Յոյսը Պէտք Չէ Մեռնի

By Asbarez | Thursday, 09 March 2017


Հայաստանի մէջ ընթացող նախընտրական պայքարին լծուած բոլոր քաղաքական ուժերը, կուսակցութիւններն ու դաշինքները պատասխանատու են մեր ժողովուրդին՝ ընտրող քաղաքացիներուն թէ Հայաստանով ապրող սփիւռքահայութեան առջեւ, ժողովրդավարութեան հանդէպ հաւատքը վերջնականապէս կորսնցնել չտալու կապակցութեամբ:

Գիտակցելով, թէ Հայաստանի ապագային համար որքա՛ն էական է արդար ընտրութիւններու իրականացումը, մենք սրտով ու հոգիով կը կանգնինք բոլոր անոնց կողքին, որոնք իրենց վճռական յանձնառութիւնը կը յայտարարեն, թէ թոյլ պիտի չտան խարդախել ընտրութիւնները, պիտի պայքարին Հայաստանի ժողովրդավարական գործընթացը արատաւորող ընտրակեղծիքներուն դէմ, տէր պիտի կանգնին քաղաքացիի քուէին եւ ազատօրէն իր կամքը արտայայտելու անոր իրաւունքին:

Հայաստանի հզօրացումն ու զարգացումը միա՛յն արդար համակարգի մէջ հնարաւոր տեսնող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, յառաջիկայ ընտրութինները կ՛ուզէ դարձնել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, անցեալի դառն փորձառութիւններէն ու յուսախաբութիւններէն մեզ բոլորս ձերբազատելու, ամլացնող բարոյալքումի ճահիճէն դուրս բերելու բեկումնային իրադարձութիւն:

Իբրեւ հեռուէն հետեւողներ, հաւանաբար մեզի համար կարելի պիտի ըլլայ մեր մէջ նստած կասկածը ճնշել եւ դրական լիցքերով խրախուսել ընտրութիւններու արդարութեան համար աշխատողները, որոնց կորովին բարձրացումը կրնայ միայն նպաստել կեղծիքի դէմ պայքարին:

Կը հաւատանք, որ ընտրութիւններու արդարութեան նախանձախնդիր ուժերը արթուն են եւ գիտակից, որ երկրին մէջ կան ուժեր, որոնք պարտութիւն չեն կրնար ընդունիլ: Այս ուժերը ամէ՛ն գնով իշխանութիւն պահպանելու տրամաբանութեամբ կը շարժին եւ եթէ, ինքնավստահութենէ մեկնած կամ այլ «ընդունելի» ու անուղղակի միջամտութիւններով, յաղթանակի հասնելու իրենց նախատեսութիւնը որեւէ պահու խախտի, անոնք կրնան դիմել կոպիտ անօրինութիւններու՝ վարկաբեկելով ամբողջ գործընթացը:

Այդպիսի պահերու եւս պատրաստ ըլլալու պատասխանատուութիւնը ունին՝ արդար ընտրութիւնները իբրեւ ռազմավարական արժէք գնահատող ուժերը:

Չկայ որեւէ չքմեղանք, պատասխանատուութենէ որեւէ խուսափում՝ մեր ապագային հանդէպ յոյսը սպաննող որեւէ անօրինութիւն հանդուրժելու պարագային:

Արդար ընտրութիւններուն այլընտրանք չկա՛յ: Հայաստանի ապագային վտանգումը բացառուա՛ծ է: Ուրեմն՝ պէտք է բացառուի կեղծիքը, խարդաւանքը, պէտք է ապրի՛ յոյսը:


comments

Advertisement