ­րո­ւար 1921ին, հայ ժո­ղո­վուր­դը հե­րո­սա­կան ու անջն­ջե­լի նոր էջ մը ա­ւել­ցուց իր հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան կար­միր մա­տեա­նին մէջ։

Հա­յոց տա­րեգ­րու­թեան մէջ ­Փետ­րո­ւար 18ը գրա­ւեց իր նշա­նա­կա­լից տե­ղը, իբ­րեւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ա­ռա­ջին ըմ­բոս­տա­ցու­մը նախ­կին ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին 1917ի ­Հոկ­տեմ­բե­րին, պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղաշր­ջու­մով հաս­տա­տո­ւած հա­մայ­նա­վար բռնա­կա­լու­թեան եւ ա­նոր գոր­ծած ա­նի­րա­ւու­թեանց ու ա­նար­դա­րու­թեանց դէմ։

Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ծանր ու օր­հա­սա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թիւ­նը, որ իբ­րեւ ա­զա­տու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան ի խնդիր ծա­ւա­լած հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ըմ­բոս­տա­ցում՝ ոչ միայն ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն չէր, այ­լեւ՝ պատ­մա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն էր։ Ա­նի­կա ան­խու­սա­փե­լի վի­րա­հատ­ման նշդրա­կի եւ փրկա­րար սրբագ­րու­մի նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գա­յին հա­մար։

Հա­կա­ռակ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան հետ ­Լեգ­րա­նի կնքած Հա­մա­ձայ­նագ­րին, որ կը նա­խա­տե­սէր պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ԴՐՕի հետ նո­րա­հաս­տատ ­Յեղ­կո­մի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ կը բա­ցա­ռէր ինք­նա­կամ հրա­ժա­րած հան­րա­պե­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րուն դէմ հա­լա­ծան­քը, ­Կա­սեան­նե­րու ­Յեղ­կո­մը լրիւ հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծեց 4 ­Դեկ­տեմ­բեր 1920էն իսկ, երբ Ե­րե­ւան գա­լով իշ­խա­նու­թիւ­նը ձեռք ա­ռաւ։

ԴՐՕ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նո­ւե­ցաւ, ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի եւ ­Հա­մա­զաս­պի տա­րո­ղու­թեամբ կա­ռա­վա­րա­կան եւ ազ­գա­յին գոր­ծիչ­ներ բանտ նե­տո­ւե­ցան, ­Զօր. ­Նա­զար­բէ­գեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Հայ­կա­կան բա­նա­կի ամ­բողջ սպա­յա­կազ­մը, 1200 սպա­ներ, հե­տիոտն աք­սո­րո­ւե­ցան դէ­պի ­Ռու­սաս­տան։ Իսկ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի օ­րի­նա­կով պե­տա­կան-կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ­ներ ընդ­յա­տակ ան­ցան՝ խոյս տա­լով նո­րա­կազմ ­Չե­կա­յի՝ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ստեղ­ծած պե­տա­կան ա­պա­հո­վու­թեան վոհ­մակ­նե­րու հե­տապն­դում­նե­րէն։

Ա­ւե­լի՛ն. ­Նու­րի­ջա­նեան­նե­րու ­Յեղ­կո­մը բնաւ չհաշ­տո­ւե­ցաւ այն ի­րո­ղու­թեան հետ, որ ա­ռանց քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­րիւ­նա­հեղ պա­տե­րազ­մի ­Հա­յաս­տան ընտ­րած էր խորհր­դայ­նաց­ման ու­ղին… ­Նո­րե­լուկ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հա­մո­զու­մով՝ հարկ էր լե­նի­նեան օ­րի­նա­չա­փու­թիւ­նը կի­րար­կել եւ ա­մէն գնով դա­սա­կար­գա­յին կռիւ… սկսիլ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Եւ թա­լանն ու հա­լա­ծան­քը մո­լեգ­նե­ցան նոյ­նինքն ժո­ղո­վուր­դին դէմ՝ յատ­կա­պէս գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րու մէջ դա­սա­կար­գա­յին շին­ծու պայ­քա­րի մթնո­լորտ հրահ­րե­լով։ ­Սե­փա­կա­նազրկու­մի եւ ինչ­քե­րու բռնագ­րաւ­ման մեծ խրախ­ճանք մը սկսան նո­րա­հաս­տատ իշ­խա­նու­թեանց վե­րին թէ ստո­րին մա­կար­դա­կի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը։

Եւ ա­հա այդ ա­տեն յոր­դե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին համ­բե­րու­թեան բա­ժա­կը։

Երբ 16 ­Փետ­րո­ւա­րին ժո­ղովր­դա­յին ըմ­բոս­տաց­ման ա­ռա­ջին խմո­րում­նե­րը սկսան եւ շրջան­նե­րէն ժո­ղո­վուր­դը, դաշ­նակ­ցա­կան եր­բեմ­նի խմբա­պետ­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ, սկսաւ շար­ժիլ դէ­պի Ե­րե­ւան, ­Յեղ­կո­մը ա­ւե­լիով մո­լեգ­նե­ցաւ։ ­Նոյ­նինքն 18 ­Փետ­րո­ւա­րի վաղ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն, Ե­րե­ւա­նի բան­տե­րուն մէջ, բա­ռա­ցիօ­րէն խոշ­տան­գո­ւե­լով՝ կա­ցի­նա­հար սպան­նո­ւե­ցան ­Հա­մա­զաս­պի օ­րի­նա­կով ազ­գա­յին հե­րոս­ներ…

Այս ի­մաս­տով պատ­մա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն ե­ղաւ 18 ­Փետ­րո­ւար 1921ի ա­րե­ւա­ծա­գին Ե­րե­ւա­նի մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին ի­րա­գոր­ծած ապս­տամ­բու­թիւ­նը, որ ոչ միայն բան­տե­րէն ա­զա­տեց իր հե­րո­սա­կան զա­ւակ­ներն ու քա­ղա­քա­կան կամ­քին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, այ­լեւ՝ իշ­խա­նու­թե­նէն խու­ճա­պա­հար փա­խուս­տի մղեց ­Կա­սեան­նե­րը…

Մին­չեւ Ապ­րիլ 2՝ ­Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ղե­կէն հե­ռու պա­հեց խորհր­դա­յին­նե­րը, ո­րոնք թէեւ ի վեր­ջոյ Կարմիր Բանակի սուիններու վե­րա­տի­րա­ցան իշ­խա­նու­թեան, բայց ար­դէն վե­րա­դար­ձան Ալ. ­Միաս­նի­կեա­նի օ­րի­նա­կով շրջա­հա­յեաց պոլ­շե­ւի­կով փո­խա­րի­նո­ւած ­Յեղ­կո­մի ղե­կա­վա­րու­թեամբ մը՝ ու­ղե­ցոյց եւ հրա­հանգ ու­նե­նա­լով… ­Հա­յաս­տա­նի մէջ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի հրահ­րու­մէն խու­սա­փե­լու լե­նի­նեան յանձ­նա­րա­րա­կա­նը։

95 տա­րի­ներ ան­ցած են ­Փետ­րո­ւար 18էն աս­դին, բայց հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ կը շա­րու­նա­կեն վառ մնալ խոր­հուրդն ու ա­ւան­դը հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին այն մեծ ապստամ­բու­թեան, ո­րուն շնոր­հիւ՝ «… ­Խա­ղա­ղու­թիւ­նը, օրհ­նու­թեան ցօ­ղի պէս, ի­ջաւ Ե­րե­ւա­նի վրայ։ ­Հա­յոց Աշ­խար­հը ա­զա­տագ­րո­ւած էր Կար­միր պա­տու­հա­սից։ Ա­րե­ւի ա­ռա­ջին ճա­ռա­գայթ­նե­րի հետ ա­զա­տու­թեան դի­ցու­հին ող­ջու­նում էր հայ ժո­ղովր­դի փրկու­թիւ­նը։ «­Մեր ­Հայ­րե­նիք ա­զա՜տ, ան­կա՜խ՝ իւր քաջ որդ­ւոց սուրբ ա­րիւ­նով»… հնչում էր ա­մէն կող­մից» (ինչ­պէս որ տա­րի­ներ ետք պի­տի վկա­յէր Յ. Ի­րա­զեկ)։

Փետ­րո­ւար 18ի տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով ան­պայ­ման ու կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է մեր­կաց­նել նեն­գա­փո­խումն ու յե­տին դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը խորհր­դա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան այն յան­կեր­գին, թէ ­Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թիւ­նը իբր «դաշ­նակ­նե­րի ա­ւան­տու­րա» էր եւ թէ հե­րո­սա­կան ըմ­բոս­տաց­ման այդ ան­մար ո­գին կը ներշն­չո­ւէր, իբր թէ, «դաշ­նա­կիզ­մի ար­կա­ծախնդրու­թե­նէն»…

Ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ խորհր­դա­յին­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն քա­րո­զե­ցին եւ փոր­ձե­ցին հայ­րե­նի հա­յու­թեան մէջ ար­մա­տա­ւո­րել այն մտայ­նու­թիւ­նը, թէ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ­Փետ­րո­ւար 18ին զէնք վեր­ցուց հայ­կա­կան իշ­խա­նու­թեանց դէմ՝ իբր թէ կա­ռա­վա­րու­թեան ղե­կին վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար։

Այդ մտայ­նու­թեան վե­րապ­րուկ­նե­րը մին­չեւ մեր օ­րե­րը նկա­տե­լի են հայ­րե­նաբ­նակ հա­յուն մօտ, որ տա­կա­ւին լրիւ չէ թօ­թա­փած ժանգ կա­պած հետ­քե­րը խորհր­դա­յին ժա­ռան­գու­թեան։

Խորհր­դա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը բնաւ չու­զեց եւ իր գա­ղա­փա­րա­կան էու­թեամբ չէր կրնար հաշ­տո­ւիլ պատ­մա­կան այն պարզ, այ­լեւ դա­ժան ճշմար­տու­թեան հետ, որ Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին ինք­նա­բուխ եւ հե­րո­սա­կան ծա­ռա­ցու­մով։

Ըն­դու­նիլ այս ճշմար­տու­թիւ­նը՝ խորհր­դա­յին­նե­րուն աչ­քին կը նշա­նա­կէր ա­կա­մայ խոս­տո­վա­նիլ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը էա­պէս իւ­րա­ցու­ցած էր ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ո­գին ե­րես­նա­մեայ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի բո­վին մէջ։

Ար­դա­րեւ, ­Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թիւ­նը տե­ղի չու­նե­ցաւ օ­րո­ւան դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ո­րո­շու­մով կամ հրա­հան­գով, այլ բռնկե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ իր մար­տա­կան ող­նա­շա­րը գտած մեր ժո­ղո­վուր­դին ինք­նա­բուխ ըմ­բոս­տա­ցու­մով, ինչ­պէս որ նոյն­քան ինք­նա­բուխ ե­ղաւ ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման ա­նո­ղոք կռո­ւի դպրո­ցէն ան­ցած դաշ­նակ­ցա­կան խմբա­պետ­նե­րու ղե­կա­վար դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ապս­տամ­բու­թեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ծա­ւալ­ման մէջ։ ­Պատ­մա­կան հիմ­նո­վին տար­բեր պայ­ման­նե­րու եւ գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան էա­պէս տար­բեր խմո­րում­նե­րու զու­գա­հեռ մը գծե­լու ա­ռու­մով՝ Փետ­րո­ւա­րեան Ապս­տամ­բու­թեան շղթա­յա­զեր­ծած Ըմ­բոս­տաց­ման Ո­գին շատ լոյս կը սփռէ մեր օ­րե­րուն բռնկած եւ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­կան ինք­նա­մաքր­ման ու վե­րածնուն­դի հո­սան­քը վա­րա­րած ­Թաւ­շեայ ­Յե­ղա­փո­խու­թեան կի­զա­կէ­տին վրայ։

comments

Advertisement