ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 105-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

By armenia.com.au | Monday, 22 March 2010

Մարդակերտ դարբինը։ Այդպիսին չկար։ Բայց կար մէկը, որ երիտասարդութեան մէջ ամէնից կարողն էր՝ նոր գործը կազմակերպելու համար։ Նա ոչ տաղանդաւոր հրապարակախօս էր, ոչ փայլուն հռետոր. մի պարզ, անպաճոյճ տիպ էր։ Նա ունէր միայն մի եզական յատկութիւն. անկեղծ հաւատ դէպի նոր գործը եւ անպայման անձնուիրութիւն։ Քրիստափոր Միքայէլեանն էր։
ԱԼ. ՇԻՐՎԱՆԶԱԴԷ

Կան անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին գործած են աշխուժ եւ տիրական կերպով, բայց եւ այնպէս անոնց «գործունէութիւնը» շարունակուած է նաեւ յետ մահու։ Այդ դէմքերէն է Քրիստափոր Միքայէլեան՝ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյնն ու կեդրոնական դէմքը, որ մեր ժողովուրդի նորագոյն շրջանի պատմութեան մէջ անկրկնելի բարձունք մը նուաճեց իբրեւ հայու յեղափոխական յանդգնութեան ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ դարբինը։

Կամքեր կռանելու եւ հզօրացնելու բնատուր տաղանդով օժտուած էր ան ու կրցաւ հայոց ցիրուցան եւ եսակեդրոն կամքերէն հաւաքական ու կազմակերպ ուժ ստեղծել՝ բոլորը միաձուլելով անսակարկ զոհաբերութեամբ եւ երկաթեայ կարգապահութեամբ։ Ի զուր չէ, որ Սիմոն Զաւարեան անոր մասին ըսած է «...Եւ ամէն անգամ որ գաղափարական շրջաններում թուլանում է համերաշխութեան միտքը, ամէն մէկը յիշում է երեւի Քրիստափորի տեսակէտը. «Բաւական է, որ մարդս անկեղծօրէն նուիրուած ըլլայ գաղափարին եւ համամիտ է քեզ հետ մօտակայ գործունէութեան նկատմամբ, այդպիսի մարդու հետ միշտ օգտակար է գործել ձեռք-ձեռքի։ Դա ճիշդ էր տասը տարի առաջ, ճիշդ է հիմա, ճիշդ կը լինի կարծեմ եւ ապագայում։ Դժբախտաբար, այդ ճշմարտութիւնը իրականացնելու համար հարկաւոր է ոչ միայն նրա ճշտութեան գիտակցութիւնը, այլեւ պէտք է ունենալ այն համբերատար ու հաշտեցնող բնաւորութիւնը, հարկաւոր է ունենալ այն բնական նկարագիրը, որով օժտուած են լինում միայն Քրիստափորի նման բացառիկ դրական անհատեր։

Արդարեւ, Քրիստափոր Միքայէլեանի կենսագրական տուեալներուն ուսումնասիրութեամբ պարզ ու բացայայտ կը դառնան հիմնական երեք արժեչափեր՝ ազգային պատկանելիութեան հպարտանքը, գիտականացած մտածողութեան անհրաժեշտութիւնն ու ազնուադրոշմ արարքներու կենսագործումը։ Անոր մտածողութեան ամէնէն էական դրոշմներէն մէկը կարելի է սեպել քաղաքականացման ու յեղափոխականացման վարքագիծը։

Անվարան կարելի է հաստատել, որ Քրիստափոր կրցաւ իր ժամանակին շունչն ու ոգին մարմնաւորել, ընդգծելով ազգային ինքնավստահութեան ու համոզումին հրամայական պահանջը, յարատեւ կռիւի ճամբով շարունակելու ազգային դատի հետապնդումն ու պայքարը։

Տիտան այս կերպարի տրամաբանութեան ու աշխարհահայեացքին առանցքը հանդիսացաւ նաեւ նորահաս սերունդին քաղաքականացման ճամբան հարթելու անհրաժեշտութիւնը, եւ, շնորհիւ իր լայնամիտ եւ ազնուադրոշմ նկարագիրին, կրցաւ ամբողջ փաղանգներ առաջնորդել։

Քրիստափորի ամէնէն հիմնական նշանաբանը «յարատեւ կռիւ»ին մէջ ամփոփուած չյուսահատելու պատգամն է, որ մեր անձնական կեանքին մէջ եւս բնորոշ դերակատարութիւն ունենալով, ցոյց կու տայ հաւաքական մեր կեանքին արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու մեծագոյն արժանիքը։ Անոր կեանքին ընդմէջէն՝ մենք կը սորվինք հաւաքական շրջապատի մը ճիշդ կողմնորոշումը ընդգծելու ուսմունքը, որովհետեւ կարելի չէ ղեկավարել ժողովուրդ մը, վերականգնել հայրենիք մը կամ ապահովել ժողովուրդի մը բարօրութիւնն ու յառաջդիմութիւնը, առանց վկայակոչելու նմանատիպ անձնաւորութիւններու կենսափիլիսոփայութիւնը, որ խարսխուած է լիարժէքօրէն ազգային սկզբունքներուն վրայ։

Միւս կողմէ, Քրիստափորի ազգային ու ընկերվարական աշխարհահայեացքը կը զգենուր տարբեր երանգ ու գրաւչութիւն։ Աւելի քան հարիւր տարուան հեռաւորութեամբ, անոր ուսուցած գաղափարախօսութիւնը, ոչ մէկ ձեւով կը զիջի ժամանակակից կեանքի ըմբռնումներէն, հակառակ կեանքի թաւալքին եւ արհեստագիտութեան խօլ արշաւին։ Խորքային հասկացողութեամբ բիւրեղացած անոր միտքերը, մտածումներն ու յատկապէս ընկերվար-ժողովրդավար համոզումները՝ երախտագիտութեամբ ընկալուեցան նոյնիսկ այդ օրերու օտար մեծութիւններու կողմէ։

Քրիստափորի գրիչին պատկանող վաւերական գրականութիւնը, համապարփակ իր տարողութեամբ անգնահատելի ներդրում ունեցաւ հետագայ ժամանակներու ազգային մտածողութեան ձեւաւորումին եւ պատմական դերակատարութեան։

Իր նահատակութեամբ եւս Դաշնակցութեան հիմնադիրը պատմական օրինակ մարմնաւորեց։ Յեղափոխութեան ղեկավարը սեփական օրինակը տուաւ յանուն գաղափարի գերագոյն զոհաբերութեան։ Եւ որքան տարիները կ՚անցնին, հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն մօտ աւելիով կ՚արմատաւորուի հմայքն ու խորհուրդը Քրիստափոր Միքայէլեան անուն Հայ յեղափոխականին, որ իր անձին օրինակով, երկաթեայ կամքով եւ քաղաքական մտածողութեամբ վերջնականապէս փշրեց դարաւոր ստրկութեան շղթաները եւ կերտեց հայու արդի կերպարը՝ Հայաստանի ազատութեան համար յարատեւ կռուի պատրաստ աննկուն հայ յեղափոխականը։

comments