Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը

By Aztag Daily | Monday, 17 July 2017


Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը` <<Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը>> համագումարին, կազմակերպուած` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ:

Համագումար մը չէ այս հաւաքը` բառին աւանդական առումով, այլ` բարձրաձայն մտածելու եւ մեր փորձառութիւնները, տագնապներն ու հայեցակէտերը իրարու հետ բաժնելու հաւաքական ճիգ մը: Մեզ իր շուրջ համախմբողը դա՛րձեալ աւանդական նիւթ մը չէ, այլ իւրայատուկ խնդիր մը` իր բարդ ու զգայուն բնոյթով եւ անյետաձգելի այժմէականութեամբ. ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ. ի՞նչ են հայ մարդուն հա՛յ ըլլալու ցուցանիշներն ու հայ նկատուելու չափանիշները. ի՞նչ է հայ մարդուն ինքնահասկացողութիւնը: Ոչ հեռաւոր անցեալին տեսական ու նոյնիսկ տարօրինակ կրնային թուիլ նման հարցադրումներ. այսօր, սակայն, անոնք սփիւռքի հայուն ամէնօրեայ կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող գոյութենական խնդիրներ են ու լուրջ մարտահրաւէրներ:

Անհրաժեշտ է, հետեւաբար, հեռու մնալ ակադեմական մօտեցումներէ ու բնազանցական վերլուծումներէ, ինչպէս նաեւ` հարցերն ու կացութիւնները վարդագոյն տեսնելու ռոմանթիք հակումներէ: Մնայուն գունաթափումի մէջ գտնուող սփիւռքի պարզած ներկայ մտահոգիչ պատկերը կը պարտադրէ ըլլալ իրատես, թէկուզ երբեմն յոռետես` մեր քննարկումներուն եւ ախտաճանաչում կատարելու ու լուծումներ որոնելու ճիգին մէջ:

Համայնքային, թեմական կամ միութենական հանգամանքներով չէ, որ հոս կը գտնուինք: Ներկաները տարբեր փորձառութիւններ ունեցող, տարբեր միջավայրերու մէջ ապրող, տարբեր տարիքի ու սեռի պատկանող, տարբեր մասնագիտութեանց տէր, եւ այս բոլորէն վեր` սփիւռքի հայուն ներկայով տագնապող ու ապագայով մտահոգ անձեր են:

Իր բազմազան ու այլազան տարածքներով, մեր դիմաց գտնուող խնդիրը քննարկումներու լայն դաշտ մը կը բանայ մեր առջեւ: Հարկ է խուսափիլ ընդհանրացումներէ ու կարկինը լայն բանալու փորձութենէն եւ կեդրոնանալ հաւաքի ընդհանուր թեմային վրայ: Մեր նպատակը հաստատումներ կատարել չէ, այլ` առաջին, պատմական խորքին վրայ դիտելով, սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութեան ու ինքնաարտայայտութեան պարզած ներկայ պատկերին քննարկումն է` իր դրական ու բացասական երեսներով, եւ` երկրորդ, սոսկ նկարագրականէն անդին, ինքնութեան նոր մօտեցումներու, նոր չափանիշներու, նոր սահմաններու ու սահմանումներու որոնումն է:

Այս հայեցակէտով ու հեռանկարով կ՛ուզեմ կարգ մը մտածումներ բաժնել ձեզի հետ` որպէս ընդհանուր շրջագիծ եւ ուղեգիծ մեր կատարելիք քննարկումներուն:

Իր խոր հաւատքով ու ամուր կամքով եւ ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանի տեսիլքով հզօրացած սփիւռքը մնաց հա՛յ` հաւատարմօրէն կառչած իր արմատներուն: Արդարեւ, սփիւռքի հայութեան մէկ դարու պատմութիւնը օտար հողին վրայ ու օտար երկինքներու տակ, ես կ՛ուզեմ բնորոշել որպէս  հայ մնալու պայքարի պատմութիւն:

Այսօր սփիւռքի հայուն պայքարը դարձած է աւելի՛ ահեղ ու աւելի՛ ճակատագրական, իսկ սփիւռքի պայքարելու տոկունութիւնը սկսած է հետզհետէ տկարանալ: Տեղական պայմաններուն պատշաճելու բնական ճիգը սկսած է վերածուիլ տեղացի դառնալու արագ ընթացքի, յատկապէս` արեւմտեան երկիրներուն մէջ: Հայու ինքնութիւնը տեղ մը տեղատուութեան, այլ տեղ մը պարտուողականութեան, տեղ մը անտարբերութեան, այլ տեղ մը համակերպումի նշաններ սկսած է ցոյց տալ` տարբեր տարողութեամբ, շեշտաւորումով ու արտայայտութիւններով:

Ախտաճանաչումի լուրջ ու համապարփակ փորձ մը մեր դիմաց պարզուող ներկայ կացութեան` կրնայ մեզ տարբեր ուղղութիւններու եւ եզրակացութիւններու առաջնորդել: Այսպէս, արդեօ՞ք Հայաստանի անկախութեան ստեղծումով, եւ Հայաստանը իր տագնապներով ու մարտահրաւէրներով դառնալով սփիւռքի հայութեան առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը, սփիւռքի մէջ հայապահպանումի ուղղութեամբ տարուող լայնածաւալ աշխատանքները սկսած են դանդաղիլ: Արդեօ՞ք կրօնական, կրթական, մշակութային ու ազգային կառոյցներու ճամբով անցեալի սերունդներուն կատարած ծով զոհողութիւնը վերանորոգ թափով շարունակելու նուիրումը սկսած է պակսիլ նոր սերունդներուն մէջ: Արդեօ՞ք մեր շրջապատին հետ մնայուն ու գոյութենական շփումի մէջ ըլլալով` սկսած ենք հայու ինքնութիւնը տարբեր մօտեցումներով ըմբռնել, տարբեր չափանիշներով արժեւորել ու տարբեր կերպերով արտայայտել: Արդեօ՞ք համաշխարհայնացումի յառաջացուցած արմատական փոփոխութիւններուն դիմաց չենք կրցած վերանորոգել մեր կառոյցները, վերակենսաւորել մեր արժէքներն ու վերաթարմացնել մեր աւանդութիւնները: Վերջապէս, արդեօ՞ք վերանկախացեալ Հայաստանը չէ կրցած հայապահպանման գծով անհրաժեշտ սնունդը ճիշդ ու ծրագրուած կերպով հայթայթել սփիւռքին: Թերեւս` բոլո՛րը միաժամանակ:

Ընդհանուր սահմանումով, ինքնութիւնը, ուրիշէն տարբե՛ր ըլլալ է, ինքզի՛նք ըլլալ է: Անհատի ինքնութիւնը արտացոլացումն է հաւաքական ինքնութեան, իսկ այս վերջինը կազմաւորուած է ցեղային, ազգային, մշակութային, կրօնական ու ընկերային գործօններով: Ինքնութիւնը ունի նաեւ իր արժէքներու համակարգը: Աւանդութիւններ, ձգտումներ, երազներ ու տեսլականներ` ինքնութեան սնուցիչ ու պահպանիչ տարրերն են:

Ինքնութիւնը կաղապարուած կամ զմռսուած իրականութիւն մը չէ: Հետեւաբար ինքնութեան բացարձակումը տոկմաթիք կամ ռոմանթիք արժեչափերով ճիշդ չէ: Ինքնութիւնը հարկ է ըմբռնել որպէս կազմաւորման ու զարգացման մնայուն ընթացք, ուր հողը, միջավայրը, փոխյարաբերութիւններն ու ժամանակը իրենց զօրեղ ազդեցութիւնը ունին: Ինքնութեան կազմաւորման ու զարգացման ընթացքին կեղեւը կը փոխուի, սակայն միջուկը կը մնայ նո՛յնը, իսկ եթէ միջուկը փոխուի ինքնութիւնը կը կորսուի: Ինքնութեան հաւաքական արտայայտութիւնը կրնայ յարաբերաբար երկար դիմանալ ժամանակի մաշումին: Սակայն երբ ինքնութիւնը պարփակուած մնայ անհատի նեղ սահմաններուն մէջ, կը դառնայ ենթակայ` արագ աղաւաղումի ու նոյնիսկ անհետացման:

Նախ Հայաստանի ու ապա Կիլիկիոյ մէջ հայու ինքնութիւնը ունեցաւ կազմաւորման ու զարգացման իր հոլովոյթը` յատկապէս Կիլիկիոյ բազմացեղ, բազմակրօն ու բազմամշակոյթ ընկերութեան մէջ ենթակայ դառնալով տարբեր ազդեցութիւններու: Սփիւռքի մէջ Կիլիկիայէն ժառանգուած  հայու ինքնութիւնը չշարունակեց իր կազմաւորման ու զարգացման բնական ընթացքը, այլ միայն արտաքին հոսանքներուն դէմ պաշտպանուեցաւ` մեր կրօնական ու մշակութային արժէքներու ու աւանդութիւններու գանձարանն ու առաքեալը հանդիսացող եկեղեցիով, հայակերտումին հնոցն ու հայ լեզուին բերդը հանդիսացող հայ դպրոցով եւ մեր աւանդութիւններուն ու ձգտումներուն պահակը հանդիսացող ազգային կառոյցներով:

Եւ հիմա պահ մը խորաթափանց աչքերով դիտենք մեր շուրջը:

Հայու ինքնութիւնը կազմաւորող հնոցները եւ զայն պաշտպանող ամրոցները սկսած են կորսնցնել իրենց հմայքն ու ուժականութիւնը: Հայու ինքնութեան կերտման ու պահպանման մէջ կենսական դեր ունեցած մեր պատմական դէպքերն ու դէմքերը սկսած են սպառել իրենց ներուժը` հետզհետէ դուրս մնալով մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութենէն: Ամբողջական Հայաստանի տեսիլքը, որ դարձաւ ինքնութիւն ամրացնող հզօր գաղափարախօսութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան վերստեղծումով սկսած է սփիւռքի հայու կեանքին մայր էջէն հեռանալ: Իսկ եթէ աւանդական սփիւռքին քով աւելցնենք վերջին քսանհինգ տարիներուն գոյաւորուած հայաստանեան եւ խորհրդային սփիւռքները, իրենց ինքնութեան տարբեր շեշտաւորումներով ու արտայայտութիւններով, եւ` երեք սփիւռքներուն յառաջացուցած քաոսային վիճակը, այն ատեն կ՛անդրադառնանք, թէ ի՜նչ ահաւոր տագնապի դիմաց կը գտնուի հայու ինքնութեան կազմաւորումն ու սնուցումը, պաշտպանութիւնն ու պահպանումը:

Այսօր սփիւռքի տարածքին ինքնաճանաչման տարբեր կերպերու ու ինքնութեան տարբեր արտայայտութիւններու հանդիսատես կը դառնանք: Այսպէս, աքթիւ ինքնութիւն, որ ինքզինք կ՛արտայայտէ հայու աւանդական ինքնութեան բաղադրիչ տարրերով. կրաւորական ինքնութիւն, որ ինքզինք յարաբերաբար նեղ սահմաններու մէջ կ՛արտայայտէ` հեռու հաւաքական հայ կեանքէն, եւ` քնացած ինքնութիւն, որ կ՛արթննայ համահայկական լուրջ տագնապի մը (երկրաշարժ) կամ մեծ իրագործումի մը (Հայաստանի վերանկախացում) առիթով:

Անցեալին, Կիլիկիոյ ու Օսմանեան կայսրութեան մէջեւ սփիւռքեան կեանքի առաջին շրջանին մեր անմիջական շուրջը գտնուող <<ուրիշ>>-ին ներկայութիւնը մեզ մղեց ամրապնդելու ու պաշտպանելու մեր ինքնութիւնը: Փոքր ազգերուն յատուկ հակազդող ինքնութիւն մը կազմաւորեցինք եւ մեր շուրջը ինքնապաշտպանութեան պատեր հիւսեցինք` օգտագործելով յատկապէս կրօնն ու մշակոյթը: Ինքնութիւն պաշտպանելու այս աւանդական կերպը, սակայն, կորսնցուցած է իր զօրութիւնը: Ներկայ բազմագոյն ընկերութեան մէջ <<ուրիշ>>-ը մեր դրացին է, մեր գործընկերը, մեր ազգականը եւ նո՛յնիսկ` ընտանիքի անդամը: Համաշխարհայնացումը քանդած է մեզ <<ուրիշ>>-էն բաժնող, հեռացնող ու զանազանող ամէն տեսակ սահմանագիծներ ու ցուցանիշներ եւ իր տիրապետութեան տակ առած է մարդը` իր մտածելակերպով, գործելակերպով ու կենցաղակերպով: Ընկերութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս տարբերութիւնները սկսած են նահանջել ու նմանութիւնները` դառնալ տիրապետող: Ներկայ դարու մարդը չի կրնար այլեւս փակ օղակներուն մէջ մտածել, գործել ու ապրիլ: Համաշխարհայնացումը ստեղծած է անդրազգային ինքնութիւն մը, որուն հզօր հոսանքին դիմաց ինքնութիւնները, մանաւանդ` փոքր ազգերու, ենթակայ են մաշումի ու կորստեան: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ Եւրոպայի մէջ վերայայտնուած ազգ-պետութիւնները, ազգային ինքնութեան ու արժէքներու վրայ հաստատուած իրենց համակարգով չկրցան նո՛յնիսկ դանդաղեցնել համաշխարհայնացումի ինքնութիւն ընկլուզող հոսանքը:

Հայաստանի դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին տագնապներն ու մարտահրաւէրները ցոյց կու տան, որ հայութեան կէսէն աւելին ներկայացնող սփիւռքին թուային աճը պիտի շարունակուի: Արդ, եթէ սփիւռքի ինքնաճանաչումը եւ անոր առողջ ու զօրեղ պահպանումը, թերեւս` տարբեր մօտեցումներով ու շեշտաւորումներով, ապահով հիմերու վրայ ու յստակ ուղղութեան մէջ չդրուի շուտով, անոր վախճանական հասցէն կրնայ դառնալ անորոշութիւն ու այլասերում: Սփիւռքի հայուն ինքնութիւնը դիմագրաւող վտանգներուն ու մարտահրաւէրներուն շարքին անհրաժեշտ է մատնանշել հետեւեալները.

1) Ինքնութիւն պահող ամէնէն զօրեղ գործօնը անկասկած հ՛ողն է: Երբ սփիւռքի հայուն ոտքին տակ հայրենի հող չկայ, ան ենթակայ է մաշումի ու ձուլումի: Կը յիշեմ ուսուցչիս հետեւեալ խօսքը` <<Սփիւռքը կը նմանի արեւուն տակ նետուած ձիւնագնդակի>>: Եթէ մեր նպատակը ձիւնհալը դանդաղեցնել է, Հայաստանի դերը ճշդորոշիչ է: Այլ խօսքով, սփիւռքի մէջ հայու ինքնութեան պահպանման գծով Հայաստան կրնայ կարեւոր ներդրում ունենալ յատկապէս կրթական ու մշակութային մարզերէն ներս: Ցարդ կատարուած աշխատանքը եղած է մակերեսային ու պարագայական: Հետեւողական ու երկարաշունչ ծրագիրներու մշակումը խիստ հրամայական է: Ա՛յս հեռանկարով պէտք է ծրագրուի Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը:

2) Ազգի մը ինքնութեան ամուր կռուաններէն մէկը լեզո՛ւն է: Հայոց լեզուի դասաւանդութիւնը հայ դպրոցէն ներս ու անոր գործածութիւնը մեր ընտանիքներէն ու կառոյցներէն ներս զգալի կերպով կը նահանջէ: Տակաւին չեմ ուզեր անդրադառնալ օտար դպրոցին օտարացնող ներկայութեան` հայ կեանքէն ներս: Հայերէնը մայրենի լեզու, իսկ տեղական լեզուն առօրեայ լեզու նկատելու մտայնութիւնը սկսած է լայն տեղ գրաւել մանաւանդ արեւմտեան գաղութներէն ներս: Ինչպէ՞ս կարելի է գործնապէս կասեցնել մայրենիէն մեզ հեռացնող այս ընթացքը: Հայ կեանքէն ներս օտար լեզուի աճող ներկայութեան դիմաց, արդեօք հայ լեզուն պէ՞տք է նկատել ինքնութեան էական յատկանիշ, թէ՞ որպէս հաղորդակցութեան միջոց:

3) Աւանդական գործօններու վրայ հիմնուած ինքնութիւնը դարձած է դիւրաբեկ` համաշխարհայնացած ընկերութեան մէջ ապրող սփիւռքի հայուն համար: Արդեօ՞ք հարկ է մեր ժառանգական ինքնութեան գործօններն ու բաղադրիչ տարրերը վերաքննութեան ու վերանորոգութեան ենթարկել եւ կամ մտածել ինքնաճանաչման նոր գործօններու մասին: Արդեօ՞ք բաւարար է  հայ ըլլալու ինքնագիտակցութիւնը նկատել հիմքը ինքնութեան, եւ լեզուն ու կրօնը (օտարախօս հայեր, համշէնահայեր եւ իսլամացած հայեր) սոսկ ժառանգական ինքնութեան պատկանող տարրեր: Ի՞նչ կրնան ըլլալ նման մօտեցման դրական ու բացասական հետեւանքները:

4) Ինքնագիտակցութիւն` կը նշանակէ պատկանելիութիւն, որ իր կարգին կ՛ենթադրէ մասնակցութիւն: Երբ մեր կառոյցները սկսած են դառնալ ժամանակավրէպ ու անոնց հայակերտումի ու հայապահպանման դերը` լուսանցքային, արդեօ՞ք պէտք է բաւարարուիլ սոսկ հայ ըլլալու ինքնագիտակցութիւնը պահելով հայուն մէջ: Միւս կողմէ, հայ ըլլալու ինքնագիտակցութիւնը կենդանի ու առողջ պահող միջավայրին ու կարելիութիւններուն բացակայութեան, պատկանելիութեան ու մասնակցութեան ուրիշ ի՞նչ միջոցներ կարելի է ստեղծել հայու ցիրուցան բեկորներուն համար:

5) Հայուն ինքնագիտակցութեան ամրապնդման մէջ խորհրդանիշներն ու տիպարները ճշդորոշիչ դեր ունին` դիմանալու համար միջավայրի ու ժամանակի ժանգին ու փոշիին: Խ. Աբովեան կ՛ըսէ` <<Մասիս առաջիս էր կանգնած միշտ, որ մատով ցոյց էր տալիս, թէ ի՛նչ աշխարհի ծնունդ եմ ես®>>, եւ այլ տեղ մը կը վկայէ. <<Հայկ, Վարդան, Տրդատ, Լուսաւորիչ քնած տեղս էլ ինձ ասում էին, որ էս իրանց որդին եմ…>>: Ներկայ աշխարհի ժխորին մէջ ապրող հայը իր երազին մէջ կը տեսնէ՞ արդեօք իր ինքնութիւնը կերտող ու պաշտպանող մեր պատմութեան խորհրդանիշներն ու տիպարները… Արդեօ՞ք մեր ժառանգած խորհրդանիշներուն ու տիպարներուն առընթեր անհրաժեշտ չէ ստեղծել նորերը` նոր սերունդներուն կեանքին իմաստ ու դիմագիծ տուող:

6) Մեր պատմութեան ընթացքին յատկապէս Կիլիկիոյ մէջ կրցած ենք ներազգայինի ու անդրազգայինի միջեւ երկխօսութիւն մը յառաջացնել այնպիսի մօտեցումով, որ անդրազգայինը նպաստէ ներազգայինի առաւե՛լ հարստացման: Սփիւռքի հայուն ինքնութիւնը եթէ քննական երկխօսութեան ու ներդաշնակ յարակցութեան ճամբով չկարենայ բացուիլ իր շրջապատին, պիտի մեկուսանայ` ուղղուելով դէպի գունաթափում ու ձուլում: Սարոյեան, ընդունելով հանդերձ թէ իր գրութեան լեզուն անգլերէն է, միջավայրը Ամերիկան է, կ՛աւելցնէ, թէ` <<ոգին, որ կը ստիպէ ինծի գրել, հա՛յ է® որովհետեւ ես չեմ կրնար իմ ինքնութեան մասին մտածել հայութենէն դուրս…>>: Արդարեւ, <<այլալեզու հայ>>, <<այլալեզու հայ երգիչ>>, <<այլալեզու հայ գրող>> կամ <<այլալեզու հայ արուեստագէտ>> եւ <<հայկական ծագում>> հասկացողութիւնները սկսած են լայն տեղ գրաւել հայ իրականութենէն ներս, եւ քիչ մը ամէն տեղ: Արդ, ինչպէ՞ս կրնանք նման պիտակներով մեր շուրջը կամ մեզմէ հեռու գտնուող հայերը մօտեցնել մեր կեանքին ու զանոնք պատուաստել իրենց արմատներուն կառչած մնալու յանձնառութեամբ: Միւս կողմէ, ինչպէ՞ս կրնանք հայ ընտանիքէն ներս <<օտար>>-ին ներկայութիւնը հայացնել:

7) Ինքնագիտակցութիւնը պէտք է ամրացուի ազգային գաղափարախօսութեան վրայ, այլապէս ինքնութեան բաղադրիչ գործօններու բացակայութեան աստիճանաբար պիտի խամրի: Արդարեւ, մեր պահանջատիրութիւնը, ամբողջական Հայաստանի տեսլականը, բնականաբար Հայաստանի հզօրացման ու Արցախի անկախութեան ամրապնդման հետ միատեղ ամուր հիմքը կը կազմեն մեր ազգային գաղափարախօսութեան: Ազգային գաղափարախօսութիւնը, իր կարգին, անհրաժեշտ է, որ ամրացուի մեր հոգեւոր, մշակութային ու բարոյական արժէքներու համակարգին ու հէնքին վրայ, այլապէս կը վերածուի պարագայական ու զգացական պոռթկումներու, երեւոյթ մը, որ սկսած է զգալի դառնալ յատկապէս մեր նոր սերունդին մօտ: Արդեօ՞ք կարելի է հայ ըլլալու նուազագոյն արժեչափ նկատել` <<Կը յիշեմ, կը յիշեցնեմ ու կը պահանջեմ, որովհետեւ հա՛յ եմ>> ինքնագիտակցութիւնը ու աշխատիլ զայն մտածելակերպի ու գործելակերպի վերածել, յատկապէս` հայ կեանքէն կտրուած ու օտար շրջանակներուն մէջ ապրող հայերուն մօտ:

Այսօր փաստօրէն սփիւռքի հայուն ինքնութիւնը արտայայտող տարբեր կերպերով ու պատկերներով շրջապատուած ենք. ո՞րն է իտէալը, ընդունելին կամ մերժելին. ի՞նչ չափանիշներով կարելի է նման արժեւորում կատարել: Եթէ պատմութենէն ժառանգուած ինքնութիւնը նկատենք միակ չափանիշը, կրնանք անելի մատնուիլ: Հարկ է ըլլալ իրապաշտ: Մեր ինքնութիւնը երաշխաւորող արժէքները փաստօրէն սկսած են փոշիով ծածկուիլ, ինքնութեան գործօնները իրենց ուժականութիւնը կորսնցնել, իսկ գոյապայքարի մեր զէնքերը` ժանգոտիլ: Այս ընթացքով, ժամանակի ժանգին ու համաշխարհայնացած աշխարհի ահաւոր հոսանքներուն դիմաց կրնայ մնալ միայն երբեմն-երբեմն զգացական պոռթկումներով արտայայտուող <<հայկական ծագում>> ունենալու գիտակցութիւնը…

Ամերիկա ուսանողութեանս օրերէն հետեւեալ պատկերները կը մնան թարմ` յիշողութեանս մէջ. հանդիսութեան մը ընթացքին համայնքի ղեկավարներէն մէկը խօսելով հայապահպանման մասին` ըսաւ, որ հայութիւնը ո՛չ միայն մեր լեզուով ու մշակոյթով կարելի է պահել, այլ նաեւ` հայկական խոհանոցով… Իսկ հոգեւորական մը դասախօսութեան ընթացքին շեշտեց, որ մեր պապերը հայերէնով խօսեցան Աստուծոյ հետ, Ամերիկայի մէջ մենք նաեւ անգլերէնով պիտի խօսինք Աստուծոյ հետ… Վերջերս Անթիլիաս այցելող օտար պատուիրակութեան մը անդամներէն մէկը մօտեցաւ ինծի ու ըսաւ` ես թուրք եմ, սակայն ներքնապէս հայ եմ, որովհետեւ մեծ մայրս հայ եղած է… Դարձեալ վերջերս, Միացեալ Նահանգներէն եկած հայորդիներու խումբին մաս կազմող պատանիի մը հարց տուի` հա՞յ ես, թէ՞ ամերիկացի: Հակառակ Պուրճ Համուտէն արտագաղթած իր հօր զգուշ ըլլալու հրաւիրող նայուածքին` պատանին համարձակ կերպով պատասխանեց` ես ամերիկացի՛ եմ…

Այս տխուր պատկերներուն դիմաց կը հանդիպինք նաեւ հայու ինքնութեան կառչած մնալու գօտեպնդիչ երեւոյթներու: Այսպէս, երբ Պարսկաստանի մէջ հաւաքական հայ կեանքէն հեռու գտնուող Անզալի գիւղը այցելեցի, ուր կը բնակին քանի մը տասնեակ հայ ընտանիքներ, եկեղեցւոյ պատին վրայ խոշոր տառերով արձանագրուած տեսայ հետեւեալ բառերը. <<Օտար քամի որքան փչի, մեզ իր փոշով չի ծածկի…>>: Վենեզուելայի հայ գաղութին տուած այցելութեանս ընթացքին, հանդէսին պատանի մը սպանական շեշտով արտասանեց Պ. Սեւակի հետեւեալ բառերը` <<Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք…>>: Ետեւս նստող ծերունի մը մրմնջեց` <<Տղա՛ս, այս ընթացքով` ինչպէ՞ս եւ մինչեւ ե՞րբ…>>:

Սփիւռքի մէջ պիտի շարունակենք նման հակասական պատկերներուն հանդիսատես ըլլալ, բայց ծերունիին ցաւագին բառերով` մինչեւ ե՞րբ…

Գոյութիւն` կը նշանակէ ինքնութիւն, ինքնութիւն` կը նշանակէ գոյութիւն: Արդ, կա՛մ հա՛յ ենք, կա՛մ տեղացի` հայկական ծագումով: Արդեօ՞ք այս արմատական մօտեցման կառչած պէտք է մնանք եւ կամ պէտք է փորձենք ինքնութեան այս երկու ըմբռնումներուն միջեւ ներդաշնակ յարակցութիւն ու գոյակցութիւն մը ստեղծել` պահելով հայկականը, որպէս մեր ինքնութեան միջուկը ու հիմքը, եւ պայմաններու համաձայն, հայկական ինքնութիւնը շաղախելով տեղական գոյներով ու համեմներով:

Կարելի՞ է արդեօք յեղաշրջել դէպի նահանջ ուղղուած սփիւռքի ընթացքը: Բնականաբար արմատական լուծումը հայրենադարձութիւնն է: Միթէ հնարաւո՞ր է եւ ճի՞շդ  մեր պատմութեան այս հանգրուանին նման քայլի դիմել: Սակայն հնարաւոր է ու անհրաժեշտ` իրենց գաղութներէն հեռացող հայերը ուղղել դէպի Հայաստան: Բոլոր պայմաններուն մէջ Հայաստանը է՛ եւ կը մնայ ողջ հայութեան վախճանական միակ հասցէն:

Վերջապէս, կարելի՞ է արդեօք սփիւռքի մէջ հայու ինքնութիւնը պահել նո՛յն բիւրեղութեամբ ու հզօրութեամբ: Ահա մեծ մարտահրաւէրը` մեր դիմաց: Նահանջի ալիքներուն յանձնուիլը ինքնասպանութիւն է, իսկ նահանջի ալիքներուն դէմ աւանդական զէնքերով պայքարիլը` անիրատես մարտավարութիւն ու ապարդիւն ռազմավարութիւն: Անհրաժեշտ է, հետեւաբար, ինքնապաշտպանութեան մեր զէնքերը վերանորոգել ու արդիականացնել.  առաջին` մեր գաղութներու կեանքին կազմակերպչական ուժականութիւն ու կենսունակութիւն տալով, երկրորդ` ինքնաճանաչման ազդու մեթոտներ ու ուղիներ ճշդելով եւ ինքնութեան նոր մոտելներ ու չափանիշներ որոնելով, երրորդ` սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը վերստեղծելով ու ինքնագիտակցութիւնը ամրապնդելով` համահունչ տուեալ միջավայրին ու ներկայ պայմաններուն:

Այս հարցերն ու հարցադրումները, տագնապներն ու մարտահրաւէրները քննարկելու կոչուած է այս հաւաքը` իրապաշտ ոգիով ու քննական մօտեցումով:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

11 յուլիս 2017
Անթիլիաս

 

comments

Advertisement