''Դէպի Երկիր'' Կարգախօսին Հիմքերը

By Asbarez | Tuesday, 22 August 2017

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

0804natanbedrosian

Շատերուս ծանօթ է ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ համայն հայութեան ուղղուած <<Դէպի երկիր>> կոչը, որ Դաշնակցութեան ծրագիրին մէջ բնութագրուեցաւ հետեւեալ տողով. <<Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը ձգտի Հայ Դատի լուծման. ամբողջական հայութեամբ՝ ամբողջական հայրենիքի կերտումին>>:

<<Դէպի երկիր>> կարգախօսը հասարակ երազային նպատակ մը չէ, այլ, ընդհակառա՛կն, անիկա տրամաբանական գաղափար մըն է, որ կը բխի հայ ազգային-ազատագրական շարժումի եւ համայն հայութեան վեհ իղձերէն:

Հոգեբանականօրէն, իւրաքանչիւր հայրենազուրկ ազգ (մանաւանդ եթէ անոր հայրենիքը կը գտնուի ամբողջատիրական ուժի գրաւման ներքեւ) նպատակ կ՛ունենայ անկախ պետականութիւն մը կերտելու՝ ազգային-ազատագրական պայքար մղելով:

ՀՅԴն՝ իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւն, միշտ ալ կարիքը զգացած է օգտուելու այլ ընկերվարական կուսակցութիւններու մղած ազգային- ազատագրական պայքարներէն եւ, ըստ անհրաժեշտութեան, որդեգրած է անոնց քաղաքականութիւնները:

Ընկերվարութիւնը՝ իբրեւ ընկերային-տնտեսական համակարգ, լաւագոյն այլընտրանքն է դրամատիրութեան, կայսերապաշտութեան, ամբողջատիրութեան եւ գաղութատիրութեան:

Ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութիւնը անբաժանելի մասն է ազգային-ազատագրական շարժումներուն, եւ այդ պատճառով է, որ 20րդ դարուն ընթացքին բազմաթիւ ազգային-ազատագրական շարժումներ որդեգրած են ընկերվարութիւնը՝ իբրեւ պաշտօնական գաղափարախօսութիւն եւ ծաւալուն պայքար մղած են ընկերային ու տնտեսական ճնշումներուն դէմ:

Այստեղ կ՛արժէ անդրադառնալ <<ընկերվարական սիոնականութեան>>, որ մեր կարծիքով, լաւագոյն օրինակը հանդիսացած է հայրենադարձութեան գաղափարին:

Հազարաւոր տարիներ հրեայ ժողովուրդը հայրենազուրկ մնաց՝ ցրուած աշխարհի չորս ծագերուն. 19րդ դարուն, հակասեմականութեան աճումէն ետք, հրեաները զգացին, որ պէտք է իրենց համար ստեղծեն անկախ պետութիւն մը, ուր ազատագրուած ըլլան բոլոր կաշկանդումներէն. ահա այսպիսով ծնաւ սիոնականութիւնը:

Հրէական ընկերվարական տարրը ունեցաւ իր յատուկ ուղին հայրենադարձութեան մէջ. նշեալ տարրը մերժեց դասական սիոնականներու ազատական տնտեսական գործելակերպը, որուն հիմնական սկզբունքներէն մէկն էր ներդրումներ կատարել Պաղեստինի մէջ: Ներդրումներուն փոխարէն՝ ընկերվարականները առաջարկեցին կազմակերպել քաղաքի բանուորութիւնը՝ արհեստակցական միութիւններու մէջ, իսկ գիւղացիները՝ համագործակցական միութիւններու մէջ: Անոնք նոյնիսկ դէմ կեցան հողերու անհատական սեփականատիրութեան եւ ձգտեցան համայնացնել զանոնք:

Այս նպատակով ալ 1913ին հիմնուեցաւ <<Հաշոմեր հացայիր>> (եբրայերէնով կը նշանակէ՝ <<Երիտասարդ պահակ>>) կազմակերպութիւնը: Այս կազմակերպութիւնը երիտասարդական միութիւն մըն էր, որուն նպատակն էր դաստիարակել երիտասարդութիւնը ընկերվարական համամարդկային արժէքներու հիման վրայ եւ կերտել ընկերվարական հասարակութիւնը մարդ անհատի կեանքին մէջ:

1920ական թուականներէն սկսեալ, <<Հաշոմեր հացայիր>>ը Պաղեստինի մէջ սկսաւ գիւղեր կառուցելու Եւրոպայէն գաղթած հրեաներուն համար: Այդ գիւղերուն ընկերային-տնտեսական համակարգը ընկերվարական էր: Հոն բոլոր հողերը համայնացուած էին, հրեաներն ու արաբները հաւասար էին օրէնքի ու պարտականութեան առջեւ, իսկ բնակարանը, կրթութիւնը, առողջապահութիւնն ու ջուրը ապահովուած էին բոլորին անխտիր:

Ժամանակի ընթացքին ընկերվարական գիւղերու գաղափարը կրկնապատիկ յաջողութիւն արձանագրեց, գաղթողներուն թիւը աւելցաւ, եւ գրեթէ բոլորն ալ բարեկեցիկ կեանք կ՛ապրէին:

Այսօր Հայաստանն ու Արցախը կրնան օգտուիլ հրէական օրինակէն՝ առողջ եւ ազդու  հայրենադարձական քաղաքականութիւն յառաջ մղելու իմաստով: Անոնք միայն կարիքը ունին որդեգրելու այնպիսի ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ ընկերային արդարութեան վրայ, ուր բոլոր հայրենադարձները (առանց դասակարգային խտրականութեան) բարեկեցիկ կեանք կ՛ապրին՝ իրենց համար ապահովելով կեանքի ամէնէն պարզ ծառայութիւններն ու կարիքները:

Ինչպէս պատմութիւնը կ՛ապացուցէ, միայն ընկերային արդար կարգերու միջոցով է, որ համայն հայութիւնը պիտի քաջալերուի վերադառնալու իր հայրենիքը եւ հոն արժանապատիւ կեանք մը ապրելու:

Ընկերվարական հիմքերը միայն այժմէական չեն. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին ալ իրերայաջորդ չորս կառավարութիւնները որդեգրեցին ընկերվարական քաղաքականութիւններ, եւ ապագային ալ, երբ իրականանայ միացեալ Հայաստանի նպատակը, պիտի գործադրուի ընկերվարութիւնը՝ վերաբնակեցնելով տարագիր հայութիւնը իր պապենական հողերուն վրայ:

Ծանօթ.- Այս յօդուածը բնաւ չի քաջալերեր սիոնական անմարդկային ոճիրները եւ բնաւ կողմնակալութիւն, այլ միայն կը պարզաբանէ գաղափարները այն կազմակերպութեան, որ արդէն 1948ին մերժեց Իսրայէլի պետութեան հիմնումը եւ առաջարկեց <<Մէկ պետութիւն՝ երկու ազգերու համար>> գաղափարը:

 

comments

Advertisement