Հիմքերու Հիմքը

By Asbarez | Tuesday, 07 March 2017

ԱՂՈՒԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

 

Դաշնակցութիւնը կը սկսի նախընտրական քարոզարշաւը՝ մեր ծրագիրին ներկայացումով: Որովհետեւ մենք, ի տարբերութիւն շատ-շատերու, գաղափարախօսութիւն, ծրագիր, արժեհամակարգ, փորձառութիւն ունեցող կուսակցութիւն ենք: Կը սկսինք՝ <<Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան>> կարգախօսով: Մեզի համար արդարութիւնը հիմքերու հիմքն է: Արդարութիւնը հայ ժողովուրդի տեսակի, բնոյթի, էութեան մէջ է: Արդար Հայաստանը, մեր ընկալումով, ազատ, ժողովրդավար, խաղաղ, ուժեղ, զարգացող, ինքնիշխան, բարեկեցիկ, երիտասարդ, իրաւունքի Հայաստանն է:

Մենք անոր պիտի հասնինք: Մենք արդէն երկրին մէջ համակարգային, որակական փոփոխութիւններու նոր սկիզբ դրած ենք: Մինչ ուրիշներ կը խօսին փոփոխութիւններու մասին, մենք այդ փոփոխութիւնները կը կատարենք:

Հիմա ես ձեզի քանի մը պարզ հարցում ունիմ:

  1. Այս ընտրութիւններուն, բացի Դաշնակցութենէն, չորս դաշինք ու չորս կուսակցութիւն կը մասնակցին: Ուշադիր նայեցէք ու ըսէք՝ արդեօք այդ չորս կուսակցութիւնները դաշինքներ չե՞ն՝ իրենց կազմով, խայտաբղէտութեամբ, ներքին հակասութիւններով: Արդեօք միակ իրական կուսակցութիւնը Դաշնակցութիւնը չէ՞:
  2. Ուշադիր նայեցէք՝ մասնակից ուժերէն ո՞րն է, որ մէկ անձի, մէկ առաջնորդի կուսակցութիւն չէ:
  3. Ո՞ր ուժն է, որ ներկայ է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ Արցախի ու աշխարհի 30է աւելի երկիրներու մէջ եւ ամէնուր հայկական շահերու պաշտպանութեան հարցով ազդեցութիւն ունի:
  4. Ո՞ր ուժն է, որ հետեւողական է, չէ շեղած իր սկզբունքներէն, ամբոխավար չէ, կը մարմնաւորէ ե՛ւ հայ զինուորը, ե՛ւ աշխատաւորը, ե՛ւ մտաւորականը:
  5. Ո՞ր ուժն է, որուն ապագայ խմբակցութիւնը նոր Ազգային ժողովին մէջ բացառուած է որ քայքայուի, տարբեր մասերու բաժնուի:

Խնդրեմ՝ ձեր միտքին մէջ պատասխանեցէք այս հարցումներուն, եւ ընտրութիւնը ակնյայտ կը դառնայ: Դաշնակցութի՛ւնն է ձեր կուսակցութիւնը: Դաշնակցութեան գաղափարները պիտի յաղթեն:

Պիտի յաղթէ Հայաստա՛նը>>:

 


comments

Advertisement