Իրաքի Քրտաբնակ Շրջաններու Անկախութեան Հանրաքուէն Եւ Հայաստանի Դիրքորոշումը

By Asbarez | Friday, 25 August 2017

 

0825kurdistan

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

25 Սեպտեմբերին, հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ անկախութեան հանրաքուէ մը պիտի կազմակերպուի՝ որոշելու համար մարզին ապագան: Շատեր կը կարծեն, որ շուտով շրջանը անկախութիւն պիտի հռչակէ եւ անջատուի Իրաքէն։ Շատ հաւանաբար անոր արդիւնքը ի նպաստ անկախութեան կրնայ ըլլալ, սակայն պէտք է հաշուի առնել դրացի երկիրներուն կեցուածքը այս հարցին նկատմամբ. մեզ կը հետաքրքրէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը հանրաքուէի արդիւնքին վերաբերեալ:

 

ՀԱՆՐԱՔՈՒԷՆ՝ ԻԲՐԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔ

 

Քրտական ինքնավար մարզի եւ Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Մասուտ Պարզանի այս քայլով կ՛ուզէ ամրապնդել իր քաղաքական դիրքը իրաքեան քրտաբնակ շրջաններուն մէջ: Երկու տարի եղած է արդէն, որ անոր նախագահական պաշտօնավարութեան շրջանը վերջ գտած է, անոր համար ալ Պարզանի պէտք է իր քաղաքական օրինականութիւնը ամրապնդէ: Սակայն բոլոր քիւրտերը միասնական չեն հանրաքուէին շուրջ. քրտական Կորան եւ Իսլամական կուսակցութիւնները հանրաքուէն կոչեցին անօրինական եւ կոչ ուղղեցին Պարզանիին, որ յետաձգէ զայն։ Այս կոչին միացաւ նաեւ քրտական Ազգային միասնութիւն կուսակցութիւնը, զոր կը ղեկավարէ Իրաքի նախկին նախագահ Ժալալ Թալապանի:

Ըստ քիւրտ լրագրող Քեմալ Չոմանիի՝ այս հանրաքուէն կապուած է Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան ու Պարզանիի ապագային եւ ոչ թէ քիւրտ ժողովուրդին ապագային հետ: Էրպիլ 30 միլիառ տոլարի պարտք ունի, պետական պաշտօնեաները իրենց ամսականները ուշ կը ստանան, իսկ Պարզանիի ընտանիքը շրջանը վերածած է <<ընտանեկան իշխանութեան մը>>: Էրպիլ ամէն ջանք կը թափէ, որ իր սահմաններուն մէջ առնէ Քերքուքը եւ Սինճարը: Հաւանաբար հանրաքուէն բանակցութեան քարտ մըն է Իրաքի իշխանութիւններուն դէմ գործածելու համար: Աւելի՛ն. քրտական բանակը՝ փեշմարկան ներքին պառակտումներ կը դիմագրաւէ, եւ անոր ղեկավարութիւնը բաժնուած է Պարզանիի եւ Թալապանիի միջեւ. 1990ականներու քրտական եղբայրասպան կռիւները տակաւին թարմ են երկու մրցակիցներուն յիշողութեան մէջ, եւ ասիկա յաւելեալ պատճառ կը դառնայ հարց տալու, թէ որքանո՞վ անկախ Քիւրտիստան մը քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւն կրնայ ունենալ:

 

ԹԵՀՐԱՆԷՆ ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ԹԵԼ ԱՒԻՒ

 

Իրանի վարչակազմը քրտական Ազգային միասնութիւն կուսակցութեան պատուիրակութեան յստակացուց, որ Թեհրանի համար Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը սրբութիւն է, եւ Իրան ամէն ջանք պիտի թափէ պահպանելու համար զայն: Իրան յայտարարեց, թէ որեւէ այսպիսի քայլ (անկախութեան վերաբերեալ) պէտք է ստանայ Պաղտատի հաստատումը, ապա թէ ոչ կրնայ շրջանային տագնապի մը վերածուիլ: Իրանի իշխանութիւններուն մտահոգութիւնը նաեւ կապուած է երկրի ներքին ժողովրդագրական պատկերին հետ, որովհետեւ Իրանի մէջ կ՛ապրին շուրջ 6,738,000 քիւրտեր, որոնք կը գտնուին երկրի հիւսիս-արեւմտեան կողմը եւ պատմութեան ընթացքին փորձեր կատարած են անջատուելու Իրանէն: Աւելի՛ն. Թեհրան նաեւ մտահոգ է, որ Էրպիլ հետագային զինուորական դաշինքներ կնքէ Իսրայէլի հետ, մանաւանդ որ արդէն իսկ իրաքեան քրտաբնակ շրջաններուն մէջ կը գործեն ամերիկեան ռազմական կեդրոններ:

Հակառակ անոր որ Անգարայի հետ տնտեսական կապերը վերելք կ՛ապրին, եւ իրաքեան քրտաբնակ շրջաններու մէջ կը գործեն մօտ 1500 թրքական գործարաններ, Թուրքիա պաշտօնապէս դէմ է իրաքեան քրտաբնակ շրջաններու մէջ անկախութեան հանրաքուէի կազմակերպման: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հանրաքուէն <<վնաս պիտի հասցնէ շրջանի կայունութեան>>, իսկ ազգայնական Ազգային շարժում կուսակցութեան փոխնախագահ Մեհմետ Կիւնել յայտարարեց, թէ ինչպէս թրքական բանակը ներխուժեց Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները, իրաւունքը ունի նոյնը ընելու նաեւ Մուսուլի եւ Քերքուքի պարագային, որովհետեւ անոնք թրքական հողեր են: Աւելի՛ն. նախագահ Էրտողան բազմիցս յայտարարեց, որ հիւսիսային Իրաքի թիւրքմենները մինակ պիտի չձգէ, եւ անոնց անվտանգութիւնը կապուած է Թուրքիոյ անվտանգութեան: Հակառակ անոր որ Էրպիլ կը հաստատէ, որ քրտական ինքնավար մարզի տարածքին կ՛ապրին 600,000 թիւրքմեններ, որոնք հաստատուած են Քերքուքի եւ Թել Աֆարի մէջ, այսուհանդերձ, Անգարա կը պնդէ, որ անոնց թիւը կը հասնի մօտ 2 միլիոնի: Սակայն Իրաքի թիւրքմեններուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի իսլամական շիի դաւանանքին, եւ անոնց վրայ Իրանի ազդեցութիւնը հետզհետէ կը մեծնայ: Թուրքիա մտավախութիւն ունի, որ իր սահմաններուն մէջ ապրող քիւրտերը եւս ապագային նոյն քայլին դիմեն, եւ իրաքեան քրտաբնակ շրջաններու հանրաքուէն սաստկացնէ Թուրքիոյ մէջ քրտական անջատողական զգացումը:

Վերջերս, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Իսրայէլ իրաքեան քրտաբնակ շրջաններու անկախութեան կողքին է: Անշուշտ ասիկա անակնկալ մը չէր: Թել Աւիւի համար Իրաքի քրտական ինքնավար մարզը կարեւոր ռազմաքաղաքական նշանակութիւն ունի: Իսրայէլի համար կարեւոր է շրջանին մէջ դաշնակից ունենալը, սակայն նաեւ կարեւոր է, որ այդ դաշնակիցը սահմանակից ըլլայ իր թշնամիին՝ Իրանին, ինչպէս նաեւ նոյն քաղաքականութիւնը վարէ Ատրպէյճանի հետ: Իսրայէլ կ՛ուզէ շրջապատել Իրանը իր դաշնակիցներով, սակայն կը կասկածիմ, որ մօտիկ ապագային իրաքեան քրտաբնակ շրջանները այսպիսի վտանգաւոր քայլերու դիմեն: Սակայն եթէ Իրան սպառնայ քրտաբնակ շրջաններու անկախութեան, ապա ոչ մէկ բան կ՛արգիլէ այս մէկը:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ

 

Մարտին, Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում տուաւ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ հիւպատոսարան մը պիտի բանայ: Ըստ քրտական ինքնավար մարզի հայազգի երեսփոխան Երուանդ Էմինեանի՝ Էրպիլ նոյնիսկ հողաշերտ մը տրամադրած է այդ նպատակին համար, սակայն մինչեւ հիմա Երեւանէն ոչ մէկ պաշտօնական քայլ առնուած է այդ ուղղութեամբ: Ինչո՞ւ կարեւոր է Հայաստանի համար դիւանագիտական յարաբերութիւն ստեղծել Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին հետ.

– Մեկնելով այն իրողութենէն, որ Հայաստանի մէջ կան եզիտիական ու քրտական համայնքներ, եւ  Ազգային ժողովին մէջ անոնք ունին իրենց պատգամաւորները, անոնք կրնան կապը ըլլալ իրաքեան քրտաբնակ շրջաններու մէջ ապրող եզիտիներուն եւ քիւրտերուն հետ՝ զարգացնելով երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, զբօսաշրջութեան եւ մշակութային կապերը:

– ՏԱԷՇի յարձակման ժամանակ քիւրտերը զինեցին եւ պաշտպանեցին քրտական ինքնավար շրջանի հայկական գիւղերը, հետեւաբար հայ համայնքը պաշտպանուած է քրտական կառավարութեան կողմէ, եւ Հայաստանի պարտականութիւնն է մօտէն հետապնդել համայնքին անվտանգութեան խնդիրը, մանաւանդ եթէ ապագային Թուրքիա ներխուժէ շրջանը:

– Իր քարիւղի հանքերով հարուստ Էրպիլ կրնայ Հայաստանի տնտեսութեան համար այլընտրանք մը ըլլալ: Հայաստանի տնտեսութիւնը այսօր պէտք ունի իր տնտեսական այլընտրանքները կրկնապատկելու, որպէսզի որոշ չափով իր կախեալութիւնը նուազեցնէ ռուսական տնտեսութենէն:

– Անշուշտ, կարելի չէ պաշտօնական դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Պաղտատի հաշուոյն, որովհետեւ վերջերս Երեւանի եւ Պաղտատի միջեւ յարաբերութիւնները բաւական աճ արձանագրած են, սակայն ուշ կամ կանուխ Հայաստան ստիպուած պիտի ըլլայ քայլերու դիմելու:

 

ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

 

Ներկայիս Էրպիլ կը փորձէ իր խաղաքարտերը խաղալ եւ ճնշումի ենթարկել Պաղտատի իշխանութիւնները, որպէսզի քաղաքական շահեր ստանայ իրաքցիներուն հաշուոյն, հաւանաբար Իրանի ճնշումով Իրաք Քերքուքի շրջանը իր քարիւղի հարուստ հանքերով զիջի քիւրտերուն, նոյն բանը կրնայ ըլլալ նաեւ Սինճարի պարագային, ուր եզիտիները մեծամասնութիւն կը կազմեն, կը մնայ Նինուէն, ուր ասորիները պառակտուած վիճակի մէջ են եւ տակաւին չեն կողմնորոշուած, թէ պիտի մնան Իրաքի՞, թէ ստեղծուելիք Քիւրտիստանի սահմաններուն մէջ: Անշուշտ տակաւին շատ կանուխ է խօսելու քրտական պետութեան ստեղծման մասին, սակայն արդէն իսկ Էրպիլ կրնայ նկատուիլ իբրեւ տէ ֆաքթօ կիսանկախ պետութիւն մը, որ ունի իր կառավարութիւնը, բանակը եւ սահմանադրութիւնը, սակայն անիկա շրջանին մէջ կարիք ունի դաշնակիցի մը, որ իր քաղաքական հովանաւորի դերը կրնայ խաղալ: Իսրայէլ աշխարհագրականօրէն ատիկա չի կրնար կատարել, ուստի այդ հովանաւորը կա՛մ Թուրքիան, կա՛մ ալ Իրանը պիտի ըլլայ:

 

Yeghia.tash@gmail.com

 

 

 



comments

Advertisement