Հարցազրոյց Հահաստանի մէջ.- Կլատիս Պերեճիքլեան Յոյսով է Աւստրալիան Մօտ Ապագային Պիտի Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

By Armen Press | Saturday, 20 July 2019

Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգապետ Կլատիս Պերեճիքլեան չորրորդ անգամ ըլլալով կը գտնուի Հայաստան: Այս անգամ այցը մասնաւոր է, սակայն հանդիպումներ կայացած են ՀՀ վարչապետի եւ նախագահի հետ: Armenpress.am-ը Կլատիս Պերեճիքլեանի հետ զրուցած է յառաջիկայ ծրագրերուն, Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի հայ համայնքին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այլ թեմաներու շուրջ: Հարցազրոյցը կը ներկայացնենք Արեւմտահայերէնի վերածուած.

– Օրդ Պերեճիքլեան, 2019 Մարտ 23-ին Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ դարձաք նահանգի հայ եւ կին առաջին ընտրուած նահանգապետը: Նիւ Սաութ Ուէյլզը իր մեծութեամբ եւ բնակչութեան քանակով քանի մը անգամ կը գերազանցէ Հայաստանը, իր տնտեսութեամբ կը գերազանցէ նաեւ շարք մը առաջատար երկիրներ: Համագործակցութեան ինչպիսի՞ հեռանկարներ կը տեսնէք Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Փոխգործակցութեան ծրագրեր ունի՞ք, որոնք այս ընթացքին արդէն քննարկած էք Հայաստանի վարչապետին կամ նախագահին հետ:

– Ծրագրերը շատ լայն են, եւ յոյս ունիմ, որ ապագային պիտի կարենանք պաշտօնական մակարդակով հզօր կապեր ստեղծել, որովհետեւ ոչ պաշտօնական մակարդակով մեր սրտերը շատ մօտ են: Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի հայ համայնքը շատ հզօր է: Հայ համայնքի անդամները միշտ կ՝ուզեն ոչ միայն այցելել Հայաստան, այլ նաեւ օգտակար ըլլալ երկրին: Պաշտօնական մակարդակով յարաբերութիւնները խորացնելու հարցը շատ լուրջ քննարկեցինք թէ՛ վարչապետի, թէ՛ նախագահի հետ, եւ յոյս ունիմ, որ ապագային պիտի կրնանք մեր յարաբերութիւններուն պաշտօնական կարգավիճակ տալ:

– Հայաստան այցելած էք նաեւ 2013-ին՝ աւստրալական քաղաքական գործիչներու պատուիրակութեան կազմով։ Այդ այցէն անցած է 6 տարի, ի՞նչ փոփոխութիւններ կը նկատէք այսօր Հայաստանի մէջ եւ ի՞նչ տպաւորութիւններ ունիք:

– Ասիկա առաջին անգամ է, որ Հայաստան կ՝այցելեմ իբրեւ նահանգապետ, բայց, ընդհանուր առմամբ, չորրորդ այցն է: Այստեղ ազգականներ ունիմ, եւ միշտ կը փորձեմ գալ Հայաստան: Հայաստանի մէջ նկատած եմ շատ փոփոխութիւններ: Կը կարծեմ` ժողովուրդը աւելի լաւատես է, ապագայի նկատմամբ աւելի յոյսով լեցուած է, շինարարութիւնը բաւական կը զարգանայ, սակայն որոշ հարցեր կան, որոնք ապագային պէտք է լուծուին: Բայց ես լաւատես եմ Հայաստանի հետ կապուած եւ կը զգամ, որ Սփիւռքի հայութիւնը միշտ Հայաստանի կողքին կանգնած է:

– Հայաստանի մէջ ի՞նչը ձեզի առաւել գրաւած է, եւ Նիւ Սաութ Ուէյլզ զբօսաշրջիկներուն ի՞նչը կրնայ գրաւել, որպէսզի անոնք ալ այցելեն Հայաստան:

– Կը կարծեմ` Հայաստանի մէջ կը գրաւեն անոյշ պատմութիւնը, տեսարժան վայրերը: Հայաստանը աւելի լաւ ձեւով պէտք է մատուցէ իր հարստութիւնները, մանաւանդ պատմական արժէք ներկայացնող կոթողները: Օրինակ` արեւմտեան աշխարհը, եթէ տեղեկանայ, որ այստեղ գոյութիւն ունին 4-5-րդ դարերու եկեղեցիներ, անոնց մէջ մեծ հետաքրքրութիւն պիտի յառաջանայ:

– Նախորդ անգամ նաեւ Արցախ այցելած էիք, այս անգամ այդպիսի այց կը նախատեսէ՞ք:

– Դժբախտաբար, ո՛չ: Այս անգամ այցը շատ կարճ է, միայն մէկ շաբաթով ժամանած եմ ընտանեկան հարցերով, պէտք է մասնակցիմ հարսանեկան արարողութեան: Բայց ապագային դարձեալ պիտի այցելեմ Արցախ, երկու անգամ այնտեղ եղած եմ, եւ միշտ ընկերներս կը յորդորեմ, որ իրենք ալ երթան: Մօտ ապագային Աւստրալիայէն պատգամաւորական այլ խումբ պիտի ժամանէ, յոյսով եմ, որ անոնք պիտի երթան Արցախ:

– Հպարտօրէն կը նշէք, որ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիքի թոռնուհի էք, ձեր գործունէութեան ընթացքին բազմիցս Աւստրալիոյ իշխանութիւններուն կոչ ըրած էք ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ըստ ձեզի՝ Աւստրալիան ե՞րբ պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան ատոր համար, եւ ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէք այդ ուղղութեամբ:

– Մեր նահանգը արդէն 20 տարի է` ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Արցախի անկախութիւնը՝ նոյնպէս: Մենք յոյսով ենք, որ Աւստրալիան նոյնպէս պիտի ճանչնայ, եթէ Գերմանիան եւ որոշ երկիրներ կրնան ճանչնալ, եւ ես միշտ իմ խորհրդարանական ընկերներու մօտ այդ հարցը կը բարձրացնեմ: Յոյսով եմ, որ մօտ ժամանակներս Աւստրալիան նոյնպէս պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

– Հայաստանէն դուրս բարձր պաշտօններու շատ քիչ թիւով հայեր կրնան հասնիլ: Ի՞նչ խորհուրդ պիտի տաք Սփիւռքի մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն, որոնք դեռ նոր կը պատրաստուին զբաղիլ քաղաքականութեամբ:

– Երկու բան միշտ օգնած է զիս` հաւատքն ու աշխատասիրութիւնը: Եթէ անընդհատ աշխատիս, ամէն ինչ կրնաս ընել: Ինծի միշտ կը հարցնեն, թէ ո՞րն է գաղտնիքը, կ՝ըսեմ` գաղտնիք չկայ: Գիշեր-ցերեկ պէտք է աշխատիս, եւ պէտք է միշտ լաւատես ըլլաս, այդ երկու բաները շատ կարեւոր են:

– Ապագային աւելի բարձր պաշտօններ զբաղցնելու ծրագրեր ու նպատակներ ունի՞ք:

– Ոչ, իմ նահանգապետի պաշտօնը բաւական է: Սակայն 17 տարի առաջ, երբ խորհրդարանի անդամ դարձայ, բնաւ չէի պատկերացներ, որ օր մը նահանգապետ պիտի ըլլամ: Բայց կամաց-կամաց, երբ մէկ յաջողութիւն արձանագրես, կը հասկնաս, որ միւսին եւս կրնաս հասնիլ: Այդպէս հասայ այս պաշտօնին:

– Շնորհակալ եմ հարցազրոյցի համար:


Հարցազրոյցը` Նորայր Շողիկեանի
Լուսանկարները` Տաթեւ Դուրեանի

comments

Advertisement