Դամբանական. Ընկեր Էտի Ճղլեանի

By Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Արամ Մանուկեան Կոմիտէ | Saturday, 06 July 2019



Դամբանական` Ընկեր Էտի Ճղլեանի

Սիրելի սգակիր հարազատներ, բարեկամներ
Եւ Գաղափարի ընկեր-ընկերուհիներ.

Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէութեան, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ «Դրօ» Կեդրոնական կոմիտէութեան եւ բոլոր ընկերներուն կողմէ, խորին կսկիծով կը սգանք մեր թանկագին ընկերոջ` Ընկ. Էտի Ճղլեանի կորուստը, որուն ամբողջ կեանքը եղաւ նուիրում, զոհողութիւն եւ անսակարկ պատրաստակամութիւն ծառայելու իր շատ պաշտելի ընտանիքին, մայր Հայաստանին եւ Արցախին:

Ընկ. Էտի Ճղլեան ոչ եւս է:

Դաժան ճակատագիրը անբուժելի հիւանդութեամբ մը հարուածեց զայն: Կեանքի մնալու երկար պայքարէ մը ետք,  27 Յունիս 2019-ին, անոր սուրբ հոգին բաժնուելով մարմնէն, ինքզինք յանձնեց Երկնային Նախախնամութեան:

Էտին ծնած է 15 Փետրուար 1954-ին, Հալէպ: Նախնական ուսումն ու կրթութիւնը ստացած է «Մխիթարեան» վարժարանին մէջ (Հալէպ), որմէ ետք ինքնաշարժներու նորոգութեան ասպարէզին մէջ ցուցաբերած է բացառիկ հմտութիւն: 18 տարեկանին ընտանիքին հետ միասին, գաղթած է Աւստրալիա եւ այդտեղ իր եղբօր՝ Գօգոյին հետ միասին ունեցած են ինքնաշարժներու նորոգութեան գործարան մը:

Շատ երիտասարդ տարիքէն, ան իր գեղեցիկ եւ հրապուրիչ ձայնով, զարդն ու փառքը դարձաւ մեր բեմերուն: Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ, աշուղական, ազգային եւ յեղափոխական երգերով, ան բոլորին փոխադրեց դէպի մեր հայկական աշխարհը, դէպի մեր հողերը պահանջելու իրաւունքը եւ մանաւանդ Արցախին ու մեր պաշտելի Արարատին տէր դառնալու հրամայական պարտաւորութիւնը: Ազգասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ խանդավառելով բոլոր շրջաններու հայ ժողովուրդը, ան դարձաւ բոլորին շատ սիրելի Էտուարը:

Կազմելով իր անձնական «Սպիտակ» նուագախումբը, ելոյթներ ունեցաւ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Լիբանանի եւ Հալէպի մէջ:

1980-ին, անցաւ Հ.Յ.Դ.-ի շարքերը եւ մինչեւ մահ գործեց որպէս օրինակելի, համեստ, նուիրեալ եւ հաւատարիմ դաշնակցական:

1987-ին, Լիբանանի մէջ, ծանօթացաւ իր կեանքի ընկերոջ՝ Զեփիւռին հետ, պսակուեցան եւ յետագային բախտաւորուեցան դուստրով մը՝ Լիանա եւ մանչ զաւակով մը՝ Օննիկ:

Տարիներու աշխատանքի արդիւնքն էր, իր «Իմ Սիրելի Աշտարակ» ձայնապնակը, որ իր որակով եւ երաժշտութեամբ շատ մեծ յաջողութիւն արձանագրած է ամենուրէք:

Ամէն դժուարութիւն յաղթահարելով, 1993-ին, Էտին պատրաստեց «Ղարաբաղի Մարտիկներուն» ձայներիզը, որ մեծ յաջողութիւն արձանագրեց բոլոր շրջաններուն` մասնաւորաբար Արցախի մէջ: Սոյն ձայներիզին մէջ, Վահէ Օշական` իր խօսքով ու օժանդակութեամբ եւ Էտին` իր անմոռանալի ձայնով ներկայացուցին Ղարաբաղի մարտիկներու երգը, որ պատանեկութեան եւ երիտասարդութեանն մէջ հրաբուխի պէս պայթեցուց պահանջատիրութեան արդար ոգին: Յիշեալ ձայներիզին հասոյթը յատկացուեցաւ Հայաստանին եւ Արցախին:

1997-ին, Էտին իր ընտանիքով վերադարձաւ Հալէպ, որպէսզի զայն պահէ հայկական մթնոլորտի եւ միջավայրի մէջ: Դժբախտաբար Սուրիոյ պատերազմը պատճառ եղաւ, որ 2009-ին անգամ մը եւս փոխադրուի Աւստրալիա:

2012-ին, Էտին վարակուեցաւ անբուժելի հիւանդութեամբ, եւ տարիներ շարունակ, Լիանայի եւ Օննիկի օժանդակութեամբ,  խնամուեցաւ իր տիկնոջ` Զեփիւռի կողմէ: Այս հանգրուանին, ան նաեւ շրջապատուած էր իր թանկագին հարազատներով, ինչպէս՝ Մօր, քրոջ՝ Էլոյի, եղբօր՝ Գօգոյի, Մայտայի եւ Ժանի կողմէ:

Անմար մնայ յիշատակդ, սիրելի՛ ընկ. Էտի:

Հիմա, որ եկած է պահը հրաժեշտի, այս քանի մը տողը խունկ ու աղօթք ըլլայ քու անթառամ շիրիմիդ:

Քու պարզ, համեստ եւ տիպար դաշնակցականի արժանավայել կեցուածքդ, աննման աշուղական ձայնդ մեր հետ մնայ յաւիտեան:

Թող վերջացնեմ խօսքս «Դրոյի յիշատակին» երգով, որ դուն շատ կը սիրէիր երգել միշտ:

«Արի՛ դու քա՛ջ Դրօ, բազկիդ ուժը բեր,
Հեծիր քո ճերմակ ձին, քշի՛ր սարն ի վեր,
Ձայնիր քո քաջերին՝ քնած թէ արթուն,
Փրկիր քո հայրենիք, չքնաղ Սուրմալուն:»


- Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Արամ Մանուկեան Կոմիտէ

comments

Advertisement