Դաշնակցական Սաստում

By Asbarez | Tuesday, 14 March 2017

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

 

0314pamboukian

Երէկ (Մարտ 12) առաւօտեան, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին դիմաց, դաշնակցական ընկերներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, Լիբանանի Երիտասարդական եւ <<Զաւարեան>> ուսանողական միութեան շարքերէն 52 անդամներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ մկրտուեցան դաշնակցական մեծանուն գործիչ ու մտաւորական <<Կարօ Սասունի սերունդ>> անունով:

Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու բազմավաստակ անդամ, պատմաբան, <<Ազդակ>>ի եւ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի նախկին տնօրէն եւ այսօր ՀՅԴ Արխիւներու կեդրոնի տնօրէն ու գիտահետազօտող, <<Նիւթեր  ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար>> հատորներու հեղինակ ընկեր Երուանդ Փամպուքեան:

Կարօ Սասունիի մահուան 40ամեակին առիթով, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նպատակայարմար գտած էր մեծանուն գործիչին յիշատակը յարգելու համար երդման արարողութիւնը կայացնել Պանթէոնին դիմաց, ուր հանգչած է նաեւ Սասունի: Այսօր, ՀՅԴ <<Քրիստափոր>> կոմիտէն կազմակերպած է Սասունիի նուիրուած հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին նորահաս սերունդը առիթ պիտի ունենայ ծանօթանալու անոր գործին ու վաստակին:

Երէկուան օրը, սակայն, դրոշմուած պիտի մնայ իւրաքանչիւր դաշնակցականի միտքին եւ հոգիին մէջ, ընկեր Երուանդ Փամպուքեանի ոգեշնչող պատմական ճառով: Պէտք է խոստովանիլ, որ ընկեր Երուանդը ժամանակէ մը ի վեր կը խուսափէր հրապարակային ելոյթներէ՝ միշտ թելադրելով, որ նոր ուժեր ստանձնեն այդ պարտականութիւնը, բայց այս անգամ ընդառաջեց, որովհետեւ, այսօր անդրադարձանք, թէ ան կարեւոր խօսք ունէր ըսելիք բոլորի՛ն: Շատեր լսած են ընկեր Երուանդը դասախօսութիւններու եւ բանախօսութիւններու ընթացքին: Խոհուն պատմաբանի եւ մտաւորականի իր տիպարը ազգային արժէքներու նկատմամբ մի՛շտ ալ ցուցաբերած է մեծ երկիւղածութիւն ու հաւատք, եւ այդ մէկը յաջողած է փոխանցել՝ իրեն յատուկ հանդարտ եւ սակայն ազդեցի՛կ ոճով: Երէկ, սակայն, ընկեր Երուանդի ճառը ուրիշ էր՝ իր խորքով, դրդապատճառներով եւ յատկապէս օգտագործուած բառապաշարով ու սահմանումներով:

Եթէ պիտի փորձենք մէկ նախադասութեամբ թարգմանել ընկերոջ ճառը, ապա անվարան պիտի հաստատենք, որ ան անհրաժեշտ նկատած էր ՀՅԴ Պանթէոնին մէջ հանգչող Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտիչներուն եւ Սփիւռքի մէջ անոնց գործը շարունակող իրեն ժամանակակից սերունդին ըսելիքը փոխանցել՝ հայ կեանքի ապրած ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին, եւ դաշնակցականի երդումը վերանորոգելու անհրաժեշտութեան դիմաց դնել նաեւ ընկերական ամբողջ կազմը: Ընկեր Երուանդ թերեւս երկար ժամանակէ ի վեր այսքա՛ն բարձր եւ ուժեղ կերպով չէր բարձրացուցած իր ձայնը, բայց Պանթէոնին մէջ հանգչող իր բոլոր ընկերները, ըստ երեւոյթին, անհրաժեշտ նկատած էին, որ իրենց արժանավայել պատգամաբերը եւ մեր ժամանակի դաշնակցական նահապետը խօսի ուժեղ ու չվարանի սաստելու բոլորը անխտի՛ր, որովհետեւ ներկայ պահը ա՛յդ կը թելադրէ:

Այո՛, երէկ պոռթկաց մեր մեծ ընկերը՝ հաստատելով, որ մեր աննման հայրենիքը, հակառակ այն իրողութեան, որ 25 տարուան անկախութեան ճանապարհ կտրած է, սակայն, ցաւ ի սիրտ, տարուէ տարի աւելիով արիւնաքամ կը դառնայ եւ հայրենիքէն արտագաղթը կը սպառնայ մեր ազգային երթին՝ իբրեւ համատարած չարիք: Ան Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ բովանդակ հայութեան կոչ ուղղեց հաւաքական ու միացեալ աշխատանքով ու գերբնական ճիգով, բոլո՛ր միջոցներով կասեցնելու մեր գոյութեան սպառնացող այս պատուհասը, եւ այդ առաքելութեան իրականացման համար անհրաժեշտ նախապայման նկատեց հայրենի հողին վրայ ընկերային արդարութեան անյապաղ վերականգնումը, որպէսզի հայը մնայ իր հողին կառչած, եւ որ հայրենիքը մեր ձեռքով չկորսնցնենք:

Դաշնակցական նորագիրներուն եւ բոլոր շարքերուն ուղղելով իր խօսքը՝ ընկեր Փամպուքեան իր ձայնային ամբողջ ուժը ներարկելով իր պատգամին, պատուիրեց բոլորին կառչած մնալու Դաշնակցութեան 127ամեայ աւանդներուն, անմնացորդ ծառայութեան հաւատամքին՝ հաստատելով, որ դաշնակցական երդումը գերագոյն արժէք է եւ շապիկ չէ, որ կարելի ըլլայ ամէն օր փոխել: Իսկ եթէ օր մը պատահի, որ ենթական դուրս մնայ շարքերէն, դարձեա՛լ այդ երդումը կարելի չէ դրժել: Ան հաստատեց, որ դաշնակցականի երդումը գերիվեր է բոլորէն եւ կեանքի ու մահուան խնդիր է: Այո՛, երդման արարողութեան ներկայ գտնուող հոծ թիւով ընկերները, ընկեր Երուանդի պատգամին ականջալուր՝ նորագիր երիտասարդներուն հետ վերանորոգեցին իրենց ուխտը՝ ծառայելու հայութեան ու Հայաստանին:

Այսօր, երբ հայրենի հողին վրայ Արդար Հայաստանի մը վերականգնումը՝ իբրեւ նոր հանգրուանի սկիզբ, նախապայման կը նկատուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ, եւ 127ամեայ կուսակցութիւնը՝ հաւատարիմ Ա. Հանրապետութիւնը կերտած սերունդի պատգամին ու նուաճած փորձառութեան, նոր սահմանադրութեան լիակատար գործադրութեամբ կը դիմէ հայրենի ժողովուրդին, յաւելեալ հնչեղութիւն ու իմաստաւորում կը ստանայ ընկեր Երուանդի ճառը: Հայրենիքի մէջ խորհրդարանական համակարգով արդար Հայաստանի ամրակայումը Ապրիլ 2ին, համայն հայութեան համար կարեւոր քննութիւն մըն է, որուն յաջողութենէն կախեալ է մեր երկրի ամբո՛ղջ ապագան: Այո՛, ընկե՛ր Երուանդ, մեզի սորվեցուցած էք, որ դաշնակցականին համար հայութիւնն ու Հայաստանը գերագոյն արժէքներ ու սրբութիւններ են, որոնց համար կայ ե՛ւ մեզի համար նաեւ կեանքի ու մահուան խնդիր։

Սիրելի՛ ընկեր, մենք համոզուած ենք, որ արդարութեան վերականգնումը մեր գործը պիտի իմաստաւորէ ու հայրենիքը փրկէ բոլոր չարիքներէն ու վտանգներէն: Մինչ այդ, ձեզի կը մաղթենք արեւշատութիւն, որպէսզի այդ համահայկական մեծ երազի իրականացման աւետողը նաեւ դո՛ւք ըլլաք եւ Պանթէոնին մէջ թէ այլուր իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած բոլոր նուիրեալներուն փոխարէն՝ կիսէք մեզի հետ այդ պատմական ու ազգային ցնծութիւնը։

Ձեր վարձքը կատա՛ր, շարունակեցէ՛ք պատգամել…

 



comments

Advertisement