Բարե՛ւ, Մարդ Կա՞յ

By Asbarez | Friday, 06 October 2017

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

 

1006mariana

Մեր բարեւները Երկիր մոլորակէն կը յղենք ձեզի. մեր երկրագունդէն դէպի տիեզերք, դէպի եզերք չունեցող անծանօթ աշխարհ, ուր նշաններ կան կեանքի գոյութիւնը հաստատող…

Աղմուկ կը լսենք, ճառագայթներուն մէջ թաքնուած, լոյսի ելեւէջներուն միացած վերիվայրող ծովալիքներու նման աղմկող լիցքեր: Լոյսի մեղեդիացած ազդանշաններ…

Տիեզերքը ունի իր երգը, զոր կարելի չէ գաղտնի պահել. նոյնիսկ խուլ ականջներուն համար լսելի երգ կամ զգացողութիւն, թերեւս ալ՝ եօթներորդ կամ ութերորդ զգայարանքով հասկնալի, մեր նախնիներէն բնազդաբար մեզի փոխանցուած հեռազգայութիւն…

Մեր նմանը փնտռելու կու գանք ու մեր երկրագունդի արտացոլանքը կամ երկուորեակը գտնելու, որ կարենանք հանգիստ ոտք կոխել ու շունչ մը քաշել, բարեւել մեր նմանակիցին, մեզմէ քիչ մը տկարին կամ զօրաւորին, որ պատրաստ է յարգանքով օգնելու մեզի, ճշմարտութիւններ բացայայտելու, հոգ չէ՛ թէ տարբեր քաղաքակրթութիւններէ եղած ըլլանք…

Կը լսէ՞ք մեր ձայնը։

Ձա՛յն տուէք, դո՛ւք, ո՛վ ալ ըլլաք, է՛ք, կամ՝ կը ձգտիք ըլլալ:

Հիմա ամէն ժամանակէ աւելի յստակօրէն կը տեսնենք վազվզող անթիւ ու անհամար մոլորակներ։ Ինն բիւրապատկուած՝ միլիոններու վերածուած: Մեր արդիական սարքերով կը տեսնենք միլիոնաւոր նոր ծնած մոլորակներ։

Առանձի՞ն ենք…

Թերեւս ալ մէկը կը փորձէ գտնել մեզ, կամ, ինչո՛ւ չէ, գտնել իւրաքանչիւրս՝ առանձին-առանձին:

14 միլիառ տարեկան կապոյտ մեր մոլորակին վրայէն ձեզմէ ոեւէ մէկը չանցա՞ւ։ Ո՛չ ոք չտեսա՞ւ մեզ: Այլ մոլորակայիննե՛ր, ո՞ւր էք, ձա՛յն տուէք…

Գուցէ ցնորական են մեր այս մտածումները, մենք միակն ենք ու հպարտ ըլլալու ենք, որ յատուկ ենք եւ իւրայատուկ ձեւով ստեղծուած, բոլորէն տարբեր, բոլոր մոլորակներէն հեռու՝ մեր փոքրիկ անկիւնին մէջ, սիրով գոյացած՝ անհասկնալի բարի <<էութեան>> մը կողմէ, որ կը փորձէ իր նմանակները ունենալ: Մէկս միւսին բնա՛ւ նման չենք. իւրաքանչիւրս յատուկ ու անկրկնելի էակ է, ինչպէս իւրաքանչիւր մոլորակ իւրայատկօրէն գեղեցիկ եւ զանազանուող է միւսներէն, բայց նաեւ այնքա՛ն նման ենք իրարու, մենք՝ մարդիկս, ինչպէս մոլորակները՝ ի-րենց արտաքինով:

Թերեւս ալ մեր մոլորակին առանձնայատկութիւնը ըլլալու է՝ իր մէջ այս այնքա՛ն յատուկ արարածը՝ մարդը, կրելու պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը:

Թերեւս ալ այդ բարի <<էութիւն>>ը մեզմէ հիասթափած, մեզի նմանակից էակներ փորձած է զետեղել իր նոր գոյացուցած՝ այդ մէկը միւսէն աւելի՛ գեղեցիկ գունդերուն վրայ, արժէքաւոր գնդիկէ խաղալիքներ յիշեցնող այդ հրաշալիքներուն վրայ, որոնք անիմաստ կամ աննպատակ ըլլալէ շա՛տ հեռու կը թուին ըլլալ:

Այզըք Նիւթըն կը հաւատար հրաշքներուն եւ կը հաւատար, որ երկրագունդը ունի ստեղծիչ մը, որ հովանաւորն է անոր, եւ ամէն անգամ, երբ խանգարում կամ հարց յառաջանայ, ան անմիջապէս միջամուխ կ՛ըլլայ մեր այս մեծ ու հսկայ տան նորոգութեան ու կարգաւորման համար՝ փոխելով հաշուարկներն ու օրէնքները անոր. եւ ա՛յն ատեն՝ կը պատահի հրա՛շքը:

Կրկին ներքին անհանգիստ ու անինքնագոհ մեր ձայնը կը մտածէ եւ կ՛արտայայտուի… Ո՞վ կը դիտէ մեզ։

Բնական է, որ մեր մոլորակն ու տիեզերքը հետապնդողը եւ իր տեսադաշտին կեդրոնը պահողը ըլլայ հսկայ մը, ո՛չ ֆիզիքական հասկացողութեամբ, թերեւս՝ իմացական եւ հոգեկան ամբողջականութեամբ վիթխարի կարողութիւն մը, որ հնարաւորութիւնը ունի տիեզերական ահազդու հիասքանչ գոյակցութիւններ հմտութեամբ կառավարելու եւ անոնց փոփոխութիւնները տնօրինելու, անոնց մէջ իմաստ ու նպատակ դրած ըլլալով:

Հայելապատ երկինքէն, միլիառաւոր տարիներ սահած են ու պիտի սահին. հեռուներէն, մարդանման, մեզ հասկցող, մեզ նկատող որեւէ աչք չունեցա՞ւ արդեօք մոլորակը մեր իւրայատուկ:

Ու հիմա կրկին մեր նամակներով, մեր մոլորակային ձայներով ու մեղեդիով, մեր պատգամը կը յղենք ձեզի, ո՜վ բնակիչներ տիեզերքի, արդէն քանի երրորդ անգամ, կը լսէ՞ք մեզ…

Կը խնդրենք՝ պատասխան տուէք…

Ատեն-ատեն քերծուածքներէ խանգարուած խտասալիկի խշխշոցներու նման ձայներ կը լսուին, ապա…

Ձայն բարբառոյ յանապատի…

Մեր մոլորակի բնութեան ձայնը կը ղրկենք ձեզի, կայծակնային ամպրոպի բարկաճայթ որոտը, ծովերու ահագնացող ալիքներուն գոչիւնը, ծառերու տերեւներուն խշշոցը…

Կեանքի առաջին կայծը կայ մեր բառերուն, մեր ձայնի ելեւէջներուն մէջ, եւ մարդ արարածին՝ այս մոլորակի գլխաւոր դերակատարին եւ հերոսին, անոր թանկարժէք կերպարին ծիծաղը, այո՛, մեր ձայնի ամենամեծ առանձնայատկութիւնը՝ մեր ծիծաղը, որ այնքա՛ն թանկ է, եւ մեր սէր խոստովանող այդ երկու բառը, որ բառ ըլլալէ աւելի՝ զգացում է, ապրո՛ւմ եւ կեանքի իմաստ, արդեօք այդ մէկը հասկնա՞լի է ձեզի: Այսինքն՝ կեանքի իւրայատկութիւն եւ իմաստ տուող թրթիռը… Եթէ այդ մէկը հասկնաք, ապա մնացեալ բոլոր բաները այդքան ալ մեծ արժէք չեն ներկայացներ, ուրեմն՝ թերեւս կարենանք հասկցուիլ իրարու հետ: Ճշմարտութիւնը վէճերէ չ՛ախորժիր, անիկա միմիայն յարգանք ու սէր կը պահանջէ:

***

Մարդ չկա՞յ հոն…

Մեր իմաստուն բառն ու կշիռք ունեցող խօսքը կը ղրկենք՝ <<խաղաղութի՜ւն ձեզի>>, չե՛նք ստեր…

Լսող չկա՞յ. լսելու ականջ ունեցողը թող լսէ, թերեւս ալ լսած է եւ կը պատրաստուի պատասխանելու…

Որքա՜ն դժուար է, երբ կը լսեն, բայց չեն պատասխաներ: Անպատասխան կը ձգեն քեզի համար ամենակարեւոր հարցումը. կարծես կ՛արհամարհեն քեզ, թերեւս ալ կը զգուշանան պատասխանելէ կամ պատասխանատուութիւն վերցնելէ, կամ ալ՝ իրօք խանգարո՞ւմ գոյութիւն ունի հեռահաղորդակցական կապերուն միջեւ: Բոլոր պարագաներն ալ յուսահատութիւն եւ ցաւ կը յառաջացնեն, ինչպէս նաեւ յարատեւելու կորովը կը կասեցնեն։

Թերեւս դուք այնքան մեծ էք ու ամենակարող, որ արհամարհէք մեր ձայնը, տագնապն ու թրթիռը, եւ ի վերջոյ՝ մեր սէրն ու համագործակցութեան հրաւէրը: Մեր եւ ձեր միջեւ ո՛չ թէ անանց լեռներ կան, հապա անանց անջրպետներ ու տիեզերական անչափելի տարածութիւններ, բայց կը հաւատանք, որ եթէ սէր ունենանք՝ այս անկատարութիւնը վերջ պիտի գտնէ. եթէ սէր ունենաք՝ ձեզ պիտի տեսնենք դէմ առ դէմ ու պիտի ճանչնանք ձեզ, պիտի լսենք ձեր յստակ ձայնը, որ բարեկամութիւն ու գործակցութիւն կ՛առաջարկէ մեզի: Ձեր յստակ ու ջինջ ձայնը, որ ա՛լ ուրիշ բացատրութեան կարիքը չըլլայ:

Եթէ սէր չունենաք, նոյնիսկ եթէ հրեշտակներու լեզուով խօսիք մեզի հետ՝ տարբերութիւն մը չէք ունենար պղինձէ շեփորէն, որ կը հնչէ, կամ ծնծղաներէն, որոնք կը ղօղանջեն: Իսկ մեր գիտութիւնը ոչինչ պիտի արժէ, եթէ սէր չունենանք… Սէր ունեցողը մի՛շտ կը հաւատայ, մի՛շտ կը համբերէ եւ միշտ կը յուսայ:

Սէրը անվախճան է, իսկ գիտութիւնը օր մը վերջ պիտի գտնէ: Կը յուսամ, որ օր մը դէմ առ դէմ նստած՝ միասին հաց կը կտրենք ու անարգել կը շրջագայինք այս անհուն ու անծիր տիեզերքով մէկ…

Ո՜վ մեծութիւն կամ աներեւոյթ բազուկ, մեզ դիտող կամ մեր վրայ ծիծաղող, ամէ՛ն պարագայի, այս խտասալիկը իբրեւ բարեկամական ձայն, իբրեւ աղերսանք կը ղրկենք ձեզի՝ արդէն քանի երրորդ անգամ ըլլալով, փոխադարձ բարեկամութեան եւ հասկացողութեան իբրեւ նշան: Պատասխանեցէ՛ք, ինչպէս կը պատասխանուին մեր անկարելի կարծուած խնդրանքները ու կ՛իրականանան անոնք. ինչպէս մեր աղօթքներուն պատասխանները, որոնք կը հասնին մեզի զարմանալիօրէն, ու մենք հրաշք կ՛անուանենք այդ բոլորը, ինչպէս մեր անլուծելի հարցերուն հարթուիլը՝ երկվայրկեանի մը մէջ… Պատասխանեցէ՛ք, կը խնդրենք… արդեօք հրաշքը միայն յատուկ է մե՞ր մոլորակին:

Շատ հեռուներէն կը լսուի ձայն մը, որ կ՛ըսէ՝ այսպէս աւելի՛ երջանիկ էք դուք՝ մարդիկ, մի՛ փորձէք հասկնալ անհասկնալին, կամ զանոնք ձեր մտացածին ձեւերով ընկալել… Քանի որ եթէ հասկնաք ամէն բան, ապա այդ օրն իսկ պիտի սկսիք նմանելու այս բոլորը ստեղծողին եւ ապա զարմանալու ոչինչ ու ոչ մէկ առիթ պիտի ունենաք այլեւս…

 

ՀԱԼԷՊ

 



comments

Advertisement