Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Հիմնադրութեան 70ամեակին Նուիրուած Պատմական Յուշ Մը

By Asbarez | Tuesday, 03 October 2017

 

1002karenyeppe

ՀՐԱՅՐ ԱՒԵՏԵԱՆ

 

Այս տարի Ճեմարանի հիմնադրութեան 70ամեակն է: Իբրեւ առաջին շրջանաւարտներէն մէկը, ինձմէ խնդրուեցաւ, որ այս մասին քանի մը տող գրեմ: Շատեր արդէն գրած են իրենց սահուն գրիչներով: Ուստի, իմ կարգիս որոշեցի գրել դրուագի մը մասին, որ մեծ անդրադարձ ունեցած էր կեանքիս վրայ:

1948ի դպրոցական վերամուտ էր: Ճեմարանը արդէն իր հիմնադրութենէն ի վեր տարի մը բոլորած էր եւ կը սկսէր իր երկրորդ ուսումնական տարեշրջանը՝ 8րդ դասարանով: Նախկին տարեշրջանը աննշան անցած էր, եւ այդ իսկ պատճառով ալ միայն 7 աշակերտներ դպրոց վերադարձած էին:

Այս վերամուտին, սակայն, երկու նորութիւններ ի յայտ եկած էին: Նախ Երանուհի Ջաղացպանեան՝ իբրեւ նոր աշակերտուհի մեզի կը միանար, երբ միւս կողմէ, տղոցմէ ոմանք կ՛ուզէին չվերադառնալ եւ ուրիշ վարժարան յաճախել կամ արհեստի մը մէջ նետուիլ: Այսպէս, ինքնաշարժի նորոգութիւն, <<թոռնոճի>> կամ ատաղձագործ: Իսկ երկրորդ նորութիւնը՝ պրն. Անդրանիկ Մելիքեանի Ճեմարանէն ներս <<մաթեմաթիք>>ի (թուաբանաութեան) իբրեւ այցելու ուսուցիչ պաշտօնի կոչուիլն էր:

Այցելու նոր ուսուցիչը քաղաքի ֆրանսական Լիսիէի հանրածանօթ դասատուներէն մէկն էր: Սքանչելի ուսուցիչ մըն էր՝ փորձառու, կարող եւ գործնական: Տակաւին մինչեւ օրս զինք բարի կը յիշեմ: Միւս կողմէ, այդ օրերուն Համաշխարհային Բ. պատերազմը արդէն վերջ գտած էր եւ մեր տղոցմէ մէկը, իբրեւ մեծ ապագայ ունեցող արհեստ կը գովաբանէր, ու նոյն ատեն բոլորիս կը թելադրէր ձայնասփիւռի նորուգութիւն սորվելու արհեստին նետուիլ: Ան նաեւ կը համոզէր, որ պատարազմէն ետք <<ռատիօ>>ն մեծ դեր պիտի ունենար մարդոց կեանքէն ներս, քաղաքական լուրերու կամ այլ երկիրներու մշակոյթներու ծանօթանալու ծիրէն ներս: Այդ երկիրներու շարքին ալ նաեւ Հայաստանը, որ միայն ձայնասփիւռի ճամբով մեզի կը ներկայանար: Այսպէս, հիմնուելով այս կէտերուն վրայ, ան նաեւ կը հաւաստիացնէր, թէ շուտով մեծ քանակութեամբ ձայնասփիւռներ պիտի վաճառուէին, եւ որոնց խանգարումի պարագային, նորոգութիւններու բաժինը պիտի դառնար փնտռուած արհեստ մը: Ինք արդէն առանց ժամանակ կորսնցնելու սկսած էր Ֆրանսայէն նամակագրութեամբ դասընթացքներու հետեւելու:

Իրապէս որ լաւատես էր, ու այս մէկը նաեւ ինծի ալ վարակած էր: Երկրորդ տարուան ուսումնական տարեվերջին, հօրս ըսի, որ կ՛ուզեմ <<ռատիօ>>ի գործին սկսիլ: Հազիւ դպրոցս վերջացած՝ հայրս զիս տարաւ քաղաքի լաւ թաղամասերէն մէկուն մէջ, շատ ծանօթ AGA նշանաւոր <<ռա-տիօ>>ներ նորոգող վարպետի մը խանութը, <<Սանտուիչ Սերոբ>>ի ճիշդ մօտի խանութը, իբրեւ <<աշկերտ>>: Խանութը մեծ էր եւ լեցուն մեծ ու փոքր այդ օրերու յայտնի ձայնասփիւռներով եւ անոնց կազմածներով: Խանութի ետեւի բաժինը, որ պատով մը բաժնուած էր, կը ծառայէր իբրեւ աշխատանոց եւ <<հիւրանոց>>, իսկ անոր մէկ այլ բաժինը, որ վարագոյրով մը անջատուած էր՝ սուրճ եփելու տեղն էր: Հոս էր, որ հիւրերը սուրճով կը հիւրասիրուէին:

Առաջին օրն իսկ սկսայ գործի: Խանութը աւլել, մաքրել, այցելուներու եւ վարպետի օգնական <<խալֆա>>ին հետեւիլ: Այս վերջինը, որ բոլորին ծանօթ էր <<ռատիօ>> նորոգողի իր մասնագիտութեամբ, սակաւախօս էր ու բարի: Մեզի հետ գործածած բառերը շատ սահմանափակ էին: Իրեն հետեւելով, կամաց-կամաց շատնալու սկսան գիտելիքներս, որոնց հետ միատեղ երազանքս եւ ապագայի հեռանակարներս ալ կը բազմանային: Օրինակ՝ իր նման յաջող վարպետ մը դառնալ եւ անձնական խանութի տէր ըլլալ եւ այլն: Սակայն այս բոլորը երկար չտեւեցին: Օր մըն ալ իր պատկառելի հանգամանքով խանութ մտաւ Զարեհ սրբազանը (այդ օրերու մեր առաջնորդ սրբազան հայրը), որ անմիջապէս առաջնորդուեցաւ <<հիւրերու>> այդ սենեակը: Զիս տեսնելով զարմացած հարցուց.

– Հրա՛յր, հոս ի՞նչ կ՛ընես:

Հազիւ լսելի ձայնով, պատասխանեցի.

– Հոս կ’աշխատիմ:

Մեծ վարպետս զարմացած՝ հարցուց.

– Սրբազա՛ն, Հրայրը ուրկէ՞ կը ճանչնաք:

– Հրայրը մեր լաւագոյն աշակերտներէն է, եւ զինք պաքալորիայի պիտի պատրաստենք, ըսաւ սրբազանը հաստատ եւ համոզիչ:

Աւելցնեմ, որ սրբազանը Ճեմարանին մէջ մեզի գրաբար կը դասաւանդէր: Անմիջաապէս ուզեցի մտածումներս նժարի մէջ դնել: Սրբազան հայրը ազգային մեծ դէմքն մըն էր եւ ազգային իշխանութեան գլուխը: Իսկ վարպետս, որուն յաճախորդները արաբ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ էին, ազգէն բոլորվին տեղեակ չէր: Միտքէս հազար մէկ կասկածներ կ՛անցնէին: Ինչո՞ւ սրբազանը մեր խանութը պիտի գար: Ուղղակի հանելուկ: Սրբազանը վարպետիս հանդիպելէ ու սուրճը խմելէ ետք մեկնեցաւ: Վարպետս անմիջապէս ինծի ըսաւ, որ ճաշի երթամ եւ չուշանամ: Ես չկրցայ այս հանդիպումին հանելուկը լուծել:

Անկեղծօրէն ըսեմ նաեւ, որ այդ օրերուն ֆրանսական պաքալորիայի մասին շատ լսած էի: Գրեթէ ամէն օր: Դպրոցէն ներս թէ դուրս: Բայց ո՛չ մէկ ձեւով իմ վրայ ազդեցութիւն ձգած էր: Ճիշդ էր: Երկու տարի անցած էր դպրոցի կեանքէն բայց պաքալորիայի մասին ոչ մէկ շօշափելի <<աշխատանք>>:

Անհասանելի հեռանկար մըն էր կարծես: Բայց այս անգամ հրաւէրը կու գար սրբազան հօր կողմէ, որ բաւական կշիռք ունէր: Վերջ ի վերջոյ Ճեմարանի հիմնադիրներէն մէկն էր, որ նման բան մը կը յայտարարէր ու կը թելադրէր: Լուրջ տագնապի մատնուեցայ: Միտքիս մէջ երկուութիւն մը ծագած էր: Թէեւ պաքալորիայի պատրաստութեան բաժինը տակաւին յստակ ոչինչ ունէր, սակայն <<ռատիօ>>ի երազներս կարծես ցնդած էին:

Վերամուտը կը մօտենար ու ես պէտք էր որոշում մը կայացնէի. դպրոց թէ խանութ: Այդ երիտասարդ տարիքիս հոգեկան ծանր վիճակ մըն էր, զոր կ՛ապրէի: Որեւէ մէկուն հետ չէի ուզեր այս մասին խօսիլ, խորհուրդ առնել կամ տալ: Երկար մտածելէ ետք որոշեցի Ճեմարան վեդրադառնալ:

9րդ կարգ հասած էի: Զիս խրախուսողը այն եղաւ, որ Ճեմարանը այդ օրերուն արդէն բաւական լաւ վիճակի մէջ էր: Անուն, հանգամանք, գուրգուրանք եւ քաջալերանք: Եւ ահա 1949ի վերամուտը: Դպրոցին մէջ շատ նորութիւններ կային: Հալէպի ֆրանսական լիսէի համբաւաւոր ուսուցիչները մեզի իբրեւ այցելու դասատուներ նշանակուած էին: Հիմա այն, ինչը լիսէն ունէր, Ճեմարանն ալ ունէր:

Սրբազանին պաքալորիայի յատուկ պատրաստութեան արտայայտութիւնը ճիշդ էր եւ առողջ գետնի վրայ ծրագրուած: Ուստի, մեզի կը մնար լաւապէս աշխատիլ: Պէտք է շեշտել նաեւ, թէ այս բոլորը պրն. Ստեփան Ինճէեանի յանձնարարութեամբ էր, որ կատարուած էր: Պրն. Ինճէեան լաւ ֆրանսերէն գիտէր եւ իր այս առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակած էր հրաւիրելով քաղաքի լաւագոյն դասատուները: Ու այսպէս, 1953ին, Ճեմարանը տուաւ իր առաջին հունձքը: Սրբազան հօր <<պաքալորիայի պիտի պատրաստենք>> խօսքը իրականացած էր:

Իսկ այսօր, 70 տարիներ անցած են Ճեմարանի ծնունդէն: Իր բոլոր հիմնադիրներն ու գործօն դերեր ունեցող ազգայինները <<մեկնած>> են արդէն, սակայն բոլորն ալ իրենց հարազատ դրօշմը ձգած են: Անոնց երազին, հաւատքին, տեսիլքին եւ աշխատանքին ֆիզիքական յիշատակը այսօր հպարտօրէն կանգնած է Հալէպի մէջ, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան անունով, եւ տակաւին իր երթը կը շարունակէ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

 

ՀՐԱՅՐ ԱՒԵՏԵԱՆ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի 1953ի՝ առաջին հունձքի, շրջանաւարտներէն է

 


comments

Advertisement