Նախագահ Թրամփի Ապրիլ 24-ի Յայտարարութեան Սահմանադրական Խախտումը

By Aztag Daily | Wednesday, 03 May 2017



ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ նախագահներուն կողմէ ապրիլ 24-ի Եղեռնի յիշատակման առիթով կատարուած տարեկան պաշտօնական յայտարարութիւնները քաղաքական աւանդութեան վերածուած են: Այս աւանդութիւնը սկիզբ առաւ 1990-ի ապրիլին նախագահ Ճորճ Հ. Պուշի յայտարարութեամբ: Տարեկան հերթականութեամբ աւանդութիւնը շարունակեցին նախագահներ Պիլ Քլինթըն, Ճորճ Ու. Պուշ եւ Պարաք Օպամա: Այս տարի, ապրիլ 24-ին, նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս հրապարակեց Եղեռնի յիշատակման իր յայտարարութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Եղեռնի յիշատակումը ողջունելի նախաձեռնութիւն է: Հայութիւնը ընդհանրապէս եւ ամերիկահայութիւնը մասնաւորաբար երախտագիտութեամբ կ՛ընկալեն Սպիտակ տան այս կեցուածքը: Սակայն նկատելի է նաեւ այս յայտարարութիւններու բովանդակութեան առնչութեամբ ամերիկահայութեան խոր հիասթափութիւնն ու ընդվզումը:

Մեկնելով քաղաքական նկատառումներէ եւ կքելով Թուրքիոյ անատամ սպառնալիքներուն դիմաց, աշխարհի հզօրագոյն երկրի նախագահը կը նկարագրէ հայութեան հաւաքական սպանդի արարքը` առանց դիմելու <<Ցեղասպանութիւն>> եզրոյթի գործածութեան: Նման երկչոտութեամբ Ամերիկայի նախագահը պարզապէս կը մրոտէ ամերիկեան արժէքները, ինչպէս նաեւ կ՛ոտնակոխէ կամքը Միացեալ Նահանգներու բաղկացուցիչ նահանգներու գրեթէ երկու երրորդին, որոնք ընդունած են Հայոց ցեղասպանութեան փաստը:

Նախագահական յայտարարութեան գծով հարցին էութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը չէ, որովհետեւ Ամերիկայի թէ՛ գործադիր, եւ թէ օրէնսդիր իշխանութիւնները բազմաթիւ առիթներով ընդունած եւ ճանչցած են հայկական ջարդերը` իբրեւ Ցեղասպանութիւն:

Բուն հարցը կը կայանայ նախագահին օրինական եւ իրաւական թերացման մէջ: Ամերիկայի նախագահը քաղաքական դիրքորոշումով եւ նպատակադրեալ մեկնակէտով կը մերժէ <<Ցեղասպանութիւն>> եզրոյթի գործածութիւնը ոճրային արարքի մը մասին, որ ամրագրուած է երկրի հիմնական օրէնքով:

Ամերիկեան սահմանադրութեամբ գործադիր ուժը վստահուած է նախագահին, որ այդ ուժի իրաւասութիւններէն բխող այլ պարտաւորութեանց շարքին պատասխանատու է Քոնկրեսի օրէնսդրած օրէնքներու գործադրման եւ հետապնդման: Սահմանադրութեան երկրորդ յօդուածը նախագահին կը վստահի Քոնկրեսի ստեղծած օրէնքներուն կիրարկման եւ կատարման պատասխանատուութիւնը:

Ամերիկեան օրէնսդրական առումով Հայոց ցեղասպանութիւնը իրաւական հարց է: Այս իրաւական հանգամանքը յաճախակիօրէն կ՛անտեսուի: Հայոց ցեղասպանութիւնը յարակցութիւն ունի միջազգային ոճիրի մը հետ, որ օրինականացուած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Ցեղասպանութեան ուխտով:

Ամերիկա առաջին երկիրն էր, որ ի նպաստ քուէարկեց ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ուխտի որդեգրման: Որդեգրման ընթացքին, Ամերիկա պաշտօնապէս վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրի օրինականութիւնը ՄԱԿ-ի Միջազգային արդարադատութեան ատեանին (ՄԱԱ) յղած իր վերապահումներու յայտարարութեան մէջ: ՄԱԱ-ն Ամերիկայի այս յայտարարութիւնը ներառեց իր 28 մայիս 1951 թուակիր տեղեկագիրին մէջ:

Իբրեւ հիմնաւորում Ցեղասպանութեան ուխտի որդեգրման իր որոշումին, Ամերիկայի նշեալ յայտարարութիւնը կը հաստատէ, <<Քրիստոնեաներու դէմ հռոմէական հալածանքները, հայերուն դէմ թրքական ջարդերը, նացիներուն կողմէ միլիոնաւոր հրեաներու եւ լեհերու անէացումը ակնառու օրինակներ կը հանդիսանան ցեղասպանական ոճիրին>> (ՄԱԱ տեղեկագիր, էջ 25):

Իբրեւ միջազգային դաշնագիր, ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ուխտը պէտք է վաւերացուէր Ամերիկայի Ծերակոյտին կողմէ: Ծերակոյտի վաւերացման քննարկումներու ընթացքին, բազմաթիւ ծերակուտականներ անդրադարձան հայութեան ջարդերուն` զայն որակելով իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Յետ քննարկման, Ծերակոյտի լիագումար նիստը 83 թեր եւ 11 դէմ քուէարկութեամբ վաւերացուց եւ որդեգրեց դաշնագիրը 1986-ին` իբրեւ Ամերիկայի ցեղասպանութեան ուխտ: Այս որոշումով Ուխտը վերածուեցաւ երկրի հիմնական օրէնքի: Այս հիմնական օրէնքի գործնականացման համար, 1988-ին Ծերակոյտը որդեգրեց Ամերիկայի ցեղասպանութեան ուխտի գործադրման օրէնքը:

Առ այդ, 1988-էն ի վեր գործադրման ուժի մէջ է եւ գործադրելի է Ամերիկայի ցեղասպանութեան ուխտի հիմնական օրէնքը: Հիմք ունենալով 1951-ի Ամերիկայի վերապահումներու յայտարարութիւնը եւ 1986-ի Ծերակոյտի վաւերացման քննարկումներու արձանագրութիւնները, Հայոց ցեղասպանութիւնը ներառուած է Ամերիկայի ցեղասպանութեան ուխտի օրէնքին մէջ եւ այդ ճամբով կը նկատուի այդ օրէնքին անբաժան մասնիկը:

Իբրեւ գործադիր, Ամերիկայի նախագահին սահմանադրական պարտաւորութիւնն է գործադրել եւ գործադրումը հետապնդել երկրի հիմնական օրէնքներուն: Երբ նախագահը թերացում կ՛արձանագրէ այս պարտաւորութեան մէջ, ան կը գտնուի սահմանադրական խախտումի կացութեան մէջ:

Այս առումով, Հայոց ցեղասպանութիւնը <<քաղաքական հարց>> կամ <<արտաքին քաղաքականութեան>> առաջնահերթութեան խնդիր չէ, որպէսզի անոր գործածութիւնը կանխուի նախագահական իրաւասութիւններով: Հայոց ցեղասպանութիւնը Ամերիկայի հիմնական օրէնքի գործադրման հարց է, որուն կիրարկման պատասխանատուութիւնը կը պատկանի նախագահին: Իր նախորդներուն նման, Թրամփ եւս թերացաւ իր սահմանադրական պարտաւորութեան մէջ` խախտելով երկրին հիմնական օրէնքը եւ այդ ճամբով` ամերիկեան սահմանադրութիւնը:

Այս թերացման սրբագրումը կրնայ կատարուիլ դաշնակցային դատարանին միջոցով:

Հիմա կը մնայ հարց տալ, թէ իրաւական մակարդակի վրայ ի՞նչ պիտի ընեն կամ կը ծրագրեն ընել ամերիկահայ շրջանակները…

 



comments

Advertisement