Հայ Բոլշեւիկներու Հաւաքական Պատասխանատուութիւնը Կարելի Չէ Քողարկել

By Asbarez | Wednesday, 16 August 2017

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

garoarmenian

Դիմատետրի ընկերներուս ուշադրութեան կը յանձնեմ Հռիփսիմէ Ջեպէջեանի (http://www.aravot.am/2017/08/14/902386/) (https://www.facebook.com/hripsime.jebejyan) յօդուածը (<<Առաւօտ>>ի մէջ), որ կը խօսի ՀՀ Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանի և <<Ելք>> խմբակցութեան անդամներէն Տիգրան Ավինեանի միջեւ ընթացք առած բանավէճին մասին:

Հարցը այն է, որ մէկէ աւելի փողոցներ, պողոտաներ, դպրոցներ կը շարունակեն կրել հայ անկախ պետականութեան դէմ բացայայտօրէն դաւադրած հայազգի բոլշեւիկներու անունները: Հանրային կարծիքի մեծ շերտ մը երկրէն ներս արդէն չի կրնար հանդուրժել պետութեան անփոյթ վերաբերմունքը այս հարցին մէջ եւ կը պահանջէ շուտափոյթ փոփոխութիւններ այս մարզին մէջ Հայաստանի անկախութեան 100ամեակի սեմին: Եւ անշուշտ կը հանդիպի ուժեղ ընդդիմութեան հին հաստատութեան (establishment) հեղինակութիւններուն կողմէ: Նկատելի է մանաւանդ պր. Ամատունի Վիրաբեանի գործօն մասնակցութիւնը այս քն-նարկման իրերայաջորդ փուլերուն: Մամլոյ ներկայացուցիչները լուսաբանութեան համար տեւաբար կը դիմեն իրեն որպէս իրազեկ մասնագէտի եւ հեղինակաւոր <<վճռահատող>>ի եւ ինք հանդէս կու գայ վճռական յայտարարութիւններով:

Պր. Վիրաբեան կը փորձէ մեղմացնել հայ բոլշեւիկներու մեղքը ՀՀ բանակը յստակ քարոզչական մեքենայութիւններով բարոյալքելու: Մեր կարծիքով, հայ բոլշեւիկները հաւաքաբար պատասխանատու են հայ պետականութեան դէմ լարուած այս մեծ դաւադրութեան համար: Անհեթեթ է <<մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց>>ներու փնտռտուքը ընել այս ուշ ժամուն հիմնուելով Կասեանի եւ ուրիշներու գնդակահարութիւններուն վրայ:

Կայ աւելի՛ն: Այսօր կը խօսուի այն մասին, թէ հայ բոլշեւիկները վերջին պահուն նոյնիսկ փորձած են Մոսկուայի եւ Կարսի բանակցութիւններու ճանկերէն ազատել մեր հողային իրաւունքները՝ անշուշտ, ստանալով իրենց երեսին Մոսկուայի (իմա՛ Ստալինի) շառաչուն ապտակը: Եթէ պահ մը իսկապէս հաւատք ընծայենք այս պնդումներուն, դարձեալ կարելի չէ հայ բոլշեւիկները ազատ կացուցել իրենց դաւաճանական արարքէն դէպի իրենց հայրենիքը: Այժմ եկած է ժամանակը յստակօրէն կողմնորոշուելու: Կարելի չէ ունենալ պետականութիւն իր անկախութեան իրաւակարգով եւ միաժամանակ գաղտնօրէն հաւատարիմ մնալ բոլշեւիկեան ժառանգութեան: Այդ երկուքը հաշտեցնելու որեւէ փորձ կրնայ միայն խաթարել մեր արժէհամակարգը եւ դուռ բանալ բոլոր այն յոռի բարքերուն առջեւ, որոնց դէմ պայքարելու պարտաւորութիւնը ունինք մենք ազգովին:

 

comments

Advertisement