Թագուհի՜… Թէ Դիցուհի

By Asbarez | Friday, 06 October 2017

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

 

kupelian

<<Մեծն Բրիտանիոյ երիտասարդ, սիրունատես գահակալը՝ նորին վսեմութիւն Եղիսաբէթ թագուհին, արեւմտեան Ափրիկէ պիտի այցելէր…>>։ Հոգեթով այդ լուրը, դղրդիւնով մը կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ մինչեւ երկրին խորերը՝ թունդ հանելով հացի ու բրինձի կարօտ կիսամերկ ու կիսանօթի բնիկներուն սիրտերը:

Անոր ժամանումը տօնական օր մըն էր, որուն նախադէպը բնիկն ու օտարահպատակ գործարարը չէին տեսած, եթէ չհաշուենք ու զանց առնենք Եթովպիոյ փոքրամարմին կայսր՝ Հայլէ Սելասիէի պարագան, զոր մեր նախագահը անկտուր կառքին մէջ, խամաճիկի վերածած էր զանգուածեղ, ահեղ իր ներկայութեամբ։

Հակառակ մեր ակնկալութեան, թագաւորական շքերթը երկրորդական թաղերէն կը յառաջանար, նաեւ մեր բնակած երկյարկանի տան առջեւէն, ուր կանգներ էր մինուճար անտէր երիտասարդս՝  մեքենայի հայ մասնագէտը:

Հազար ինն հարիւր վաթսուն մէկ թուականն էր եւ ես արդէն տակաւին երկու տարիէ ի վեր պանդխտութեան ցուպը շալկած էի՝ անոր լեղի դեղահատները ակամայ կուլ տալով: Իսկ տարիքս արդէն քսանհինգը թեւակոխած էր, եւ որքան գիտէի՝ այցելու գահակալէն տասը տարի մը աւելի ճահել էի:                                                        Երիտասարդ կամ ոչ, Աստուած ի՛մ, մեզի մօտեցող անկտուր շքակառքէն հրեշտակային, չնաշխարհիկ իր գեղեցկութեամբ ու ժպիտով ներկաներս գերողը թագուհի չէր միայն, այլ՝ աստուածային դիցուհի: Ես ալ, իմ կարգիս, տողանցին ներկայ տղամարդոց նման, զմայլեր մնացեր էի… Տիրող շփոթութեան մէջ, հազիւ քանի մը քայլ հեռաւորութենէն անցնող թագուհիին հետ մեր հայեացքները յանկարծ իրար գրկեցին ու, բնականաբար, շանթահար դարձուցին համեստս: Րոպէ մը շշմած, այլայլած մնացի ու պահուան թելադրանքին տակ, ակնարկս շուրջս պտըտցուցի, իմանալու համար թէ ո՛վ էր գեղադէմ, տաքարիւն այդ սրիկան, իգիթն  ու հուժկու բախտաւորը, որ թագուհիի մը սիրտը թունդ հաներ եւ անոր ուշադրութեան ու սիրակէզ նայուածքին արժանացեր:

Բնիկները շատ էին շուրջս… ու բոլոր այդ ժխորին եւ իրարանցումին մէջ, առանձին կանգնած  հայու բեկորս էր, որ Բրիտանական կայսրութեան տիրակալին կիզիչ, հմայիչ նայուածքին եւ ուշադրութեան կ՛արժանանար եւ այդ մէկը անարժանաբար, քանի որ այնպէս մը դաստիարակած էին մեզ թերագնահատել, ֆիզիքական ու մտային մեր արժանիքները։

1006queen

Գինովութեան, արբեցումի նման զգացում մը պատեց զիս, ու սրտատրոփ՝ չէի գիտեր առնելիք յաջորդ քայլս: Այդ գիշեր չկրցայ քունի մատչիլ սիրտիս արագ զարկերէն ու տրոփումէն: Աստուա՛ծ իմ, այս ինչ պատիժ ու տաժանք էր սա Եղիսաբէթ կոչեցեալ հրաշալի արարածը… Սակայն Եղիսաբէթ կոչեցեալ հրեշտակային արարածին գործադրած աւերն ու տաժանքը այդքանով պիտի չվերջանար…

Տարիները արագ սահեցան ու իրարու վրայ գումարուեցան, իսկ մենք ալ երկու եղբայր, կանուխէն գործատէր դարձանք: Կը թուի, թէ մեր մարդամօտ բնաւորութեամբ սիրուեցանք տեղացի գործարարներուն ու քաղաքական ընտրանիին կողմէ: Դէպի մեր աշխտանոցը եռուզեռը անպակաս էր եւ մեր հիմնարկը բանեցնող աշխատաւոր ձեռքերը հետզհետէ կը բազմանային:

Եւ պատահեցաւ, որ, մեր բախտէն, երկաթին գինը իյնար ու երկրին խորերը, Ենկեմա գտ-նուող  անգլիական հանքավայրը փակուէր: Հանքը շուկայ հանելով նոր ընկերութեան մը վաճառելու նորանկախ մեր պետութեան ջանքերը ի դերեւ ելան: Ու հանքատեղիին տնօրէնութիւնը յարմար գտաւ վաճառել ամիսներէ ի վեր անշարժ, իրենց բախտին լքուած անաշխատունակ ինքնաշարժները: Շնորհիւ քաղաքական մեր կապերուն, քսանի մօտ մեքենաներու աճուրդը մենք շահեցանք: Դիւրին գործ չէր հարիւրաւոր մղոններ, հինգ վեց վարպետով հանքավայր քշել ու փորձել վերաշխատցնել ու կարգի դնել ամիսներէ ի վեր կանգնած մեքենաները ու գիշերով վերադառնալ աշխատատեղի: Յարմար գտանք քանի մը օր հանքավայրը գիշերել ու առաւօտ կա-նուխ, նախաճաշէն ետք, խումբով ճամբայ իյնալ: Պէտք է ըսել, որ հանքին Քրիօ տնօրէնը ազնիւ մէկը դուրս եկաւ: Այդ երկրին մէջ ամէն ինչ իր գինը ունէր, նաեւ ազնուութիւնը…

Տեղացի մեր վարպետները դիւրութեամբ տեղաւորուեցան պանդոկանման կառոյցին մէջ եւ անոնց մատակարարուեցաւ երեկոյեան ընթրիքն ու առաւօտեան նախաճաշը: Իսկ հիւրերը սպասարկող <<ճուտիկը>> իր տարերքին մէջ էր, երբ հինգ վեց երիտասարդ ու կայտառ տղոց ուշադրութեան կիզակէտը ու առարկան կը դառնար: Ըստ պատասխանատու տնօրէնին՝ դժուարահաճը ես կը մնայի: Ու զիս մէկ կողմ քաշելով փաղաքշական եղանակով մը հարց տուաւ, թէ <<ինչ տեսակ սենեակ կը նախընտրէի գիշերելու համար>>:

– Հանգստաւէտ անկողինով, օդաւէտ մաքուր սենեակ մը…- ըսի ես:

Պահ մը տատամսելէ ետք.

– Լաւին լաւը կայ…- պատասխանեց Քրիօ տնօրէնը:

– Ինչ ըսել կ՛ուզէք…- հարց տուի զարմացած:

– Կրկնակի գինով կարող ես Անգլիոյ թագուհիին սենեակը գիշերել… Գիտե՞ս, որ մեր երկիրը իր այցելութեան, ամուսնոյն հետ մեր հանքավայրը այցելեցին ու գիշերուայ մը համար իրենց յատուկ այս սենեակը կահաւորեցինք: Եւ այդ օրէն մասունքի պէս կը պահենք զայն իր անթերի վիճակին մէջ

Հաւատալս չէր գար: Պահ մը այլայլած լռեցի… <<պապանցեցայ>> պիտի ըլլար ճշգրիտ բացատրութիւնը:

– Այ տղա՛յ, այսպիսի բախտ մարդուս կեանքին մէջ հազարէն մէկ կը պատահի, կամ ալ միլիոնէն մէկ: Պահ մը տարուեցայ կատակի տալ այդ բոլորը ու տնօրէն բարեկամս ձեռք առնելով <<Թագուհի՞ն ալ հետը մը…>> աւելցնելով: Վերջին րոպէին զգուշացայ ու ծանր պահեցի ինքզինք:

Դեռ այդ բոլորը կատակ ու սուտ կը թուէին ըլլալ:

– Լաւ համաձայն եմ… գումարը հարց չէ:

Հազիւ մեր վարպետներուն հետ ընթրիքը աւարտած՝ թագուհիիս սենեակը քաշուեցայ ու գիրք մը բանալով՝ փորձեցի քունի մատչիլ: Գրողի ծաղկուն երեւակայութեամբ անհատ եղիր ու փորձէ այդ հոգեվիճակով քունի մտնել: Ո՛ր կողմ ալ դառնայի, անգլիացի դիցուհիին կանանչ աչքերը եւ մեղրամոմէ շաղուած անոր մարմինին իգական զգլխիչ բուրմունքը թրթիռ ու գրգիռ կը փոխանցէր ու երեւակայութեանս մէջ պայթուցիկ տարերք կը ստեղծէր:

Չեմ գիտեր, եթէ զղջացի թագուհիին անկողինը, փոխանակ մեր տղոց նման պարզ սենեակ մը գիշերելուս համար:

Մարդ պէտք չէ եղեր գլուխէն վեր երազներ հետապնդէ…

 

comments

Advertisement