Արամ Մանուկեան (Սերգէյ)՝ Հայութեան Զարկերակի Արիւնատուն

By Asbarez | Tuesday, 11 July 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ

0711arammanougian

Բնութեան մէջ, երբ առուակէ մը աճապարանօք կ՛ուզես օգտուիլ, նախ հայեացքդ մէյ մը հոսանքն ի վեր նետէ, տեսնելու համար, թէ անիկա ուրկէ՞ կը հասնի մօտդ՝ հանքագործարանի մը թունաւոր թափօններու խողովակէ՞ն, անասուններու սպանդանոցի մը աղտոտութիւններու կոյուղիէ՞ն, թէ՝ բարձրադիր լեռներու ձիւնին ու անձրեւին գոյացուցած զուլալ ու կենսատու աղբիւրներէն:

Նոյնպէս ալ, Հայաստանի <<Առավոտ>> թերթի 28 Յունիս 2017ի թիւին մէջ, գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանի <<Խորհրդանիշ Դնելու Ժամանակը Չէ>> յօդուածին մէջ տեղ գտած գաղափարներուն հոսանքն ի վեր հայեացք պէտք է նետել՝ իմանալու համար հիմքը, տեսնելու համար արտայայտութիւններուն տուն տուող հակադաշնակցական ծննդոցը:

27 Յունիս 2017ի <<Ասպարէզ>>ի էջերով, Կարօ Արմենեան (<<Համակարգը Կը Խօսի>>) եւ 29 Յունիս  2017ի <<Հայրենիք>>ի էջերէն Վաչէ Բրուտեան (<<Ո՛չ Պրն. Աբրահամեան, Հիմա՛ Է <<Խորհրդանիշ Դնելու>> Ժամանակը>>) լաւագոյն ձեւով ցոյց տուած են <<Առավոտ>>ի յօդուածին իւրաքանչիւր արտայայտութեան անխոհեմ եւ վտանգաւոր բնոյթը, Խորհրդային կարգերուն ու անոնց ցանածներուն, իբրեւ թէ դէմ, բայց թեր իր դիրքորոշումին:

Մէկ գլխաւոր պատմութեան ընթացք եւ եզրակացութիւն կ՛ուզեմ յիշեցնել այս խմբագիրին եւ իր նմաններուն. Արամ Մանուկեանը (Սերգէյ) եւ իր դաշնակցական սերնդակիցները, եթէ հայ ժողովուրդը ողջ պահելու վճռակամութիւնը չունենային, ո՛չ ինքը, ո՛չ ալ նմանատիպ այլ <<գրիչներ>>՝ ո՛չ Հայաստան, ո՛չ Արցախ, ո՛չ ալ Ջաւախք պիտի ապրէին ու այսօրուան նման ազատօրէն գրէին, այլ պիտի ըլլային Աստուծոյ տնօրինութեամբ ծնած անհատներ, երկրագունդի մէկ շրջանի մէջ, որ նախապէս Հայաստան կոչուած էր: Արեւելեան Հայաստանն ալ, Արցախն ալ, Ջաւախքն ալ բնաջնջուած կ՛ըլլային թուրքերուն եւ թաթարներուն կողմէ, հայութեան Ցեղասպանութենէն մազապուրծ՝ որբ, գաղթական ու հիւանդ մասնիկը եւ արեւելահայ զանգուածն ալ ենթարկուած կ՛ըլլային իրենց արեւմտահայ արիւնակիցներուն իրավիճակին: Բարեբախտաբար, հայ ժողովուրդը, Արամ Մանուկեանի (Սերգէյ) ճակատագրական պահի կոչին հետեւելով ու անոր ղեկավարութեամբ, փրկեց իր գոյութիւնը եւ իմաստաւորեց իր գոյատեւումը:

Այս անվիճելի իրականութիւնը երբ կ՛ընդունուի ու հին թոյները կը հակասրսկուին, այն ատեն միայն մարդ կրնայ Դաշնակցութեան հետ խօսիլ, Թուրքիոյ ու Խորհրդային կարգերուն կողմէ հաւաքագրուած եւ այժմու շաղակրատներուն կողմէ զարդարուած, Արամ Մանուկեանի (Սերգէյ) ու այդ սերունդի <<սխալներուն>> մասին:

Ոգեղէն Հայաստանը եւ հայ հասարակութիւնը կ՛արմատաւորուին, երբ Հայաստանի իսկական շահերը վեր կը բարձրանան, երբ իրականութիւնները կը ցոլան, երբ իրական <<դիկտատոր>>ն ու հրամանատարները արժանավայել յարգանքը կը ստանան երկրին ճակատագիրը սուինահարած պատմական թէ ապրող <<հերոսացուողներուն>> փոխարէն:

Այժմ՝ վերլուծումի կարգով, իր ընտանիքին ու իր ժողովուրդին կեանք շնորհած Արամ Մանուկեանի (Սերգէյ) յուշարձանը ո՞ւր եւ ե՞րբ պիտի տեղադրուիին մասին, տեղին է, խմբագիրը վերատեսութիւն եւ խորքադարձ կատարէ:

Տակաւին, Արամ Մանուկեանի (Սերգէյ) ո՛չ միայն յուշարձանը իր արժանավայել տեղը՝ Հանրապետութեան հրապարակին սիրտին հարկ է զետեղել, նաե՛ւ իր գերեզմանն ալ Թոխմախի այդ թփուտներէն պէտք է տեղափոխել Եռաբլուր կամ Կոմիտասի պանթէոն, գլխաւոր մուտքին դիմաց, որովհետեւ այդ բոլոր արժանաւորները, որոնք հոն կը հանգչին, առանց իր գերմարդկային սխրագործութիւններուն, գոյութիւն նոյնիսկ պիտի չունենային կամ պիտի ստեղծագործէին թրքերէնով, առաւե՛լ՝ իր տունը, ինչպէս բազմաթիւ իր երախտապարտները կը պահանջեն, պէտք է արժանաւորինս վերածուի յաղթանակի թանգարանի:

Արամ Մանուկեանը (Սերգէյ) միայն պատմական դէմք չէ. պատմութիւնը հայանպաստ դարձուցած եւ ապրող դէմք է, արիւնատու նոյնինքն խմբագիրին, համեստիս եւ ամէն ինքզինք հայ զգացողի զարկերակին: Պատմութեան նենգափոխումի եւ առանցքային անձին վարկաբեկումի փորձը միշտ ալ կը բախի ճշմարտութեան անզիջող հակադարձութեան:

 



comments

Advertisement