Դաշնակցութեան Պատմական՝ 9րդ Ընդհանուր Ժողովին Բացումը Ազատ Ու Անկախ Երեւանի Մէջ

By Asbarez | Friday, 29 September 2017

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

nazareth

ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներու շարքին իններորդը պատմական եղաւ ոչ միայն իր գումարման պահուան ունեցած ազգային-քաղաքական դարակազմիկ նշանակութեան առումով, այլեւ՝ Հայաստանի անկախութիւնը նուաճած հայ ազատագրական պայքարի առաջնորդ կուսակցութեան հետագայ տասնամեակներու կեանքը հունաւորելու իմաստով:

1919ի Սեպտեմբերը յոյսերու եւ լաւատեսութեան աստեղային ՊԱՀն էր հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ:

Առաջին Աշխարհամարտը աւարտած էր եւ, ամբողջ հին աշխարհին հետ, նաեւ ու յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական նոր քարտէսը ձեւաւորման ու վճռագծման իր փուլին մէջ կը գտնուէր:

Թէեւ Հայաստանն ու հայութիւնը ծանրագոյն կորուստներ կրած էին Աշխարհամարտին ընթացքին՝ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան հետեւանքով, բայց կրցած էին յարութիւն առնել Մեծ Գողգոթայէն եւ ոչ միայն նուաճել անկախութիւնը հայրենիքի փոքր, բայց աստիճանաբար ընդարձակուող մասին վրայ, այլեւ՝ հաստատուն հիմերով ամրապնդել հայոց ազգային պետականութիւնը:

Մայիս 1919ին, Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան առաջին տարեդարձին առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան նորակազմ կառավարութիւնը, Ալ. Խատիսեանի վարչապետութեամբ, խորհրդարանին ներկայացուած իր քաղաքական ուղեգիծին մէջ, արտայայտելով պահուն ընդհանուր խանդավառութիւնը եւ իշխանութեան ղեկը ստանձնած Դաշնակցութեան մէջ տիրող տրամադրութիւնները՝ արդէն հռչակած էր Միացեալ, Անկախ եւ Ազատ Հայաստանի ուղղութեամբ գործելու իր անսակարկ յանձնառութիւնն ու ամբողջական պատրաստակամութիւնը:

Ահա նմա՛ն մթնոլորտի մէջ, 27 Սեպտեմբեր 1919ին կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը ՀՅԴ Իններորդ Ընդհանուր ժողովին, որ շարունակուեցաւ մինչեւ Հոկտեմբեր ամսու աւարտը: Ժողովը պատմական նշանակութիւն ունեցաւ առաջին հերթին իր գումարման պահու ա՛յս դիտանկիւնէն:

Եղաւ Դաշնակցութեան առաջին գերագոյն ժողովը, որ կը գումարուի Անկախ Հայաստանի եւ հայ ազգային պետականութեան պայմաններուն մէջ:

Հրաչ Տասնապետեանի ամփոփումով (տես՝ <<ՀՅ Դաշնակցութիւնը Իր Կազմութենէն Մինչեւ Ժ. Ընդհանուր Ժողով>> աշխատութիւնը), ժողովը ունեցաւ <<ամենալայն ներկայացուցչական պատկեր ու յստակօրէն համազգային բնոյ>>չ:

Ժողովին իրենց ներկայացուցիչներով մասնակցեցան՝

— Հայաստանի ու Արեւելեան Բիւրօները եւ <<բոլոր այն մարմինները, որոնք իրաւապէս գոյութիւն ունէին Ութերորդ Ընդհանուր ժողովի օրերուն (1914)>>.

– Նաեւ այն մարմինները, <<որոնք կազմուած էին հնգամեակի ընթացքին (Բասէն, Բագրեւանդ, Հարք-Ապահունիք), ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք կը բխէին Հայաստանի նոր իրականութենէն (Խորհրդարանական Ֆրակցիա, Երեւանի Ներկայացուցչական Խորհուրդ եւ այլն):

Ժողովի նախապատրաստութեան շրջանին, Մարտ 1919էն սկսեալ, ՀՅԴ զոյգ Բիւրօները <<արեւմտահայ մարմիններուն տուած էին յատուկ դիւրութիւններ՝ իրենց կազմերը ամբողջացնելու>>:

ՀՅԴ Իններորդ Ընդհանուր ժողովի <<Որոշումներու Գրքոյկ>>ին համաձայն՝ ժողովին մասնակցեցան վճռական ձայնով 61 եւ խորհրդակցական ձայնով 19 պատգամաւորներ:

Ընդհանրապէս քառամեայ պարբերականութեամբ գումարուող Դաշնակցութեան գերագոյն համագումարներու՝ Ընդհանուր ժողովներու պատմութեան մէջ, շուտափոյթ պարբերականութեամբ յատկանշուած էր Չորրորդէն (1907ին, Վիեննա) մինչեւ Ութերորդ (1914ի Յուլիս, Կարին) Ընդհանուր ժողովներուն գումարման ժամանակաշրջանը:

Եօթը տարուան ընթացքին Դաշնակցութիւնը ունեցաւ չորս Ընդհանուր ժողովներ, որովհետեւ Արեւմտահայաստանի եւ Բուն Երկրին համար ծայր աստիճան բախտորոշ վերիվայրումներով բնորոշուող տարիներ էին անոնք:

Յատկապէս Եօթներորդ (1913ի Օգոստոս, Կարին) եւ Ութերորդ Ընդհանուր ժողովները գումարուեցան իրարմէ հազիւ 10 ամիսներու հեռաւորութեամբ:

7րդ Ընդհ. ժողովի օրերուն Սիմոն Զաւարեան տակաւին կ՛ապրէր եւ կ՛առաջնորդէր Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ գործող դաշնակցական ղեկավարութիւնը, իսկ Ռոստոմ հաստատուած էր Կարին, ուրկէ կը հունաւորէր Երկրին մէջ Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութիւնը: ՀՅԴ Հիմնադիր սերունդի երկու ղեկավար դէմքերու առաջնորդութեամբ, 7րդ Ընդհանուր ժողովը քննութեան նիւթ դարձուց Գերմանիոյ հետ զինակցաբար ընդհանուր պատերազմի պատրաստուելու Իթթիհատի ռազմատենչ քայլերը: Որոշեց՝ <<օրինական բոլոր հնարաւոր միջոցներով կանխել զինուած ընդհարումները>>, իսկ եթէ պատերազմը անխուսափելի դառնայ՝ ամէն քաղաքացի կը կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնը ի՛ր պետութեան հանդէպ>>:

Աշխարհամարտը շուտով անխուսափելի դարձաւ եւ Իթթիհատը, գիտնալով հանդերձ Դաշնակցութեան հակապատերազմական դիրքորոշումը՝ քաղաքական ամէն քայլի դիմեց, որպէսզի տարհամոզէ Դաշնակցութիւնը եւ, Ցարական կայսրութեան դէմ թրքական պետութեան նախապատրաստած պատերազմին ընթացքին, թրքական զօրքերու կողքին ունենայ հայ ժողովուրդի արեւմտահայ թէ արեւելահայ հատուածներուն զինակցութիւնը՝ Դաշնակցութեան միջոցաւ: Այդ պատճառով ալ, 7րդ Ընդհ. ժողովէն տասը ամիս անց, գումարուեցաւ ՀՅԴ 8րդ Ընդհ. ժողովը, Ս. Զաւարեանի մահէն ետք (Հոկտեմբեր 1913) Ռոստոմի առաջնորդութեամբ, որ միեւնոյն պատասխանը տուաւ Կարին եկած ու ժողովին ներկայացած Իթթիհատի բանագնացներուն:

Այդպէ՛ս, իր 7րդ եւ 8րդ Ընդհանուր ժողովներու որոշումով, Առաջին Աշխարհամարտի դաժանագոյն տարիներուն ընթացքին, Դաշնակցութիւնը ստիպուեցաւ զէնք բարձրացնելու՝ միաժամանակ թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին իթթիհատական եղեռնագործութեան դէմ հայ ժողովուրդին ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու համար, թէ՛ Ցարական կայսրութեան տարածքին ղեկավարելու համար Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումը եւ մասնակցութիւնը ռուս-թրքական պատերազմին, նպատակադրելով օգնութեան հասնիլ բուն Երկրի հայութեան փրկութեան՝ ստոյգ ցեղասպանութեան դէմ…

Աշխարհաքաղաքական բախտորոշ այդ վերիվայրումներու խորապատկերով՝ ՀՅԴ 9րդ Ընդհանուր ժողովը եկաւ պատմական արժեւորումը կատարելու հայ ժողովուրդին հնգամեայ մաքառումին՝ մահուան անդունդը թաւալգլոր անկումին եւ հրաշափառ յարութեան, որուն պսակումը եղան Հայաստանի անկախութեան նուաճումն ու հայոց ազգային պետականութեան կերտումը:

Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովը պատմական նշանակութիւն ունեցաւ ոչ միայն հայ ազգային-ազատագրական շարժման աւելի քան երեսնամեայ պայքարին յաղթանակով պսակումը ամրագրելու իմաստով, այլեւ՝ հայ քաղաքական մտքի ակամայ, այլ բռնի երկփեղկումին վերջ տալու առումով: Ընդհանուր ժողովը Դաշնակցութեան Ծրագրէն ջնջեց Արեւմտահայաստանի եւ Արեւելահայաստանի համար 1907ի 4րդ Ընդհանուր ժողովին առաջադրած լայն ինքնավարութեան քաղաքական առաջադրանքները եւ, փոխարէնը, որոշեց ծրագրային նպատակ ունենալ <<Միացեալ, Անկախ եւ Ազատ Հայաստան>>ի իրագործումը:

ՀՅԴ Իններորդ Ընդհանուր ժողովը պատմական եղաւ նաեւ ու մանաւանդ թրքական պետութեան գործադրած Հայասպանութեան պատասխանատուները պատժելու իր որոշումով, որ ամրագրուեցաւ <<Նեմեսիս գործողութեան>> առջեւ ծրագրումի եւ կազմակերպումի կանաչ լոյս բանալով:

Իր այդ որոշումներով՝ նաեւ գալիքի հաշուոյն պատմական կարեւորութիւն ունեցաւ 27 Սեպտեմբերին, 98 տարի առաջ, Երեւանի մէջ բացուած ՀՅԴ 9րդ Ընդհանուր ժողովը: Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իրականացման ի խնդիր յարատեւ պայքարը հունաւորեց Դաշնակցութեան հետագայ ուղին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումը դարձնելով կիզակէտը Դաշնակցութեան ազգային-քաղաքական վարքագիծին:

Իսկ 9րդ Ընդհանուր ժողովի որոշած <<Նեմեսիս գործողութեան>> իրականացումով՝ Դաշնակցութիւնը ամբողջապէս լծուեցաւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան երկարաշունչ պայքարին, զայն դարձնելով հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն ազգային ինքնաճանաչումի եւ ինքնահաստատման աներեր կռուանն ու ներշնչման աղբիւրը:

Հայապահպանման եւ հայակերտման գոյապայքարին կենարար ակունքը:

Վերջապէս, ՀՅԴ 9րդ Ընդհանուր ժողովը դաշնակցական սերունդներուն վրայ պարտք դրաւ մշակումը ժողովրդավարական եւ ընկերվարական այն Ծրագիրին ու գործունէութեան, որոնք ընկերային արդարութեան եւ ազատագրումի ուղին պիտի հարթեն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին առջեւ, մեր երկրի ու ժողովուրդի առանձնայատուկ պայմաններէն մեկնելով:

 



comments

Advertisement