Ո՞րն Է Արմատական Լուծումը

By Asbarez | Tuesday, 21 May 2019

garoarmenian

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ Վարչապետ Փաշինեանի եւ իր համախոհներու իշխանութեան գալէն ի վեր բազում անգամներ շեշտած եմ կենսական կարեւորութիւնը ամբոխը տուն ճամբելու եւ վերջ տալու զայն որպէս քաղաքական խարիսխ գործածելու վտանգաւոր մոլորութեան: Ամբոխը քաղաքական ուժ չէ եւ պիտի չըլլայ: Ան միայն կրնայ թունաւորել երկրի քաղաքական մթնոլորտը եւ զայն մղել մէկ անգուշակելի ձախաւերութենէն դէպի միւսը: Պիտի նաեւ ըսեմ, որ խորապէս հիասթափուած եմ, որ պր. վարչապետը ցարդ չ՛անդրադառնար այս տարրական ճշմարտութեան եւ կը շարունակէ իր քաղաքական յոյսերը կապել ամբոխի կարծեցեալ ուժին:

Հարց պէտք է տալ, թէ իսկապէս ի՞նչ տեղի կ՛ունենար երէկ Օփերայի հրապարակին վրայ հնարաւոր դարձնելով այն անիշխանական քաշկռտուքը, որուն ականատեսը կ՛ըլլայինք աշխարհով մէկ չհաւատալով մեր աչքերուն: Ականատես կ՛ըլլային մեր փոքրերը, մատղաշ տղաքն ու աղջիկները, որոնք կեցած էին համացանցի պաստառներուն առջեւ: Ովքե՞ր էին հրապարակի այս  գրոհականները, զորս ոստիկանութիւնը կը փորձէր զսպել եւ չէր կրնար: Մէկ բան պա՛րզ էր:  Ասոնք պր. վարչապետին համակիրներն էին: Իր վրայ հիացողները: Իր խօսքերէն սնուողները: Իր քաղաքականութեան ապաւէն հայթայթողները: Երկու հաւանական եզրակացութիւններու կարելի էր յանգիլ դիտելով բեմադրուող այս տխուր պատկերը. երկու՝ մէկը միւսէն անորակելի հետեւութիւններո՛ւ: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային պր. վարչապետին գիտութեամբ եւ հաւանութեա՞մբ… Թէ այս բոլորը տեղի կ՛ունենային պր. վարչապետի կամքին հակառակ: Ո՞րն էր այս երկուքէն, որուն պէտք էր հաւատային ՀՀ հանրութիւնը եւ Սփիւռքը գնահատական կարենալ տալու համար ստեղծուած այս կացութեան: Ամբոխը շղթայազերծելու փորձութեա՞ն, թէ ամբոխը չկարենալ զսպելու վտանգաւոր հաւանականութեան:

Կը գտնուինք մեծապէս մտահոգիչ անկիւնադարձի մը վրայ, պր. վարչապետ: Կը գտնուինք պայթուցիկ կացութեան մը առջեւ, որ պիտի կրկնէ ինքզինք նորէն ու նորէն եւ ամէն անգամ աւելի մեծ ուժգնութեամբ և անգուշակելի հետեւանքներով և մօտէն յուշելով Մարտ 1ի ողբերգութիւնը: Ժամանակն է օրուան հարցերու թակարդէն վեր ելլելու եւ հաղորդակցութեան առողջ ուղիներ հաստատելու երկրի բոլոր հարազատ քաղաքական ուժերուն հետ: Ժամանակն է մանաւանդ փողոցը տուն ճամբելու եւ միանգամընդմիշտ վերջ դնելու այս վտանգաւոր խաղին:

Ժամանակն է հիմը դնելու քաղաքական առողջ բանավէճի մշակոյթին: Այս իշխանութիւնը ողբալիօրէն պարտուած է առանց այդ բանավէճին: Պարտուած է բոլոր իր մեծամասնութիւններով հանդերձ: Եւ ձեր այդ ճակատագրական պարտութիւնը ուղիղ յառաջատուութեամբ (progression) կը վերածուի մեր պետականութեան պարտութեան: Մի հաւատաք բոլոր այն փուճ սիրալիրութիւններուն, զորս Արեւմուտքն ու Արեւելքը կը շռայլեն ձեզի ձեր այցելութիւններու ընթացքին:

Ես կ՛ուզեմ յիշեցնել ձեզի, որ դուք հարկադրուած էք մեր պետականութեան դատը շահելու մեր հայրենի հողի՛ն վրայ: Պիտի կարողանաք շահիլ ամէն մէկ քաղաքի ու գիւղի մէջ եւ ամէն մէկ գաղթօճախի: Պիտի շահիք ոչ թէ ձեր քաղաքական դիրքերը ամրացնելու սին միտումով, այլ ամրապնդել ջանալով մեր երկրի լինելիութան հիմքերը: Ձեր յաղթանակի գրաւականը ձեր համախոհները չեն եւ չեն կրնար ըլլալ: Պետականութեան ղեկավարը պիտի կարողանայ ինքզինք անջատել կուսակցական ղեկավարի բռնութենէն եւ ինքզինք նուիրել ազգի եւ հայրենիքի ղեկավարման նուրբ ու պատասխանատու գործին: Ձեր գործի փորձադաշտը կը գտնուի այն իսկ տեղը, որմէ դուք յայտնօրէն կը թուիք խորշիլ: Դուք անկեղծօրէն պիտի փնտռէք ձեր ընդդիմախօսներու «կնճռոտ» խորհրդակցութիւնն ու վէճը փոխանակ բանտարկուելու ձեր համախոհներու նեղ աշխարհին մէջ: Դուք պիտի կարողանաք խօսիլ մեզի՛ եւ այլ ընդդիմադիր ուժերու հետ կարենալ միաւորելու համար երկիրը իր սուր ընելիքներուն շուրջ:

Այն, ինչը տեղի կ՛ունենայ այսօր դեռ ախտանիշն է գալիքին: Երկիրը մտած կը թուի ըլլալ այնպիսի սխալ տարերոյթի (dynamics) մը ալիքին մէջ, որ միայն կրնայ ուտել իր կենսունակութիւնը, եւ որմէ պէտք է դուրս գալ ամէն գնով, առանց այլևայլի: Եւ կտրականապէս վե՛րջ տալ յեղափոխութիւն խաղալու անպտուղ փորձերուն եւ լծուիլ իսկական գործին: Երկիրը պէտք ունի համակարգային եւ արմատական փոփոխութիւններու: Երկիրը պէտք ունի իր տնտեսաձեւը արդիականացնելու, զայն ուժականացնելու, զայն մարդկայնացնելու: Երկիրը պէտք ունի աղքատութեան ճիրաններէն ձերբազատուելու: Երկիրը պէտք ունի իր գործօն, հպարտ, ինքնավստահ եւ ապագայասեւեռ մարդուն: Երկիրը պէտք ունի իր հարազատ զաւակին, որ փարի իր հողին եւ ազգային բարիք ստեղծէ: Այն զանգուածը, զոր դուք գազազած ամբոխի վերածեցիք, պէտք է վերադառնայ ինքզինքին եւ իր հայրենի առաքելութեան ու իր գոյութեան իմաստը փնտռէ մեր դժուար – բայց անպայման փայլո՛ւն – ապագան կերտելու գործին մէջ: Եւ այս ճամբան այլընտրանք չունի: Մեր կեանքի բոլոր դաժան հարցականներու բանալին կը գտնուի այս արմատական լուծման մէջ:

comments

Advertisement