ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի Պատգամը Հայասանի Առաջին Անկախութեան 99-րդ Ամեակի Առիթով

By armenia.com.au | Wednesday, 05 July 2017

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի պատգամը որ արտասանուեցաւ Արմենիա Մետիա մամալոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան վարիչ խմբագիր Ներսէս Պալիօզեանի կողմէ Ուրբաթ 3 Յունիս 2017-ին տեղի ունեցած անկախութեան 99-րդ տարեդարձի նուիրուած միջոցառման:


Քաջալանջ Հայկից թող մինչեւ Տիգրան,
Ու պերճ Տիգրանից մինչ Կարմիր Վարդան,
Ու մինչեւ Գագիկ ու մինչեւ Թորոս,
Մինչեւ Դաւիթ Բէկ
Եւ մինչեւ, մինչեւ Բաղրամեա´նն հերոս,
Վե´ր կենան մի հեղ,
Հողի տակ ապրող մարտիկները մեր
Վե´ր կենան մի հեղ,
Եւ Արարատից մինչ անհաս երկինք,
Ու երկնքներից դեռ մինչեւ աստղեր,
Ու մինչեւ եթեր,
Ու մինչեւ Աստւա´ծ.
Ու համբոյր տան ձեզ,
Ու տան ձեզ պատի´ւ,
Տան Փա´ռք ու պարծանք՝
Հէ´յ Սարդարաբադ, Ղարաքիլիսա´,
Հէ´յ Բաշ-Աբարան...

Պատուարժան ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Յարգարժան ընկեր Քայլար Միքայէլեան
Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ
Յարգարժան Տիկին Հէնրէիէթ Անդրիասեան
ՀՀ Սփիւռքի նախարարի խորհրդատու
Սիրելի ընկերներ եւ ընկերուհիներ
Յարգելի ներկաներ

Այսօր անգամ մը եւս հաւաքուած ենք միասնաբար նշելու Հայաստանի Առաջին անկախութեան տարեդարձը: Անկախութիւն մը որ 99 տարիներ առաջ կերտուեցաւ շնորհիւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, այն փաղանգին, որ հաւատք ունէր 6 դարերու ստրկութենէն ետք անկախ հարնապետութիւն մը կերտելու տեսիլքին: Անկախութիւն մը, որ կերտուեցաւ <<երկաթէ շերեփը>> իրենց ձեռքը առած եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմիան Հայրիկի <<Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը հայկական նոր ասպետութիւն է>> կոչին հետեւող անզուգական փաղանգին: Անկախութիւն մը, որուն շնորհիւ այսօր ունինք Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Ոչինչէ բան մը ստեղծելը Աստուածային շնորհք է եւ ահաւասիկ Ցեղասպանութենէն սոսկ երեք տարիներ ետք բեկորներու վերածուած Հայ ժողովուրդը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ կերտեց իր յաղթանակը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլէսիէ ճակատամարտներով:

Մայիսեան յաղթանակի եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտման թուականէն արդէն անցած է մօտաւորապէս 100 տարի սակայն այդ յաղթանակի ներկայացուցած դասերը կը մնան այժմէական: Հարկ է յիշել այդ դասերը եւ անոնց օրինակով շարունակել մեր ազգային պայքարը: Այսօր ամփոփ ձեւով պիտի անդրադառնանք այդ դասերէն մի քանին:

1375 թուականին Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք Հայ ժողովուրդը գոյատեւեց շնորհիւ իր կրօնքին եւ մշակոյթին: Մինչեւ ազգային ազատագրական շարժման սկիզբը անհայրենիք մնացած Հայ ժողովուրդը առաջնորդելու եւ ղեկավարելու ծանր պարտականութիւնը վստահուած էր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ: Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենէն ծանր ու օրհասական ժամանակաշրջանին՝ 1911 թուականին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընտրուեցաւ Գէորգ Ե Սուրէնեանց հայրապետը: Իր գահակալութեան շրջանին ան ականատես եղաւ Հայ Ժողովուրդի պատմութեան անկիւնադարձային թուականներուն: Սարդարապատի ճակատամարտի նախօրեակին Զօրավար Սիլիկեան կ'այցելէ Էջմիածին եւ Կաթողիկոսին անվտանգութեան համար կ'առաջարկէ զինք փոխադրել աւելի ապահով վայր: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ոչ միայն կը մերժէ հեռանալ սրբազան վայրէն, ոչ միայն կը յորդորէ ժողովուրդը պաշտպանելու իր հայրենիքը, ոչ միայն կ'օրհնէ ճակատամարտ ուղղուող հայ զինուորը այլ նաեւ ամբողջ միաբանութիւնը կը դնէ Հայ Ժողովուրդի տրամադրութեան տակ: 1918ին Ղեւոնդ Երէցի նման Հայ քահանան ու եպիսկոպոսը մէկ ձեռքին սուրը միւս ձեռքին խաչը շալկած մտան կռուի դաշտ: Անկախութիւնը կերտուեցաւ համազգային ուժերու ներդաշնակութեամբ: Կրթական մշակը, բանուորը, հողագործը, մտաւորականն ու կղերականը ձեռք ձեռքի տալով, ուս ուսի  առաջնորդեցին Հայ Ժողովուրդը դէպի անկախութիւն: Փառք ու հազար փառք անկախութեան սերունդին:

1918ին կերտուած անկախութեան եւ անոր արդիւնքով հիմնուած պետականութիւնը եղաւ ժողովրդավարական գաղափարաբանութեան դրսեւորումը: Հայաստանի առաջին անկախութեան շրջանին մենք ունեցանք խորհրդարան, տեղի ունեցան ընտրութիւններ,  կազմուեցաւ քոալիցիոն կառավարութիւններ, ունեցանք նախարարութիւններ եւ հիմնուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանը: Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը ունեցաւ իր դեսպանները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի եւ այլ երկիրներու մէջ: Երբ 21րդ դարուն կը գտնուին երկիրներ, որոնք դեռ եւս կ'ոտնակոխէն իգական սեռի իրաւունքները՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրով Տիկին Տիանա Աբգար կը նշանակուէր Ճափոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան: Երբ զարգացած երկիրներու մէջ իգական սեռը քուէարկելու իրաւունքը չունէր Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ընտրուած էին իգական սեռի պատկանող երեք խորհրդարանականներ: Նիկոլ Աղբալեաններու եւ Աւետիք Իսահակեաններու տեսիլքն էր որ Հայ ժողովուրդը իրականացած տեսաւ երբ ասկէ 2 տարի առաջ սահմանադրական փոփոխութիւններ տեղի ունեցան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարումը այսօր անցած է նախագահականէ խորհրդարանական համակարգի:

Պարոյր Սեւակ իր բանաստեղծութեամբ անմահացուց Սարդարապատի ճակատամարտը:  <<Այստեղ մի պահ կանգ առանք>> տողին մէջ ան դրսեւորեց այն իրականութիւնը որ մեր պայքարը իր աւարտին չէ հասած: Եւ ահա 70 տարիներ ետք Բաշ Ապարանի հերոսամարտի ղեկավար զօրավար Դրոյի <<Ով տիրում է Շուշիին նա տիրում է Արցախին>> լոզունգով առաջնորդուող սերունդը <<շունչ առած շունչները>> տալէն ետք պայքարի ու կռուի զանգերը ղօղանջեցին: Բկորներն ու Վիգէն Զաքարեանները մեր նորօրեայ Անդրանիկներն ու Արամ Մանուկեաններն են: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս եկաւ իր մարտական եւ ռազմական փորձառութիւնը ի սպաս դնելու Հայ Ժողովուրդին առաջ եւ հասաւ մինչեւ Շուշիի բարձունքին:

Սիրելի ներկաներ

Հայաստանի առաջին անկախութեան 100 ամեակի սեմին կարելի չէ եւ աւելին՝ ընդունելի չէ խօսիլ Մայիսեան յաղթանակներու մասին առանց անդրադառնալու ՀՅԴ ունեցած ներդրումին: Կարելի չէ խօսիլ Արցախի անկախութեան մասին ընդհանրապէս եւ Շուշիի ազատագրման մասին յատկապէս առանց խօսելու ՀՅԴաշնակցութեան ջոկատներու կատարած սխրագործութիւններուն մասին: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութիւնը միաձուլուած է Հայ Ժողովուրդի արդի պատմութեան հետ:

Մեր  ազգային պատմութեան մէջ Դաշնակցութիւնը էր, է եւ պիտի շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի կամքը դրսեւորող գերակշիռ ուժը: Շատերու համար դժուարամարս այս իրականութիւնը ընդունիլը գալիք հանգրուանի հրամայականն է:  

Մեր պայքարը իր աւարտին չէ հասած: Ֆիզիքական թշնամիներուն կողքին այսօր նաեւ աւելցած են բարոյական թշնամիները:  Յարափոփոխ այս շրջանին, համաշխարհայնացման եւ ապազգայնացման հոսանքներու դէմ պայքարը մեր բոլորին պայքարն է: Մեր պարտականութիւնն է զինուիլ Վրացեաններու, Իսահակեաններու եւ Արմէն Գարօներու շունչով ու շարունակել պայքարը: Շարունակել պայքարը ունենալով տեսիլք: Ունենալով հաւատք: Հաւատալ պայծառ Հայաստանի տեսլականին, ուր արեամբ շաղախուած մեր Հայրենիքը պիտի ըլլայ այն տեղը ուր իւրաքանչիւր հայ կ'ուզէ ապրիլ:

Հաւատալ այն իրականութեան որ վաղ թէ ուշ պիտի գայ այդ օրը երբ բոլորս պիտի հաւաքուինք Արարատ լեռան շուքին տակ եւ ազատագրուած մեր հողերուն վրայ պիտի նշենք մեր անկախութեան տօնը:

Կէցցէ Հայ Ժողովուրդը

Կեցցէ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տելականը

Կեցցէ Հայ Ժողովուրդին Առաջին Հանրապետութիւնը պարգեւող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր,
Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,
Հասուն հասկերի շող նարնջագոյն,
Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ մենք արեամբ գրեցինք Մահ կամ Ազատութիւն

comments

Advertisement