Էրտողանի Իշխանութիւնը Կը Ցնցուի

By Asbarez | Friday, 12 April 2019

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

 

0129yeghyatashjian

31 Մարտին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական ընտրութիւնները. հակառակ անոր որ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ ազգայնական Ազգային շարժում կուսակցութեան միացեալ դաշինքը ստացաւ քաղաքապետարաններու մեծամասնութիւնը (958 քաղաքապետութիւն), սակայն ծանր հարուած մը կրեց կարեւորագոյն քաղաքներու մէջ:

Ընդդիմութիւնը՝ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը եւ ազգայնական Լաւ կուսակցութիւնը միացեալ դաշինք մը կազմելով՝ շահեցան 256 քաղաքապետութիւն: Իսկ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը շահեցաւ քրտաշատ շրջաններուն մէջ:

Զմիւռնիոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ Էրտողանի դաշինքին պարտութիւնը զարմանալի չէր, սակայն բոլորը զարմացած էին, երբ Էրտողանի դաշինքը պարտուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի, Պոլսոյ եւ Անթալիոյ մէջ. իսկ ազգայնականները ծանր հարուած մը ստացան Ատանայի մէջ, ուր կեդրոնացած է իրենց ուժը:

Սակայն ի՞նչ պատահեցաւ եւ ի՞նչ կարելի է ակնկալել մօտիկ ապագային:

Ա.- Իսլամամէտ կուսակցութիւնները պառակտուած էին. «Սաատեթ» կուսակցութիւնը, որ առանձին մասնակցած էր ընտրապայքարին, Պոլսոյ մէջ ստացաւ մօտ 100.000 ձայն: Եթէ այս ձայները աւելցնէինք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ ազգայնական Ազգային շարժում կուսակցութեան դաշինքին ձայներուն վրայ, ապա անոնք յաղթական դուրս կու գային: Աւելի՛ն. վերջերս նոր բարեսիրական իսլամամէտ շարժում մը մէջտեղ ելաւ «Սուլէյմանճիներ» անունով, որ 2016ի յեղաշրջումէն ետք հակադրուած էր Էրտողանի քաղաքականութեան եւ իր քուէները ուղղեց յօգուտ Լաւ կուսակցութեան թեկնածուներուն:

Բ.- 2017էն սկսեալ Էրտողան ամէն ջանք թափեց՝ պառակտելու Ազգային շարժում կուսակցութիւնը, նպատակ ունենալով արգիլել, որ այս կուսակցութիւնը դաշինք մը կազմէ քեմալականներուն հետ: Երբ Ազգային շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի դաշնակցեցաւ Էրտողանի հետ, կուսակցութենէն հեռացան մեծ թիւով ղեկավարներ եւ Մերալ Աքշեների գլխաւորութեամբ կազմեցին նոր պահպանողական-ազգայնական կուսակցութիւն մը, որ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր ներկայութիւնը ապահովեց խորհրդարանին մէջ եւ այսօր Էրտողանի հիմնական մրցակիցն է: Էրտողանի կատարած քաղաքական աղուէսութիւնը պարզապէս հակառակ արդիւնքը տուաւ:

Գ.- Տակաւին յստակ չէ, թէ Հանրապետական-Լաւ դաշինքը կրնա՞յ վերածուիլ քաղաքական դաշինքի՝ տապալելու Էրտողանի իշխանութիւնը: Անոնք մինչեւ օրս չեն կրցած համաձայնիլ քիւրտերուն հետ եւ իրենց համար քրտական հարցի լուծման պատկերացումը շատ չի տարբերիր ներկայ իշխանութեան քաղաքականութենէն: Սակայն կարելի է, որ անոնք շահին Արեւմուտքին (մասնաւորապէս Եւրոպական Միութեան) եւ Միացեալ Նահանգներուն քաղաքական օժանդակութիւնը: Եւ ասիկա ապագային կրնայ դժուարութիւններու մատնել Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները, եթէ Հանրապետական եւ Լաւ կուսակցութիւնները հասնին իշխանութեան:

0412erdogan

 

Դ.- Էրտողանի համար Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ պատահածը ծանր հարուած մըն է, որովհետեւ այս երկու քաղաքներուն մէջ էր, որ իսլամական կազմակերպութիւնները 25 տարի առաջ սկսան զօրանալ: Հետեւաբար այս քաղաքները յատուկ նշանակութիւն ունին իրեն համար: Աւելի՛ն. տնտեսական հսկայ ծրագիրներ, զորս որդեգրած էին նախկին քաղաքապետութիւնները, այսօր վտանգի մէջ են, ինչպէս՝ նոր օդակայանի մը ծրագիրը եւ կամուրջներու ծրագիրներ:

Ե.- Եթէ զանց առնենք քաղաքները, ապա գիւղերուն եւ փոքր նահանգներուն մէջ Էրտողանի դաշինքը յաղթանակներ տարաւ. շրջաններ, ուր ան ապահովեց ձայներուն աւելի քան 80 առ հարիւրը: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ ան տակաւին ժողովրդականութիւն կը վայելէ՝ հակառակ երկրին մէջ տիրած տնտեսական ծանր պայմաններուն:

Այս բոլորը վերլուծելով՝ չենք կրնար ըսել, որ Էրտողան կրեց ծանր պարտութիւն մը, այլ ասիկա քաղաքական որոշակի ցնցում մըն էր, որ մեզի կը յիշեցնէ Յունիս 2015ի ընտրութիւնները, եւ թէ՝ Էրտողան ինչպիսի՛ քայլերու դիմեց, որ 5 ամիս ետք իր քաղաքական պարտութիւնը վերածէ յաղթանակի Նոյեմբերի ընտրութիւններուն: Էրտողան պիտի փորձէ դիմել եւ շատ հաւանաբար դիմէ նոյնանման քայլերու եւ ծրագրէ քաղաքական հարուածներ հասցնել իր հակառակորդներուն: Թուրքիոյ պատմութիւնը սերտելով՝ կը տեսնենք, որ բազմիցս քաղաքական հարուածները վերածուած են արիւնալի բախումներու:

 

Yeghia.tash@gmail.com

comments

Advertisement