Խանասորէն Լիզպոն, Արցախ եւ անդին…

By ARF | Friday, 28 July 2017

Երեսունչորս տարիներ ետք ջինջ ու վճիտ կը մնան Լիզպոնի հինգ հերոսներուն ազգային գիտակցութեան եւ մարտունակութեան թելադրականութիւնը։ Աւելին, շնորհիւ իրենց խոյացող աքթին, տարիներու թաւալումով աւելի կը բիւրեղանայ մեր ժողովուրդի իրաւազրկումի վերացման համար մղուող պայքարի էութիւնը։ Աւելի կը շեշտուի մեր կամքի պրկումը՝ անխափան շարունակելու համար այդ պայքարը։

Սեդօ Պոյաճեան

Լիզպոնի գործողութիւնը արկածախնդրութիւն մը չէր, այլ՝ քաղաքականօրէն հաշուարկուած եւ մարտականօրէն ծրագրուած յստակ նպատակ հետապնդող նախաձեռնութիւն։ Բնական է յախուռն էր գործողութիւնը, սակայն տիրող պայմանները կը պարտադրէին ծայրագոյն յանդգնութիւնը։ Երբ տասնամեակներ շարունակ մեծ, միջակ եւ փոքր պետութիւններ կը փորձէին թաղել իրաւազրկուածի մեր հաւաքական յիշողութիւնը եւ կը պարտադրէին հաշտուիլ կատարուած իրողութեան հետ, տարբեր միջոցներով եւ տարբեր տարողութեամբ հակադարձութիւնը հարկադրանք էր մեր պահանջատիրութեան համար։

Այդ նոյն պետութիւնները լուռ էին եւ լռութիւն կը պահէին մեր ժողովուրդի ցեղասպանութեան ու մեր հայրենի հողերու մեծ մասի բռնագրաւման անարդար փաստին առջեւ։ Ծանր լռութեան հաստ պատ մը բարձրացուցած էին մեր թուղթէ աղերսներուն դիմաց։ Մեր պահանջատէր երիտասարդութեան կը պարտադրուէր լռութեան այդ պատը քանդել ուժական պայքարով։

Լիզպոնի մեր հինգ նահատակ ընկերներուն վիճակուած էր լռութեան այդ արգելակող պատեանը ճեղքելու առաքելութիւնը։ Իրենց յանձնուած էր պետութիւններու հանգիստը խանգարելու եւ ստատուս քուոն խախտելու պարտականութիւնը։ Իրենց վստահուած էր Հայ Դատի թղթածրարը վերաբանալու դժուարին գործը։ Եւ անոնք կատարեցին իրենց յանձնառութիւնը անշեղօրէն ու գիտակից կերպով։ Կատարեցին հաւատքով, նոյնիսկ իրենց կեանքի զոհաբերութեամբ, որպէսզի իրաւազրկման դէմ հայուն յանդգնութիւնը շարունակուի եւ ընդարձակուի։

Եւ այդ յանձնառութեամբ, 1983ի Յուլիս ամսուայ վերջին շաբաթը, անոնք ուղեւորուեցան դէպի Փորթուգալի մայրաքաղաքը՝ Լիզպոն։ Անոնք ունէին ճշդուած թիրախ, յատուկ առաքելութիւն եւ յստակ նպատակ։ Յուլիս 27ին անոնք մուտք գործեցին թրքական դեսպանատունէն ներս։ Գրաւեցին դեսպանական շէնքը։ Բացատրեցին իրենց առաքելութիւնն ու նպատակը։ Ներկայացուցին իրենց պահանջները։ Երբ ոստիկանութիւնը պաշարած էր դեսպանատան շէնքը, անոնք անմեղներու սպանութեան չդիմեցին։Կրնային յանձնուիլ ոստիկանութեան, բայց չյանձնուեցան։ Որոշեցին ինքնազոհուիլ որպէսզի, ի դէմ Հայ Դատը անտեսող աշխարհի պետութիւններուն, երաշխաւորուի իրենց առաքելութեան անկեղծութիւնը եւ անարդարութեան վերացման իրենց պահանջին լրջութիւնը։

Այսպէս, մեր հինգ ընկերները, իրենց գիտակից զոհաբերութեամբ, փոխանցեցին արար աշխարհին պահանջատիրութեան մեր պատգամը։ Մեր ժողովուրդին կտակեցին պայքարը շարունակելու խոստումը։ Մեր հայրենիքին նուիրաբերեցին բարձրագոյն զոհաբերութեան օրինակը։ Եւ մեր նորահաս սերունդներուն ջամբեցին ու կը շարունակեն ջամբել հայուն մարտունակութեան ոգին։

Իրենց աքթով եւ գործողութեամբ անոնք դարձան անքակտելի մէկ օղակը մեր պատմութեան մարտունակութեան շղթային։ Մարտունակութեան յատկութիւնը միշտ ալ եղած է հայկական լեռնաշխարհի ու հայկական բարձրաւանդակի հայ մարդուն նկարագրային յատկութեան անբաժան մասը։

Պատահած է երբ պայմաններու հարկադրանքով մթագնած է այդ յատկութիւնը։ Սակայն հայ մարդը վերագտած ու վերատիրացած է ատոր։ Այդպէս էր աւելի քան դար մը առաջ՝ հայկական յեղափոխութեան նախօրէին։ Սակայն հայը կրկին վերադարձաւ իր հարազատ յատկութեան։ Քրիստափորներու կամքով եւ Նիկոլ Դումաններու խիզախութեամբ կերտեցինք Պանք Օթոմաններ ու Խանասորի արշաւանքներ։

Այդպէս էր Սարդարպատեան գոյամարտերու նախօրէին։ Սակայն հայը ցուցաբերեց յեղափոխական խոյանքներու իր յատկութիւնը։ Արամներու առաջնորդութեամբ եւ Դրոներու անվեհերութեամբ նուաճեցինք անկախութիւն եւ կերտեցինք ազգային պետութիւն։

Այդպէս էր Սփիւռքեան պայմաններու տակ, երբ իրաւազրկումի դէմ մեր ձայները կը խեղդուէին։ Սակայն հայը վերադարձաւ իր յեղափոխական աւանդներուն։ Արդարութեան մարտիկներու վճռականութեամբ եւ Լիզպոնի տղոց զոհաբերութեամբ լուսագծուեցաւ Հայ Դատի ճանապարհը։

Այսպէս էր Արցախեան ազատագրական պայքարի շրջանին եւ անցնող տարուան ապրիլեան օրերուն, երբ ազատամարտիկներու կամքով եւ մեր պաշտպանական արի զինուորներու դիմադրականութեամբ պաշտպանեցինք ու պահպանեցինք մեր հայրենական տարածքները։

Լիզպոնի գործողութիւնը եւ մեր հինգ ընկերները մէկ օղակն են հայուն մարտունակութեան եւ յեղափոխական աւանդներու շղթային։ Այդ շղթան անքակտելի կը մնայ Խանասորէն Լիզպոն եւ Արցախ, նաեւ աւելի անդին։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Լոս Անճելըս
Յուլիս 26, 2017

comments

Advertisement