Պատերազմը Հասաւ Իր Աւարտին Բայց Ոչ Մեր Պայքարը

By armenia.com.au | Thursday, 12 November 2020


(Photo credit @Panakhos)


44 օրերէ ի վեր հաւանաբար որեւէ մէկ Հայ անհատ հանգիստ քուն չէր ունեցած: Ինչպէ՞ս ունենար երբ իր վաղեմի թշնամիները՝ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը յարձակէին արիւնով ազատագրուած Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ: 

44 օրեր շարունակ Հայոց բանակը անկարելին կարելիի վերածելով կրցաւ դիմադրել ու պայքարիլ վերջին արդիական զինամթերքով օժտուած ահաբեկիչ վարձկաններուն, Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ կանոնաւոր զօրքերուն դէմ: 

44 օրեր շարունակ Հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու Աւստրալիոյ մէջ անհամբեր կը հետեւէինք լուրերուն եւ քարտէսներուն նայելով կը փորձէինք աւելի մօտէն հասկնալ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: 

44 օրերու ընթացքին Աւստրալահայ գաղութը ցուցաբերեց աննախընթաց միասնական աշխատանք մը: Եկեղեցիներ, կազմակերպութիւններ, միութիւններ, հաստատութիւններ եւ անհատներ բոլորովին մէկ կողմ դնելով մեր տարբերութիւնները մէկ մարդու նման քով քովի կանգնած պայքարեցանք յանուն մեր ազգի ու սուրբ Հայրենիքին: 

44 օրերու ընթացքին մեր գաղութը ճիգ չխնայեց ու տարբեր միջոցներով հանգանակութիւններ կատարեց: Մեր եկեղեցիները, ակումբներն ու կեդրոնները լեցուած էին գաղութի զաւակներով, որոնք եկած էին իրենց նիւթական օժանդակութիւնը ցուցաբերելու: Աւանդական հանգանակութեան ձեւերու կողքին հպարտութեամբ դիտեցինք մեր գաղութի եւ յատկապէս երիտասարդութեան կողմէ որդեգրուած հանգանակութեան նոր միջոցները: 

44 օրերու ընթացքին մեր պահանջատիրական պայքարը Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի առաջնորդութեամբ նուաճեց նորանոր յաջողութիւններ ու 21րդ դարի մեր գաղութի երիտասարդները կրցան հաստատել մեր բոլորին թէ անոնք պատրաստ են ըլլալու համար մեր ազգի պահանջատիրական բանակը: 

Երեքշաբթի առաւօտ բոլորս լսեցինք այն մտահոգիչ համաձայնութիւնը որը ստորագրուած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Իւրաքանչիւրս ունի իր տեսակէտը եւ իր արժեւորումը համաձայնագրի մասին: Սակայն վստահ եմ որ իւրաքանչիւրիս սիրտը կը ցաւեր երբ այդ համաձայնութեան յայտարարութիւնը կը կարդար: Վստահ եմ որ շատեր պահ մը մտածեցին թէ ամէն ինչ վերջացած է: Վստահ եմ որ շատեր մինչեւ այսօր չեն ուզեր հաւատալ որ այդ մէկը իրականութիւն է: Սակայն պէտք է ընդունինք մեր նոր իրականութիւնը: 

Մեր պատմութիւնը լեցուն է վերիվայրումներով՝ փառաւոր յաղթանակներով եւ դաստիարակիչ պարտութիւններով: Մեր նախահայրերը տեսան ջարդ, հալածանք, ցեղասպանութիւն, խորհրդայնացման օրեր ինչպէս նաեւ տեսան Մայիսեան անկախութիւն, Արցախի ազատագրում եւ Ազատ ու Անկախ Հայաստան: 

44 օրուայ այս պատերազմէն բազմաթիւ դասեր ունինք սորվելիք: 

Իբր գաղութ մեր հիմնական ձեռքբերումներէն մէկն էր մեր միասնականութիւնը, մեր ամբողջական ներուժի տրամադրումը յանուն մէկ նպատակի, մեր հետեւողական աշխատանքն ու մեր ջանքերու մէկտեղումը: 

Պատերազմը հասաւ իր աւարտին բայց ոչ մեր պայքարը: Այսօր մեր Հայրենիքը աւելի քան երբեք մեր օժանդակութեան պէտք ունի: Մեր Արցախի հայրենակիցները որոնք անտուն մնացին, որոնք այրի ու որբ մնացին պէտք ունին իրենց հայրենակիցներուն: Պէտք ունին մեր օժանդակութեան: Պէտք ունին մեր նիւթական օժանդակութեան եւ միեւնոյն ժամանակ մեր պահանջատիրական աշխատանքներուն:  

Ժամանակի հրամայականն է սրբել մեր արցունքները, խեղդել մեր ցաւերը ու ձեռք ձեռքի տալով եւ միասնական ուժով շարունակել պայքարը: Պայքար մը որ այսօր կը պահանջէ շատ աւելի թափ ու ճիգ ի նպաստ մեր Հայրենիքին ու ի նպաստ մեր հայրենակիցներուն: 

Արցախը իր ամբողջականութեամբ մեր սրտերուն մէջ է ու մենք պէտք է շարունակենք մեր պայքարը որպէսզի անգամ մը եւս արժանանայ իր անկախութեան ու Արցախի մեր հայրենակիցները իրենց հողին վրայ ազատ ապրելու ու արարելու առիթը ունենան:

comments

Advertisement