Տեսակէտ. Վասն Ինչի՞

By Aztag Daily | Friday, 14 July 2017

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

9 Յուլիսին վերջ գտաւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կազմակերպած Անգարա-Պոլիս <<Արդարութեան քայլարշաւ>>-ը: 15 յունիսին ընթացք առած, խաղաղ կերպով սկիզբ ու խաղաղութեամբ աւարտած 25-օրեայ քայլարշաւին ընթացքին Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավարը` 69 ամեայ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն 432 քիլոմեթր քալեց` թէ՛ հեռաւորութեան, թէ՛ օրերու թիւի առումով շրջանցելով 1930-ին Հնդկաստանի մէջ <<Աղի քայլարշաւ>>-ի ընթացքին Կանտիի հաստատած մրցանիշը: Իրողութիւն մը, որ շեփորուեցաւ տակաւին չփակուած, Էրտողանի վերահսկողութեան տակ չգտնուող թրքական օրաթերթի մը յօդուածագիրին կողմէն:

Մարտավարական ճիշդ որոշումով մը, Քըլըճտարօղլուն արգիլած էր քայլարշաւին ընթացքին կուսակցական դրօշներ բարձրացնելը եւ անոնց փոխարէն միայն բարձրացուցած <<Արդարութիւն>> եւ <<Իրաւունքներ, օրէնք, արդարութիւն>> կարգախօսներով պաստառներ, ինչ որ էապէս նպաստեց մեծաթիւ մասնակցութեան ապահովման:

Կանտիի անունի օգտագործումը, ցոյցին խաղաղ բնոյթն ու բարձրացուած կարգախօսները կը ստեղծեն առերեւոյթ գեղեցիկ ու խաբուսիկ պատկեր մը, որ կրնայ յառաջացնել անտեղի պատրանքներ ու յոյսեր: Ճիշդ է, որ քայլարշաւը կ՛ընթանայ <<Ատելեթ>> (Արդարութիւն) կարգախօսին ներքեւ եւ քայլարշաւին մասնակիցները կը պահանջեն արդարութիւն, սակայն որո՞ւ համար: Քայլարշաւը ընթացք առաւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն երեսփոխան Էնիս Պերպերօղլուի պետական գաղտնիքներ հրապարակելու ենթադրեալ յանցանքին համար 25 տարի բանտարկութեան դատապարտուելէն մէկ օր ետք: Սակայն ո՞ւր էին իրաւունքներու, օրէնքի եւ արդարութեան այս պաշտպանները, երբ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած այլ կուսակցութեան մը` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխանները լեցուցին բանտերը, երբ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ յեղաշրջումի ձախող փորձի ենթադրեալ մեղսակցութեան ամբաստանութեամբ բանտարկուեցան կամ գործազուրկ դարձան:

Պէտք չէ մոռնալ, որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը Թուրքիոյ ամէնէն հին կուսակցութիւնն է եւ հիմնուած է Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքին կողմէ, տարիներով եղած է իշխանութեան գլխուն եւ ինք եւս Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նման իրաւազրկած, օրէնքները կամայականօրէն կիրարկած եւ արդարութիւնն ու անոր ձայնը խեղդած է: Այս իրողութիւնը աւելի յստակ եւ շեշտակի կը դառնայ, երբ արձանագրուած զարգացումը դիտենք հայկական պրիսմակէն: Ուրեմն, որո՞ւ համար արդարութեան, որո՞ւ իրաւունքներուն մասին է խօսքը, թուրք ժողովուրդի՞ն, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններո՞ւն, թէ՞ Պերպերօղլուին ու անոր կուսակցութեան: Որո՞ւ համար եւ վասն ինչի՞ կազմակերպուած էր այս քայլարշաւը, իրաւունքներո՞ւ եւ արդարութեա՞ն, թէ՞ քաղաքական շահերու:

 


comments

Advertisement